Կաթողիկէ Եկեղեցին Ինտոնեզիայի, Փափուա Նովա Կինէայի, Թիմոր լեսթի եւ Սինկափուրի մէջ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Յառաջիկայ Երկուշաբթի` 2 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ պիտի տայ իր Քահանայապետութեան 45րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան, որ պիտի ըլլայ նաեւ ճամբորդութիւններէն ամէնէ երկարը, տրուած ըլլալով, որ պիտի տեւէ մինչեւ 13 սեպտեմբեր եւ պիտի ընդգրկէ երկու ցամաքամասերու մաս կազմող չորս երկիրներ` Ինտոնեզեան, Փափուա Նովա Կինէան, Թիմոր լեսթը եւ Սինկափուրը։
Երեք երկիրներու մէջ` Ինտոնեզեայ, Փափուա Նովա Կինէայի եւ Սինկափուր, կաթողիկէ հասարակութիւնը փոքրամասնութիւն է իսկ Թիմոր Լեսթի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը` 97,8 առ հարիւրը, կաթողիկէ։
Ինտոնեզեան ունի 275 միլիոն 774 հազար բնակիչ, որոնցմէ 8 միլիոն 297 հազարը կաթողիկէ են։ Այնտեղ կը գործեն 1456 ժողովրդապետութիւններ, 8525 հովուական ծառայութեան կեդրոններ եւ կան 39 Եկեղեցական Գաւառներ, որոնք կառավարուած են 50 եպիսկոպոսներու կողմէ։ Երկրին մէջ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 5903 կուսակրօն քահանաներ, ապա 1801 ոչ քահանայ կրօնաւորներ եւ 9658 կրօնաւորուհիներ, ինչպէս նաեւ 21.932 կրօնուսոյց։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կը պատկանին նաեւ 5684 կրթական կեդրոններ ու 720 բարեսիրական հաստատութիւններ։
Փափուա Նովա Կինէան ունի 8 միլիոն 241 հազար բնակիչ, որոնցմէ 2 միլիոն 522 հազարը կաթողիկէ են։ Կաթողիկէ Եկեղեցին կազմուած է 19 Եկեղեցական Գաւառներէ, 462 ժողովրդապետութիւններէ եւ 971 հովուական ծառայութեան կեդրոններէ։ Այնտեղ կը գործեն 27 եպիսկոպոսներ, 600 կուսակրօն քահանաներ 171 կրօնաւորներ եւ 808 կրօնաւորուհիներ, որոնց պէտք է աւելցնել 3 հազար 134 կրօնուսոյցներ։ Եկեղեցին կը մատակարարէ 3.559 կրթական կեդրոններ եւ 814 բարեսիրական հաստատութիւններ։
Գալով Թիմոր Լեսթին` մէկ միլիոն 499 հազար բնակչութեան գրեթէ 98 առ հարիւրը կը դաւանի կաթողիկէ հաւատքը։ Եկեղեցին ունի 3 Եկեղեցական Գաւառ, կառավարուած երեք եպիսկոպոսներու կողմէ, մինչ 66 ժողովրդապետութիւններուն եւ 665 հովուական ծառայութեան միւս կեդրոններուն մէջ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 347 կուսակրօն քահանաներ, 108 կրօնաւորներ եւ 1038 կրօնաւորուհիներ։ Կրօնուսոյցներու թիւը 1724 է մինչ Երկրին մէջ Եկեղեցւոյ մատակարարած կրթական կեդրոններուն թիւը 325 է եւ բարեսիրական հաստատութիւններուն թիւը 51:
Սինկափուրը` որ պիտի հանդիսանայ Սրբազան Պապին առաքելական ճամբորդութեան վերջին երկիրը` ունի 5 միլոն 637 հազար բնակիչ, որոնցմէ 176 հազարը կաթողիկէ են։ Այնտեղ կը գործեն 29 ժողովրդապետութիւններ, ուր իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 3 եպիսկոպոսներ, 156 քահանաներ, 33 կրօնաւորներ եւ 156 կրօնաւորուհիներ, ապա 1128 կրօնուսոյց։ Եկեղեցին ունի նաեւ 56 կրթական կեդրոն ու 33 բարեսիրական հաստատութիւններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ