Ֆրանչիսկոս Պապ կրօնաւորներուն. Մի մերժէք, բարեգործութիւնը հրամայական է եւ ոչ թէ վկայականները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 12 օգոստոսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդունի հետեւեալ չորս միաբանութիւններու ընդհանուր ժողովներուն մասնակիցները՝ «Սան Սիսթոյի Տոմենիքեան միսիոնարներ», «Յիսուսի Սուրբ Սիրտը ընկերակցութիւն», Սուրբ Կոյս Մարիամի ներկայացում տաճար» միաբանութիւններուն քոյրերը եւ «Վոքացիոնիսթի» միաբանութեան հայրերը։
Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառը կը կեդրոնացնէ երեք կարւոր նիւթերուն վրայ՝ զատորոշում, կազմաւորում եւ եղբայրսիրութիւն։
Զատորոշում
Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ թէ զատորոշումի գործողութիւնը թոյլ կու տայ մարդուն հետեւելու իր կոչումին «Տիրոջ, իր անձին եւ ուրիշներուն ունկնդրութեան յոգնեցուցիչ աշխատանքի միջոցաւ», պատրաստուած խորհրդածութեամբ, «համբերատար սպասումով» ինչպէս նաեւ «քաջութեամբ», որ կը հանգեցնէ Աստուծոյ կամքին ըմբռնման՝ առաջարկուած սիրտին եւ ոչ երբեք պարտադրուած։
Կազմաւորում
Ինչ կը վերաբերի կազմաւորումին, Ֆրանչիսկոս Պապ մայրապետներուն եւ հայրերուն կը վերահաստատէ, թէ դա «սրբութեան աճի ուղի է. որ կ՝ընդգրկէ ողջ գոյութիւնը» միահիւսուած անձնական եւ հասարակաց աղօթքով, Սուրբ Խորհուրդներուն կեանքով եւ երկրպագութեամբ», ընդգծելով նաեւ որ մեր ժամանակներուն հրատապ կարիքը կայ դաստիարակիչներուն, որ գիտեն սիրով ընկերներ, ուղեւորութեան ուղեկիցներ դառնալ իրենց վստահուած անձերուն։
Եղբայրսիրութիւն
Նորին Սրբութիւնը կը նշէ, թէ եղբայրսիրութիւնը տրուած է այն հայեացքով, որ իր իր աչքին առջեւ անընդհատ կը պահէ աղքատներուն դիմագիծը։ Ան կը հորդորէ կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները միշտ հսկելու, որպէսզի իրենց ընդհանուր ժողովներու մէջ միշտ կենդանի ըլլայ առատաձեռնութեան եւ անշահախնդիր սիրոյ սլացքը, «որուն շնորհիւ ձեր ներկայութիւնը սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ»։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՝աւարտէ մատնանշելով, որ կրօնաւոր մը, կամ կրօնաւորուհի մը իրենց կեանքի չափանիշը պէտք է միշտ ունենայ Սուրբ Մատթէոս աւետարանիչի վերջին դատաստանի մասին 25-րդ գլուխը,
քանի, որ Տէրը պիտի չհարցնէ, « Ինչ սորվեցար կամ ալ քանի վկայականներ ունիս։ Սրբազան Հայրը քաջալերէց երբեք չմերժել ոչ մէկը, երբեք չընտրել մէկ մը աշխարհի չափանիշերուն միջոցաւ հաշուի առնելով թէ անոնք որքան դրամ կամ կարեւոր բաներ ունին։ «Երբեք մի մերժէք, այլ ընդունեցէք եւ գրկեցէք ու սիրեցէք բոլորը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ