Փափուա Նովա Կինէա՝ հոն ուր որ միսիոնարները Աւետարանի մասին կը վկայեն մարտահրաւէրներու եւ զանազանութեան միջեւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ի տես յառաջիկայ 6էն-9 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին Փափուա Նովա Կինէա ճամբորդութեան, Վատիկանի Լրատուամիջոցները զրոյց ունեցաւ Փափուա Նովա Կինէայի մէջ Յիսուսի Սուրբ Սիրտ միսիոնարներու միաբանութեան տեսուչ, հայր Սիլվեսթեր Վարվաքայի հետ։ Զրոյցի ընթացքին միսիոնարը անդրադարձաւ Փափուա Նովա Կինէայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներուն մասին, որոնք անհամբեր կը սպասեն Պապին այցելութեան։
Հայր Սիլվեսթեր յայտնեց, որ Փափուա Նովա Կինէայի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցին կը խաղաղ շատ կարեւոր դեր՝ ըլլայ առողջապահական, ըլլայ կրթական ոլորտներէն ներս ու կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ՝ երկրին մէջ կառավարութեան կողմէ աջակցութեան պակասի պատճառաւ։
Հայր Սիլվեսթեր նշեց, Նորին Սրբութիւնը Փափուա Նովա Կինէայի մէջ պիտի գտնէ ամուր եւ բազմերանգ եկեղեցի մը։ Միսիոնարները երկրին մէջ այժմ կը ծառայեն եօթը թեմերուն մէջ կատարելով ժողովրդապետական աշխատանքներ, ուսուցում, հիւանդներուն խնամակալութիւն։
Հայր Սիլվեթեր նկատել տուաւ, ժողովրդապետութիւններու մեծ մասը ունին դպրոցներ քանի, որ դպրոցները հիմնական դեր ունին կաթողիկէ հաւատքի զարգացման համար։ Ան բացատրեց նաեւ, որ եկեղեցին կարեւոր աշխատանք կը կատարէ դժուար հասանելի գիւղական վայրերու մէջ, որովհետեւ այդ վայրերու մէջ պակասը կայ պետական ծառայութիւններուն ու ճանապարհներուն ցանցերու վատթարացման պատճառաւ միսիոնարները լեռնային ժողովրդապետութիւնները հասնելու համար ինքնաթիռներ կ՝օգտագործեն։
Ֆինանսաւորման եւ աջակցութեան բացակայութիւն
Հայր Սիլվեսթեր ցաւ յայտնեց այն իրողութեան համար, որ վերջին 20 տարիներուն, «առողջապահական ծառայութիւնները եւ կրթական համակարգը ձախողած են շատ բաներու մէջ, քանի որ կառավարութեան կողմէ շատ քիչ աջակցութիւն կայ եկեղեցւոյ կողմէ մատակարարուած հաստատութիւններու համար, յատկապէս առողջապահութեան եւ կրթական ոլորտներէն ներս ու երկրի մէջ միսիոնարները կը ծառայեն ոչ միայն կաթողիկէներուն այլեւ ամբողջ ժողովուրդին անխտիր։
Կեդրոնանալով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին կատարելիք այցելութեան վրայ Հայր Վորվաքայ նշեց որ Քահանայապետին ներկայութիւնը թեմերու, ժողովրդապետութիւններու եւ հասարակութիւններու մէջ ծառայող միսիոնարներուն՝ պատկանելիութեան, յոյսի եւ լաւատեսութեան զգացում պիտի տայ ու Փորթ Մորէսպի արքեպիսկոպոսարանի ժողովրդապետութիւնները Պապին այցելութեան կը պատրաստուին հոգեւոր կրթութիւններու եւ աղօթքներու միջոցաւ։
«Մենք իսկապէս հպարտ ու երջանիկ ենք» ըսաւ միսիոնարը յիշեցնելով նաեւ որ Փափուա Նովա Կինէայի մէջ վերջին քահանայապետը այցելած է 1995ին, երբ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը ժամանեց Փիեթրօ Թօ Ռոթի երանացման համար։ Այժմ, Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութեամբ, երիտասարդ սերունդները հնարաւորութիւնը պիտի ունենան անձամբ ապրելու Պապին հետ։ Այս մէկը մեզի ուժ պիտի տայ ինչպէս նաեւ վստահութիւն, որ մենք մոռցուած ենք», ըսաւ Փափուա Նովա Կինէայի մէջ Յիսուսի Սուրբ Սիրտ միսիոնարներու միաբանութեան տեսուչը աւելցնելով «Երջանիկ ենք, մեր բոլորիս միջեւ կայ հաղորդութեան իմաստ եւ կ՝աղօթենք որպէսզի Պապին գալուստը յոյս բերէ ինչպէս նաեւ որոշակի փոփոխութիւն մեր առաջնորդներու համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ