Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը աղօթելու խաղաղութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան աւարտին, կիրակի 18 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ խօսք ուղղեց որուն մէջ յիշեց Քոնկոյի հանրապետութեան Ուվիրա քաղաքին մէջ կայացած, 28 նոյեմբեր 1964ին նահատակուած Աստուծոյ չորս ծարաներ՝ հայր Լուիճի Քառարար, հար Ճովաննի Տիտոնէ, Հայր Վիթթորիօ Ֆաչին եւ հայր Ալպերթօ Ժուպերթի երանացման արարողութիւնը, հրաւիրելով ծափահարել նոր երանելիներուն ի պատիւ։
Երկխօսութեան եւ բանակցութեան մէջ յանձնառութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց աղօթելու խաղաղութեան համար աշխարհի այն տարածքներու մէջ ուր կը տիրէ հակամարտութիւնը.
«Շարունակենք աղօթել, որպէսզի խաղաղութիւնը ուղիներ բացուին Միջին Արեւելքի, Պաղեստինի, Իսրայէլի ինչպէս նաեւ մարտիրոսացած Ուքրանիոյ, Միանմարի եւ այն տարածքներու մէջ ուր պատերազմ կը տիրէ՝ երխօսութեան եւ բանակցութեան յանձնառութեամբ, զերծ մնալով բռնի գործողութիւններէն», ըսաւ Սրբազան հայրը, մաղթելով որ Քոնկոյին նահատակներուն օրինակը նպաստէ խաղաղութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ