Որոնել

Ուքրանիա, Ռուսիա պատերազմ Ուքրանիա, Ռուսիա պատերազմ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աշխարհը բաժնուած է աղօթենք եւ խաղաղութիւն բերենք։

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց յիշել այնքան շատ տառապող «Մարտիրոսած Ուքրանիան», Հարաւային Սուտանը եւ Հիւսիսային Քիւոնն ու «չմոռնանք Պաղեստինն ու Իսրայէլը, թող հոն խաղաղութիւն հաստատուի»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 21 օգոստոսին, Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով Սուրբ Պօղոս Զ դահլիճին մէջ գտնուող ուխտաւորները, կոչ ուղղեց խաղաղութեան համար ապա յորդորեց չմռոնալու Ուքրանիան եւ պատերազմի մէջ գտնուող բոլոր երկիրները։

Ֆրանչիսկոս Պապ անգամ մը եւս խնդրեց աղօթելու Կազայի մէջ զէնքերու դադրեցման համար ու մաղթեց որ ՀԱՄԱՍն ու Իսրայէլը համաձայնութեան հասնին՝ հրադադարի շուրջ։

Ողջունելով Պօղոս Զ դահլիճին մէջ ներկայ գտնուող լեհ հաւատացեալները Ֆրանչիսկոս Պապ խաղաղութեան համար կոչ ուղղեց, ընդգծելով թէ այսօր որքան կարեւոր են Սուրբ հոգիին պտուղները, ընկերային տարբեր ծաւալներէն ներս։

«Պատերազմներով եւ բաժանումներով յատկանշուած մեր աշխարհը, Սուրբ հոգիին պտուղներու կարիքիը ունի աւելի քան երբեւէ։ Սկսած ձեր աշխատանքի միջավայրէն՝ սէր, խաղաղութիւն եւ բարութիւն բերէք ձեր այսօրուան կեանքին մէջ ըսաւ» Սրբազան Հայրը։

Յիշելով ապա վերջին շաբաթներու, Եազնա Կորա ոտքով կատարած ուխտաւորները, Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց որ հաւատացեալներու աղօթքը Տիրամօր Բարեխօսութեամբ, «աշխարհին շնորհէ այնքան շատ ցանկալի խաղաղութիւն»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2024, 12:21