Որոնել

Իսրայէ, Պաղեստինի միջեւ պատերազմ Իսրայէ, Պաղեստինի միջեւ պատերազմ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Յաղթել հակամարտութիւնները խթանող գայթակղեցուցիչ անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Կաթողիկէ միջազգային օրէնսդիրներու ցանց» կազմակերպութեան անդամներուն։ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ կը կրկնէ որ պատերազմը ձախողութիւն է, կ՝ընդգծէ թէ ճգնաժամերէն կարելի չէ մինակ դուրս ելլել, «դուրս կու գանք ուրիշներուն հետ» ու պահանջը կայ բանակցութեան, միջնորդութեան։ Նորին Սրբութիւնը կը զգուշացնէ ապա լիրբ հաղորդակցութիւններէն նշելով որ անոնք «սարսափելի են» ու կը մաղթէ աւելի ամուր իրաւական հիմքեր, միջազգային մարդասիրական իրաւունքին աջակցելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 24 օգոստոսին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց «Կաթողիկէ միջազգային օրէնսդիրներ ցանց» կազմակերպութեան անդամները, անոնց տարեկան 15-րդ հանդիպումին առիթով։

Արտասանած պատգամին մէջ, անդրադառնալով վերոյիշեալ կազմակերպութեան այս տարուան հանդիպումին նիւթին «Աշխարհը պատերազմի մէջ. Մշտական ճգնաժամեր եւ հակամարտութիւններ. Դա ի՞ նչ կը նշանակէ մեզի համար» Սրբազան Հայրը յարեց «ներկայիս կտոր կտոր պատերազմը անկասելի եւ մշտական կը թուի։ Շարունակուող ճգնաժամը լրջօրէն կը սպառնայ միջազգային հանրութեան համբերատար ջանքերուն, յատկապէս բազմակողմ դիւանագիտութեան միջոցաւ՝ խրախուսելու միջոցառումները ծանր անարդարութիւնները եւ ընկերային, տնտեսական, բնապահպանական մարտահրաւէրներու դէմ պայքարին մէջ»։ Առ ի պատասխան այս հարցերուն Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով հանդիպումին նիւթին խօսքը կեդրոնացուց մի քանի կէտերու շուրջ.

Պատերազմէն հրաժարելու հրամայականը

Առաջին. Պատերազմէն հրաժարելու հրամայական\, որպէս հակամարտութիւնները լուծելու եւ արդարութիւնը հաստատելու միջոց։ Այս առնչութեամբ Քահանայապետը նշեց որ« Իւրաքանչիւր պատերազմ աշխարհը աւելի վատ կը ձգէ քան այն ինչ որ նախապէս գտած է։ Պատերազմը քաղաքականութեան եւ մարդկութեան ձախողութիւն է, ամօթալի յանձնում է, պարտութիւն չարի ուժերու դիմաց» (Fratelli tutti, 261) ու «մեր խիղճը չկրնար չյուզուիլ մահուան եւ կործանման տեսարաններուն դիմաց, որոնք ամէն օր կը տեսնենք մեր աչքերուն առջեւ։ Պէտք որ է լսենք աղքատներուն, այրիներուն, որբերուն ճիչը, որոնց մասին կը խօսի սուրբ Գիրքը, տեսնելու համար չարին անդունդը՝ որ կը գտնուի պատերազմի սիրտին մէջ եւ ամենէն հնարաւոր միջոցներով որոշելու խաղաղութիւնը ընտրել։

Համբերութեան եւ յարատեւութեան կարիքը

Երկրորդ՝. Համբերութեան եւ յարատեւութեան կարիքը՝ խաղաղութեան ճանապարհը հետապնդելու մէջ՝ բանակցութեան, միջնորդութեան եւ իրաւարարութեան միջոցաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ երբեմն հակամարտութիւնները կարող են անխուսափելի ըլլայ, սակայն անոնք կարել է արդիւնաւէտ օրէն լուծել միայն երկխօսութեան եւ զգայնութեան հոգիով՝ ուրիշներու ու անոնց պատճառներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ ընդհանուր բարիքի հետապնդման ընդհանուր յանձնառութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց ապահովուելով իր աղօթքը կազմակերպութեան անդամներուն մաղթելով անոնց ամէն յաջողութիւն ու նշելով որ «մեր աշխարհը յոգնած է պատերազմէն, պահանջը կայ վերանորոգելու յոյսի ոգին, որ յանգեցուց, երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով խաղաղութեան ծառայող համագործակցութեան կառոյցներուն հիմնադրման։

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց ներկաներէն դառնալու յոյսի վկաներ ընդգծելով, որ ինքան կարեւոր է տեսնել յոյսի եւ իտէալներուն տիպարներ, որոնք կը հակասեն յոռետեսութեան հաղորդութիւններուն, որոնց յաճախ ենթարկուած են։

Նորին Սրբութիւնը առաքելական օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք հանդիպումին մասնակիցներուն ու անոնց հարազատներուն խնդրեց ներկաներէն, որ զինք միշտ յիշեն իրենց աղօթքներու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2024, 11:16