Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արաբական տարածաշջրանի եպիսկոպոսները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արաբական տարածաշջրանի եպիսկոպոսները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ արաբական տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն. «Վառ պահեցէք յոյսը»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ու գրաւոր պատգամ փոխանցեց արաբական տարածաշրջանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն։ Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց եպիսկոպոսներուն անոնց մատուցած ծառայութիւններուն համար խնդրելով, որ յատուկէն միջոցներ բացայայտեն՝ ապահովուելու համար հանրային դպրոցներու մէջ քրիստոնէական համապատասխան կազմաւորում։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Մերձաւոր արեւելքի մէջ բռնկուած հակամարտութիւններուն գծով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 28 օգոստոսին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութենէն առաջ, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ու  իր սիրտի գրաւոր պատգամը փոխանցեց արաբական տարածաշրջանին Լատինաց եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասին տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն։

«Այս պահուն մերձաւոր արեւելքը շատ ուժեղ լարուածութեան պահեր կ՝ապրի, որոնք որոշ շրջաններէն ներս կը յանգեցնեն բաց պատերազմներու՝ փոխանակ հակամարտութիւններուն լուծում գտնելու ու կարծես թէ կը դառնայ երկարատեւ հակամարտութիւն՝ տարածումի վտանգով, ամբողջ տարածաշրջանը հրկիզելու աստիճան», գրեց Սրբազան Հայրը Արաբական տարածաշրջանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին անդամներուն ուղղած գրաւոր ողջոյնի խօսքին մէջ, դիտելով տալով որ հակամարտութիւններուն «Այս իրավիճակը պատճառեց հազարաւոր մեռեալներ, վիթխարի քանդումներ, հսկայական տառապանքներ, ատելութեան եւ վրդովմունքի զգացումներ, որոնք հողեր կը նախապատրաստեն նոր ողբերգութիւններուն համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ ապա իր մօտիկութիւնը յայտնեց արաբական տարածաշրջանի լատինաց եպիսկոպոսներուն ու անոնց ներկայացուցած եկեղեցիներուն, ապահովուելով իր աղօթքը որպէսզի, «Տէրը միշտ ուժ ներշնչէ վկայելու համար Իրեն հանդէպ ունեցած հաւատքը, նաեւ յարգելից եւ անկեղծ երկխօսութեան միջոցաւ բոլորին հետ։

«Թող, որ վառ պահէք յոյսը, եղէք բոլորին համար յոյս, ներկայութիւն մը, որ կը սնուցանէ խաղաղութեան, եղբայրութեան, յարգանքի բառեր։ Ներկայութիւն, որ ինքնիր մէջ կը հրահրէ ողջամտութիւն, հաշտութիւն՝ բարի կամքով յաղթահարելու համար ժամանակի ընթացքին բաժանումներ, կարծրացած պառակտումներն ու թշնամութիւնները, որոնք երթալով աւելի անբաժանելի կը դառնան» խնդրեց Սրբազան հայրը եպիսկոպոսներէն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց յոյսի բոցը ըլլալնուն համար, «հոն ուր կարծես կը մառի», մաղթելով ապա բարի աշխատանք անոնց հովուական ծառայութիւններուն միջոցառումներու համար ու խնդրելով եպիսկոպոսներէն, որ յատուկէն բացայայտեն արդիւնաւէտ միջոցներ՝ ապահովուելու համար հանրային դպրոցներուն աշակերտներու քրիստոնէական համապատասխան կազմաւորում, «այն շրջանակներու մէջ ուր քրիստոնէական ներկայութիւնը փոքրամասնութիւն է»։

Սրբազան Հայրը գրաւոր պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար, հայցելով Աստուածամօր հովանին եւ մխիթարութիւնը  ու շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու մէկը միւսին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2024, 09:50