Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Հակամարտութիւններով եւ անկարգութիւններով յատկանշուած այս ժամանակաշրջանին աղօթենք արդարութեան եւ խաղաղութեան համար

Ֆրանչիսկոս Պապին անունով Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ուղերձը, Քէպէքի մէջ կայացած Քոլոմպոյի ասպետներու հանդիպումին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ուղերձ մը յղեց, Քանատայի Քէպէք քաղաքին մէջ 6էն- 9 օգոստոսին կայացած «առաքելութեան մէջ» վերտառութեամբ Քոլոմպօ քաղաքի ասպետներուն ժողովի մասնակիցներուն։

Ուղերձին մէջ ծիրանաւորը Պապին բարձր գնահատանքը յայտնած է Ասպէստներուն՝ Միջին Արեւելքի, Ուքրանիոյ ժողովուրդներուն, հաւատքի պատճառաւ հալածուած անձերուն, կեանքի պաշտպանութեան, պսակի արժանապատուութեան, զարգացող երկիրներուն մէջ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը յառաջ տանելու ներդրման թափած ջանքերու համար։

«Այս ժամանակներուն, որոնք բնորոշուած են պատերազմներով, ընկերային խռովութիւններով» Ֆրանչիսկոս Պապ անգամ մը եւս կը կրկնէ բոլոր քրիստոնեաներուն ուղղած անխոնջ կոչը՝ աղօթելու արդարութեան, խաղաղութեան եւ մեր մարդկային ընտանիքին հաշտութեան համար, գրած է կարդինալ Փարոլին Քոլոպոյի ասպետներուն աւագ ասպետ Փաթրիք Է Քելլիի ուղղած ուղերձին մէջ։

Աջակցութիւն պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն, կեանքին պաշտպանութեան եւ ամուսնութեան

«Ողջ աշխարհի մէջ իր տեղական խորհուրդներուն բարեգործական գործունէութեան մէջ մէկտեղ ձեր Կարգը կը շարունակէ բացառիկ աջակցութիւն եւ քաջալերանք ցուցաբերել այն բոլոր ջանքերուն, ուղղուած Աստուծոյ պարգեւին կեանքի պաշտպանութեան՝ իր զարգացման իւրաքանչիւր փուլին մէջ, ինչպէս նաեւ պսակի արժանապատուութեան պաշտպանութեան, գրած է Վատիկանի Պետական քարտուղարը Պապին անունով յղած պատգամին մէջ։

Ընտանիքի կեդրոնականութիւնը

Կեդրոնանալով ապա ժողովի նիւթին վրայ «Առաքելութեան մէջ» կարդինալ Փարոլին մէջբերած է Ֆրանչիսկոս Պապին «Evangelii Gaudium» առաքելական շրջաբերականէն հատուած մը . «Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ միսիոնար է այնքանով որքանով հանդիպած է Աստուծոյ սիրոյն, Յիսուս Քրիստոսի մէջ ընդգծելով, որ «Այս սիրոյ մասին վկայելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս աղքատներու ծառայութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ կառուցման նախանձախնդրութեան մէջ, եղբայրութեան եւ Աւետարանի փրկարար ճշմարտութեան հաւատարմութեան մէջ, Քոլոմպոյի ասպետներուն հիմնադրութեան հիմքն է»։

Միացեալ Նահանգներու մէջ Սուրբ Հաղորդութեան ուխտագնացութիւնը

Ուղերձին մէջ յիշուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ Սուրբ Հաղորդութեան ուխտագնացութիւնը՝ նախաձեռնուած Աստպետներուն կարգէն, «Դա տպաւորիչ վկայութիւն տուաւ, ոչ միայն եկեղեցւոյ հաւատքի մասին՝ Քրիստոսի խաչի վրայ զոհաբերութեան փրկարար զօրութեան նկատմամբ, նաեւ եկեղեցւոյ մշտական ընկերակցութեան մասին, պատմութեան ընթացքին իր ուխագնացութեան պատմութեան մէջ» գրած է Ծիրանաւորը, Ան ապա պատգամը աւարտած է փոխանցելով ասպտէտներուն ու անոնց հարազատներուն Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքը աղօթելու «Քրիստոսի խաղաղութեան յաղթանակին համար, բոլոր մարդոց սիրտերուն մէջ ինչպէս նաեւ սիրոյ քաղաքակրթութեան կառուցման համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2024, 10:48