Որոնել

TOPSHOT-ITALY-VATICAN-RELIGION-POPE-PEACE

2025ի Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ նիւթը` «Ներէ մեզի մեր պարտքերը, տուր մեզի քու խաղաղութիւնդ»

Յառաջիկայ մէկ Յունուար 2025ին յիշատակուող Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուան առիթով Սրբազան Պապը որպէս իր պատգամի նիւթ ընտրած է այս խօսքերը. «Ներէ մեզի մեր պարտքերը, տուր մեզի քու խաղաղութիւնդ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ներէ մեզի մեր պարտքերը, տուր մեզի քու խաղաղութիւնդ» այս է նիւթը զոր Ֆրանչիսկոս Պապը ընտրեց 2025ի Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ առիթով հրատարակելիք պատգամին։

Խաղաղութեան համաշխարհային Օրը ամէն տարի կը յիշատակուի մէկ Յունուարին ու հաստատուած է 8 դեկտեմբեր 1967ին Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով եւ առաջին անգամ տօնախմբուած մէկ Յունուար 1968ին։ Անոր նպատակն է տարուան առաջին օրը յատկացնել խաղաղութեան համար աղօթքի ու խորհրդածութեան։

Այդ Օրուան առիթով աւանդութիւն է, որ Քահանայապետերը հրապարակեն իրենց յատուկ մէկ պատգամը զոր կ՛ուղարկուի նաեւ Պետութիւններու Ղեկավարներուն ու բարի կամքի տէր մարդոց, խորհրդածելու համար խաղաղութեան նիւթի մասին եւ ահա այս ուղղութեամբ է որ այսօր` 8 օգոստոսին Մարդկային համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան ի սպաս Վերատեսչութիւնը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը տարածելով պատգամին նիւթը։

«58րդ Խաղաղութեան Համաշխարհային օրը պիտի յիշատակուի մէկ Յունուար 2025ին, Յոբելենական Սուրբ տարուան առաջին օրը եւ նիւթը համահունչ է յոբելենական տարուայ աստուածաշնչական և եկեղեցական իմաստին և ներշնչուած է յատկապէս Ֆրանչիսկոս Պապի Laudato Sí-ի և Fratelli tutti-ի առաքելական շրջաբերականներէն, ուր շեշտուած են մասնաւորապէս Յոյս և Ներում հասկացութիւնները, որոնք Յոբելեանի սիրտն են. Կոչ մը ապաշխարութեան, որ մղուած է չի դատապարտելու այլ հաշտեցնելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու» կը կարդանք ի միջի այլոց Մարդկային համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան ի սպաս Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

«Մեկնելով այսօր մարդկութիւնը յուզող պատուհասած հակամարտութիւններու և ընկերային մեղքերու իրականութեան դիտարկումէն, նայելով յոբելենական աւանդոյթը բնորոշող յոյսին, մեղքերու թողութեան/պարտքերու ջնջումին ու Եկեղեցւոյ հայրերու խորհրդածութեան, կարող են ի յայտ գալ շօշափելի կողմնորոշումներ, որոնք կը հանգեցնեն շատ անհրաժեշտ փոփոխութեան` հոգևոր, բարոյական, սոցիալական, տնտեսական, բնապահպանական և մշակութային ոլորտներուն մէջ», նշուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա հաստատուած է թէ «միայն անձնական, հասարակական եւ միջազգային իսկական դարձը, կարող է ծաղկեցնել իսկական խաղաղութիւն, որ չի բացայայտուիր միայն հակամարտութիւններու աւարտին մէջ, այլ նոր իրականութեան մը մէջ, ուր վէրքերը դարմանուած են եւ իւրաքանչիւր անձին ճանչցուած է անոր սեփական արժանապատուութիւնը»։

Յայտնենք, որ 1968էն մինչեւ օրս հրատարակուեցան Քահանայապետական 57 պատգամներ, որոնցմէ 11 կը կրէ Պօղոս Զ Քահանայապետի ստորագրութիւնը, 27-ն Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ստորագրութիւնը եւ 8-ն Պենետիկտոս ԺԶ ստորագրութիւնը։ Իր ընտրութենէն մինչեւ այսօր Ֆրանչիսկոս Պապը հրատարակեց 11 պատգամներ եւ 2025ի Յունուար մէկին հրապարակածը` պիտի ըլլայ Քահանայապետութեան 12րդ Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2024, 12:00