Որոնել

2023.05.22 Logo Congresso Eucaristico Internazionale Quito

Քահանայապետին պատգամը Քիթոյի Սուրբ Հաղորդութեան 53րդ Միջազգային գիտաժողովին առիթով

«Եկեղեցւոյ առաջին Հայրերը մեզի կ՛ըսէին, որ հացի նշանը Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ կը վառէ եղբայրութեան իղձը եւ այնպէս ինչպէս կարելի չէ հացը խմորել միայն մէկ հատիկով այնպէս ալ մենք պէտք է քալենք միասին, որովհետեւ թէեւ շատ ենք կը կազմենք մէկ մարմին, մէկ հաց, եւ այդպէս է որ կարող ենք աճիլ որպէս եղբայրներ, որպէս Եկեղեցի, միացած մկրտութեան ջուրով եւ բիւրեղացած Սուրբ Հոգիի կրակով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սեպտեմբերի 8էն 15ը Էքուատորի Քիթօ քաղաքին մէջ կը կայանայ Սուրբ Հաղորդութեան 53րդ Միջազգային գիտաժողովը՝ որպէս բնաբան ունենալով «Fraternidad para sanar el mundo - Եղբայրութիւն՝ բուժելու համար աշխարհը », որ ոգեշնչուած է Մատթէոսի Աւետարանի «Դուք բոլորդ ալ եղբայրներ էք» (23:8) խօսքէն եւ կը յիշեցնէ Եկեղեցւոյ ներկայիս սիւնհոդոսական փորձառութիւնը, կոչուած դառնալու ընդհանուր պատկանելութեամբ եղբայրական ընդգրկուն եւ հիւրընկալ վայր:

Վերոնշեալ գիտաժողովին բացման առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղեց լսատեսողական պատգամ մը, որուն սկիզբը շեշտը դրաւ «Եղբայրութիւն՝ բուժելու համար աշխարհը» կարգախօսին վրայ, որ ըսաւ Ան, «հիմնական պայման է նորոգուած աւելի արդար ու աւելի մարդկային աշխարհի մը համար»։

«Եկեղեցւոյ առաջին Հայրերը մեզի կ՛ըսէին, որ հացի նշանը Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ կը վառէ եղբայրութեան իղձը եւ այնպէս ինչպէս կարելի չէ հացը խմորել միայն մէկ հատիկով այնպէս ալ մենք պէտք է քալենք միասին, որովհետեւ թէեւ շատ ենք մենք կը կազմենք մէկ մարմին, մէկ հաց, եւ այդպէս է, որ կարող ենք աճիլ որպէս եղբայրներ, որպէս Եկեղեցի, միացած մկրտութեան ջուրով եւ բիւրեղացած Սուրբ Հոգիի կրակով» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով նաեւ, թէ «Հաղորդութեան եղբայրութիւնը պէտք է ըլլայ նախաձեռնող» եւ այս ուղղութեամբ, որպէս տիպար ներկայացուց Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարին մէջ սպաննուած գերմանացի Անճելա Աթուշ կրօնաւորուհին, որ այդ խաւար օրերուն, իր ձերբակալութենէն առաջ, հրաւիրած էր բոլոր իր հարազատներն ու ծանօթները, չարին դէմ ըմբոստանալու մօտենալով Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդին, «որուն միջոցաւ մենք կը դառնանք մէկ ու միակ մարմնի մաս մը» ըսաւ Քահանայապետը։

«Մենք մէկ ենք աշխարհի մը մէջ, որ կարող չենք հասկնալ լիօրէն սակայն այն ինչ որ կը հասկնանք այն է թէ միայն միութեան մէջ է, որ մենք կարող ենք ծառայել աշխարհին ու զայն բուժել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամի աւարտին իր օրհնութիւնները շնորհելով Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովին բոլոր մասնակցողներուն ու անոնց վրայ հայցելով «El Quinche» Տիրամօր հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2024, 17:11