«Իսթիքլալի» Միասնական հռչակագիրը. Խթանել կրօնական ներդաշնակութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ինտոնեզիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան շրջագիծէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ, հինգշաբթի` 5 սեպտեմբերի տեղական ժամով ինին, Հռոմի ժամով առաւօտեան չորսին, այցելեց Ճաքարթայի Իսթիքլալ մզկիթը, ուր մասնակցեցաւ միջկրօնական մէկ հանդիպումին, որուն ծիրէն ներս ստորագրուեցաւ նաեւ Խթանել կրօնական ներդաշնակութիւնը ի նպաստ մարդկութեան բարիքին խորագիրով «Իսթիքլալ 2024` Միասնական հռչակագիրը»։
Հռչակագիրին մէջ ի յայտ կը դրուին վերջին տասնամեակներուն աշխարհին առջեւ կայացած երկու մեծ մարտահրաւէրները` ապամարդկայնացումը և կլիմայի փոփոխութիւնը եւ ասոնց ի պատասխան կ՛ընդգծուի, թէ պէտք է «խթանել կրօններու աւանդութիւններուն բաժնեկցուած արժէքները, յաղթահարելու համար բռնութեան եւ անտարբերութեան մշակոյթը» ապա այդ արժէքները պէտք է, որ «կողմնորոշուին յարգանքի, արժանապատուութեան, կարեկցանքի, հաշտեցման և եղբայրական համերաշխութեան մշակոյթի խթանումի ուղղութեամբ՝ յաղթահարելու համար ըլլայ ապամարդկայնացումը, ըլլայ շրջակայ միջավայրի ոչնչացումը»:
Կը հաստատուի ապա համագործակցութեան կարեւորութիւնը հարցերու լուծումներ որոնելու համար, ինչպէս նաեւ «միջկրօնական երկխօսութեան» անհրաժեշտութիւնը, որպէս «արդիւնաւէտ գործիք մը, լուծելու համար հակամարտութիւնները» յատկապէս անոնք, որոնք յառաջ կու գան կրօններու չարաշահումէն։
Ի վերջոյ կը պահանջուի նաեւ մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը ու առողջ մթնոլորտ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, իսկական կերպով ծառայելու համար Աստուծոյ եւ պահպանելու արարչագործութիւնը։
Հռչակագիրին մէջ հրաւէր կ՛ուղղուի բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց` որպէսզի գործեն ի նպաստ բնապահպանութեան ու պաշտպանեն անցեալի սերունդներէն իրենց ժառանգած կենսամիջոցները, որպէսզի զանոնք յանձնեն ապագայ սերունդներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ