Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Անսանք ժողովուրդներու խաղաղութեան տենչին. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը յիշեց Հոնտուրասի մէջ սպաննուած առաքեալ Խուան Անոթոնիօ Լոփեսը, խօսեցաւ բանտարկեալներու արժանապատիւ պայմաններ ապահովելու անհրաժեշտութեան մասին ապա աղօթք խնդրեց վասն խաղաղութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 22 սեպտեմբեր 2024ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը աւանդական Մարեմեան Աղօթքէն ետքը խօսքը ուղղելով ս. Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն նախ յիշեց Հոնտուրասը եւ ցաւով յիշեց նաեւ այդ երկրին մէջ սպաննուած Խուան Անոթոնիօ Լոփեսը, Աստուծոյ Խօսքին պատգամաւոր եւ Թրույիլլոյի Թեմին ընկերային հովուական ծառայութեան համակարգող ու Հոնտուրասի մէջ Համապարփակ Բնապահպանութեան հովուական ծառայութեան հիմնադիրը։

Հոնտուրասի  Եկեղեցւոյ մօտիկութիւն

«Կը միանամ այդ Եկեղեցւոյ սուգին եւ որեւէ բռնութեան դատապարտումին» ըսաւ Քահանայապետը մօտիկութիւն արտայայտելով անոնց` որոնց «ոտնակոխուած են հիմնական իրաւունքները եւ յանձնառու են ի սպաս հասարակաց բարիքին, ի պատասխան աղքատներու եւ երկրի աղաղակին»։

Բանտարկեալներուն ի սպաս կոչ

Սրբազան Պապը ողջունեց հուսկ հրապարակի վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը, որոնց շարքին բանտարկեալներու ի նպաստ քայլարշաւին մասնակիցները հրաւիրելով աշխատիլ` որպէսզի բանտարկեալներուն երաշխաւորուին արժանապատիւ պայմաններ։ «Ամէն ոք կարող է սխալիլ. Բանտարկութիւնը կը ծառայէ, ատկէ ետքը ձգտելու աւելի ազնիւ կեանքի» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ հրաւիրեց շարունակել աղօթել վասն խաղաղութեան։

Խաղաղութեան համար աղօթքի խնդրանք

«Ցաւօք սրտի, պատերազմի ճակատներուն վրայ լարուածութիւնը շատ բարձր է։ Թող լսելի ըլլայ ժողովուրդներուն ձայնը, որ խաղաղութիւն կը խնդրեն։ Չմոռնանք տանջուած Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը, Միանմարը, ու շատ երկրներ, որոնք պատերազմի մէջ են» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւիրելով աղօթել խաղաղութեան համար։

Ան ապա խօսքը աւարտեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ աղօթք խնդրեց իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2024, 12:34