Որեւէ պայմանագիր, ստորագրութիւն, օրէնք, մեռած գիր է, եթէ չկիրառուի․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 19 Սեպտեմբեր 2024ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ 22 Օգոստոս 2024ին ստորագրուած գրաւոր պատգամը՝ այսօր Թեներիֆէի մէջ կայացած «Անցումային արդարադատութեան անցեալը, ներկան եւ ապագան» խորագիրով գիրքի շնորհանդէսին առիթով։
Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը կ’արտայայտէ միջոցառումի կազմակերպիչներ՝ Իպերա-ամերիկեան Երկիրներու Արդարադատութեան նախարարներու համաժողովի Ընդհանուր Քարտուղար Էնրիքէ Ժիլ Պոթերոյին եւ Սպանիոյ Գլխաւոր խորհուրդի Նախագահ Խօսէ Անխէլ Մարթինես Սանչեսին, գիրքի շնորհանդէսին մասնակցելու հրաւէրին համար։
Բուն նիւթին անցնելով, Ֆրանչիսկոս նախ յղում կը կատարէ համասպանական իրաւաբանական բառարանին մէջ տեղ գտած «անցումային արդարադատութիւն» արտայայտութեան բացատրութեան՝ «դատական եւ քաղաքական միջոցառումներու շարք մը, որոնք կ’ընդունուին հակամարտութիւններով կամ բռնաճնշումներով նշանաւորուած իրավիճակներէն ետք, որոնց ընթացքին տեղի ունեցած են մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներ (․․․)։»
Ներկան եւ ապագան պէտք է կառուցել անցեալէն դասեր քաղելով
Սրբազան Քահանայապետը հիմնուելով անցեալի մէջ տեղի ունեցած օրինակի մը վրայ՝ ի մասնաւորի Քոլոմպոսի՝ Ամերիկա կատարած առաջին նաւարկութիւններու ժամանակ հնդկացիներուն որպէս ստրուկներ վաճառքին, կը նշէ, որ այդ իրավիճակը ամբողջովին կը համապատասխանէ իրաւաբանական բառարանի վերոնշեալ նկարագրութեան։
Այսինքն՝ բռնաճնշումներու եւ մարդու իրաւունքներու զանգուածային ոտնահարում, եւ Իզապէլ Թագուհիի կողմէ անմիջապէս ընդունուած միջոցառումներու շարք, որ հետագային հիմք դարձած են մարդու իրաւունքներու ներկայիս հռչակագիրերուն համար, կը յարէ Ան եւ կարեւոր կը դիտէ ներկայի եւ ապագայի կառուցումը՝ անցեալէն դասեր քաղելով։
Դաս առաջին՝ չբաւարարուիլ միայն բողոքելով, որոնք արդար, սակայն՝ անօգուտ են
Առաջին դասն է գիտակցիլ, որ «պատմութիւնը չի նահանջեր» եւ պէտք չէ պատրանքներ ստեղծել, որ ամէն բան նախկինի պէս պէտք է մնայ։ Ուստի չբաւարարուիլ միայն բողոքելով, որոնք «արդար, սակայն՝ անօգուտ են» կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Պապը, այլ պէտք է «լիակատար կերպով դիմակայել մարտահրաւէրները, քանի որ միասնութիւնը վեր է հակամարտութենէ (հմմտ․ Առաքելական յորդոր Evangelii Gaudium, 227):
Դաս երկրորդ՝ արձագանքել անմիջապէս՝ օրէնքի ուժով եւ խղճի թելադրանքով
Արձագանքել անմիջապէս՝ օրէնքի ուժով եւ խղճի թելադրանքով։ Այս եղաւ Պապի երկրորդ դասը: Իզապէլ Թագուհին մէկ կողմէ կը կիրառէ օրէնքի ուժը, միւս կողմէ, Անոր կատարած բարեփոխումները՝ ստրկութիւնը արգիլելու եւ տուժածներու հիմնարար իրաւունքները պաշտպանելու համար, կ’ընդգծեն Աստուծոյ առջեւ իր արարքներու համար հաշիւ տալու Անոր բարոյական խիղճը։
Դաս Երրորդ՝ օրէնքի դրոյթները կիրառել արդիւնաւէտ եւ առարկայական կերպով
«Երրորդ դասը, թերեւս, ամենադժուարն է, բայց զուրկ չէ յոյսէն», կը գրէ Պապը՝ նշելով, որ այդ մէկը կը կայանայ դրոյթներու արդիւնաւէտ եւ առարկայական կիրառման մէջ։
«Թէեւ Իզապէլ թուղթի վրայ հսկայական քայլ կատարեց երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու մէջ», Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ժողովուրդներուն միջեւ «լարուածութիւնը միշտ գոյութիւն ունեցած է» եւ այս մէկը մեզի կը սորվեցնէ, որ «որեւէ պայմանագիր, ստորագրութիւն, օրէնք, մեռած գիր կը դառնայ, եթէ՝ (…) ըլլայ այդ գիրերը, ըլլայ անոնց ոգին հասկնալի չդարձուին բոլոր անոնց որոնց ուղղուած են», կը բացատրէ Քահանայապետը։
Ան ի վերջոյ կը յորդորէ կիրառել արդարութիւն, բանալ փոխըմբռնման եւ եղբայրութեան ճանապարհներ, ստեղծել նոր եւ ընդելուզող տարածքներ եւ իր պատգամը կ’աւարտէ օրհնելով բոլոր մասնակիցները եւ խնդրելով ինչպէս միշտ չմոռնալ աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ