Որոնել

Չնայած շատ բարիքներու առկայութեան՝ աղքատները լքուած են եւ կը տառապին սովէն․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը Տիլիի Թասի Թոլու մարզադաշտին մէջ նախագահեց Սուրբ Աստուածածնայ նուիրուած Պատարագը «Եկէք չվախնանք Աստուծոյ եւ մէկս միւսի առջեւ փոքրանալէն, մեր կեանքը կորսնցնելէն, մեր ժամանակը նուիրաբերելէն, մեր ծրագիրները վերանայելէն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երեքշաբթի՝ 10 Սեպտեմբերին, Թիմոր-Լեսթե Առաքելական Ճամբորդութեան ծիրէն ներս, տեղական ժամանակով ժամը 15,50ին (Հռոմի ժամով 08,50ին) ժամանեց մայրաքաղաք Տիլիի արեւմտեան հատուած՝ Թասի Թոլու դաշտավայր։

Երկրին յատուկ բարիգալստեան պարի ուղեկցութեամբ Պապը բարձրացաւ բեմ, ուր ողջունելով շուրջ 750.000 հաւատացեալները, նախագահեց Սուրբ Աստուածածնայ նուիրուած Պատարագը եւ անոր ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Եսայի Մարգարէի «Մեզ համար մանուկ մը ծնաւ, մեզ որդի մը տրուեցաւ» (9,5) արտայայտութեան վրայ։

Բարեկեցութիւնը կը կուրացնէ հզօրներուն

«Եսայի Մարգարէն այս խօսքերով կը դիմէ Երուսաղեմի բնակիչներուն՝ քաղաքի համար բարեկեցիկ պահու մը, որ կը բնութագրուի, ցաւօք, նաեւ բարոյական մեծ անկմամբ», հաստատեց Քահանայապետը եւ նկատել տուաւ, որ «բարեկեցութիւնը կը կուրացնէ հզօրները, պատրանք կը ստեղծէ, որ ինքնաբաւ են, որ Տիրոջ կարիքը չունին, եւ այդ ենթադրութիւնը զանոնք կը դարձնէ եսասէր եւ անարդար: Ուստի, «չնայած շատ բարիքներու առկայութեան, աղքատները լքուած են եւ կը տառապին սովէն»։

«Առաջին հայեացքէն կատարեալ աշխարհի խաբուսիկ տեսքը, կը թաքցնէ շատ աւելի մութ, շատ աւելի դժուար եւ դաժան իրականութիւն, որուն մէջ դարձի, ողորմութեան եւ բժշկութեան մեծ կարիք կայ», շարունակեց Ֆրանչիսկոսը։

Նոր հորիզոն, ուր խաւարը կը ցրուի որդիի ծնունդով

Այդ է պատճառը, որ Մարգարէն իր համաքաղաքացիներուն կ’աւետէ նոր հորիզոն, որ Աստուած կը բանայ անոնց առջեւ՝ մեծ լոյս ծագեցնելով անոնց վրայ եւ ազատելով զանոնք մեղքի խաւարէն (հմմտ․ Եսայի 9.1-4), եւ այդ մէկը կ’ընէ ոչ թէ բանակներու, զէնքի եւ հարստութեան զօրութեամբ, այլ որդի պարգեւելով (հմմտ․ 5-6), ըսաւ Քահանայապետը եւ յորդորեց կանգ առնել եւ խորհրդածել փրկարար լոյսի եւ որդի պարգեւելու այս պատկերի մասին:

Նորածին երեխայի առջեւ անգամ ամենակարծր սիրտը ջերմանայ

Երեխայի մը ծնունդը բոլոր վայրերուն մէջ ուրախութեան եւ տօնի պայծառ պահ է, որ իւրաքանչիւրի մէջ կը սերմանէ բարի ցանկութիւններ՝ վերադարձ դէպի մաքրութիւն եւ պարզութիւն, ըսաւ ապա Ան եւ պնդեց․ «Նորածին երեխայի առջեւ անգամ ամենակարծր սիրտը կը ջերմանայ եւ կը լեցուի քնքշութեամբ»։

Աստուծոյ մօտիկութիւնը երեխայի միջոցաւ է

«Աստուծոյ մօտիկութիւնը երեխայի միջոցաւ է, Աստուած ինքն ալ մանուկ դարձաւ՝ մեզ  Հօր սիրոյ համար բացելու եւ թոյլ տալու մեզ ձեւաւորելու անորմով, որպէսզի բուժէ մեր վէրքերը, հաշտեցնէ մեր տարաձայնութիւնները, վերահաստատէ կարգուկանոն մեր գոյութեան մէջ»:

Աստուծոյ եւ մէկս միւսին առջեւ փոքրանալ, կը նշանակէ բացուիլ Տիրոջ գործողութեանը

Երիտասարդ Թիմոր-Լեսթեի մէջ, ուր մեծ թիւ կը կազմեն մանուկները, ամէն անկիւնէ ներս կարելի է զգալ կեանքի բաբախիւնը: Եւ այդքան երիտասարդներու եւ երեխաներու ներկայութիւնը մեծ նուէր է, քանի որ «մշտապէս կը նորոգէ ձեր ժողովուրդի թարմութիւնը, կորովը, ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը» շեշտեց Սրբազան Պապը դիտել տալով ապա, որ․ «Փոքրիկներու համար տեղ յատկացնելը, եւ փոքրանալը Աստուծոյ եւ մէկս միւսին առջեւ, կը նշանակէ բացուիլ Տիրոջ գործողութեան»։

Մարիամ փոքրացաւ՝ Յիսուսին տեղ ազատելու համար

«Սրբուհի Մարիամը, զոր այսօր կը մեծարենք որպէս Թագուհի, որպէս Թագաւորի Մայր, շատ լաւ հասկցած էր այդ մէկը եւ նախընտրեց փոքր մնալ, իրեն փոքրացնել իր ողջ կեանքի ընթացքին՝ միշտ ծառայելով, աղօթելով, աներեւութանալով, որպէսզի տեղ ազատէ Յիսուսին համար», շարունակեց Քահանայապետը եւ յորդորեց. «Եկէք չվախնանք Աստուծոյ եւ մէկս միւսի առջեւ փոքրանալէն, մեր կեանքը կորսնցնելէն, մեր ժամանակը նուիրաբերելէն, մեր ծրագիրները վերանայելէն։ 

Տէրը իր Արքայութիւնը կը ներկայացնէ հօր եւ մօր ոյժի եւ քնքշութեան միջոցաւ

Նորին Սրբութիւնը Թիմոր-Լեսթեի աւանդական զարդարանքներ Քայպաուքին (Kaibauk) ՝ եւ Պելաքին (Belak) վերագրուող խորհրդանիշներու միջոցաւ ընդարձակեց իր միտքը:

Քայպաուք՝ գոմէշի եղջիւրներու տեսքով, կը խորհրդանշէ արեւի լոյսը, ան ոյժի, կորովի եւ ջերմութեան նշան է եւ կարող է ներկայացնել Աստուծոյ զօրութիւնը, որ կեանք կու տայ, մեզի կը յիշեցնէ, որ Տիրոջ Խօսքի լոյսով եւ անոր շնորհքի ուժով մենք նոյնպէս՝ մեր ընտրութիւններով եւ գործողութիւններով կարող ենք համագործակցել յանուն փրկութեան մեծ ծրագիրի:

Մինչդեռ լուսնաձեւ Պելաքը կը յիշեցնէ լուսնի նուրբ լոյսը, որ «գիշերը խոնարհաբար կ’արտացոլէ արեւի լոյսը՝ այդպիսով խորհրդանշելով խաղաղութիւնը, պտղաբերութիւնը ու մօր քնքշութիւնը, որ իր սիրոյ նուրբ արտացոլանքներով լուսաւոր կը դարձնէ այն ամէնը, ինչ կը շօշափէ։

«Քայպաուք եւ Պելաք, հօր եւ մօր ոյժ եւ քնքշութիւն. այսպէս կը ներկայացնէ Տէրը իր Արքայութիւնը: Եւ այսպէս, եկէք խնդրենք միասին, այս Հաղորդութեան մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը, որպէս տղամարդ եւ կին, որպէս Եկեղեցի եւ որպէս հասարակութիւն, կարողանանք արտացոլել աշխարհի մէջ սիրոյ Աստուծոյ ուժեղ եւ քնքուշ լոյսը», ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով իր քարոզը։

Նշենք թէ Թասի Թոլուն (թարգմանաբար՝ երեք ջուր) Տիլիէն 8 քմ դէպի արեւմուտք գտնուող ծովափնեայ պաշտպանեալ տարածք է։ Այն ազգային մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իր գեղատեսիլ բնութեան եւ հարուստ կենսաբազմազանութեան շնորհիւ, որ կը ներառէ երեք աղի լիճեր, ինչն ալ հիմք հանդիսացած է իր անուանումին համար։ 12 Հոկտեմբերի 1989ին Սուրբ Յովհաննէս-Պօղոս Բ պատարագ մատուցած է տակաւին ինտոնեզիական նուաճման տակ գտնուող այդ տարածքին մէջ։ Ի յիշատակ այս այցելութեան, Թիմոր-Լեսթեի կառավարութիւնը այնտեղ կառուցած է մատուռ եւ լեհ Պապի արձանը՝ 6 մ բարձրութեամբ, որուն բացումը եւ օրհնութիւնը տեղի ունեցած է 14 Յունիս 2008ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2024, 11:33