Որոնել

Միասին ապրիլ ներդաշնակօրէն եւ աշխարհին հաղորդել եղբայրութեան նշան. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ իր այցը Փափուա Նովա Կինէա, ուր այսօր՝ 7 Սեպտեմբերին, տեղական ժամանակով ժամը 10.25ին (02.25 Իտալիոյ մէջ) հանդիպեցաւ Երկրի իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ. «Եկած եմ քաջալերելու կաթողիկէ հաւատացեալները շարունակելու ճանապարհը եւ հաստատելու զանոնք հաւատքին մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ` 7 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Փափուա Նովա Կինէայի մայրաքաղաք Փորթ Մորսպիին մէջ՝ APEC Hausի նստավայրէն ներս, հանդիպեցաւ Երկիրի իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ու դիւանագիտական անձնակազմի անդամներուն հետ։

Նշենք թէ՝ APEC Hausը քաղաքի համաժողովներու գլխաւոր կեդրոնն է, որ հիմնուած է Ասիա-խաղաղական ովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան (APEC Asia-Pacific Economic Cooperation) առաջնորդներու գագաթնաժողովը հիւրընկալելու համար։ Կառոյցը նախագծուած է այնպէս, որ հեշտութեամբ վերափոխուի եւ ծառայէ նաեւ որպէս ցուցահանդէսներու եւ համաժողովներու կեդրոն։

Սրբազան Քահանայապետին APEC Hausի սեմին դիմաւորեց Ընդհանուր Կառավարիչը, որու ուղեկցութեամբ Ֆրանչիսկոս մուտք գործեց հանդիպման դահլիճ, ուր ներկայ էին շուրջ 300 պետական, ձեռնարկատիրական, քաղաքացիական եւ մշակութային աշխարհի ներկայացուցիչներ։

Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց ուղղած ճառը սկսաւ հետեւեալ խօսքերով․

«Ձեր Հայրենիքին մէջ, որ հարիւրաւոր կղզիներու խումբ է, կը խօսուի աւելի քան ութ հարիւր լեզուներով՝ նոյնքան ցեղախումբերու պատկանող. Ասիկա կ’ընդգծէ արտասովոր մշակութային հարստութիւնը։ Կը խոստովանիմ, որ այս հանգամանքը զիս շատ կը գրաւէ նաեւ հոգեւոր մակարդակի վրայ, որովհետեւ իմ պատկերացումով այս հսկայական բազմազանութիւնը մարտահրաւէր է Սուրբ Հոգիի համար, որ կը ստեղծէ տարբերութիւններու ներդաշնակութիւն»:

Բնապահպանական եւ մշակութային հարստութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն է, որ պէտք է զգան բոլորը

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ապա Երկրի հողերու եւ ջուրերու կենսամիջոցներու առատութեան, եւ անոնց շահագործման ծիրէն ներս ընդգծեց եկամուտներու բաշխման եւ աշխատուժի օգտագործման կարեւորութիւնը։ Ան միաժամանակ նկատել տուաւ, որ բնապահպանական եւ մշակութային հարստութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն է, որ պէտք է զգան բոլորը՝ կառավարողները քաղաքացիներու հետ միասին, խթանելու իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն՝ ի նպաստ բնական եւ մարդկային կենսամիջոցներու արժեւորման, որ կ’ապահովէ կայուն եւ արդար զարգացում եւ բարեկեցութիւն բոլորին՝ առանց բացառութեան։

Կայուն արդիւնքներու ձեռքբերման եւ համապարփակ ու զօրակից զարգացման համար, ըստ Ֆրանչիսկոսի, անհրաժեշտ պայման է պետական կառոյցներու կայունութիւնը եւ հիմնարար որոշումներու մէջ համաձայնութեան կառուցումը, որու համար կը պահանջուի նաեւ երկարաժամկէտ տեսլական եւ համագործակցութեան մթնոլորտ բոլորի միջեւ՝ դերերու տարբերակմամբ եւ կարծիքներու տարբերութեամբ հանդերձ:

Թող դադրին «ցեղային բռնութիւնները»

Նորին Սրբութիւնը, շարունակելով իր խօսքը մաղթեց, որ դադրին «ցեղային բռնութիւնները, որոնք, բազմաթիւ զոհերու պատճառ կը դառնան, թոյլ չեն տար մարդոց ապրիլ խաղաղութեան մէջ եւ կը խոչընդոտեն զարգացումը։ Մաղթեց նաեւ, որ Պուկենվիլ (Bougainville) կարգավիճակի հարցը նոյնպէս կարողանայ վերջնական լուծում ստանալ:

Ամէն մէկը պէտք է պատրաստակամութիւն դրսեւորէ՝ զոհաբերելու բան մը սեփական դիրքերէն՝ ի շահ ընդհանուրի

Ֆրանչիսկոս Պապը այնուհետեւ յորդորեց ամրապնդելու քաղաքացիական հասարակութեան հիմքերու շուրջ համաձայնութիւնը եւ ամէն մէկը պատրաստակամութիւն դրսեւորէ զոհաբերելու բան մը` սեփական դիրքերէն՝ ի շահ ընդհանուրի։ Այդպէս է որ հնարաւոր է համախմբել անհրաժեշտ ուժերը՝ բարելաւելու ենթակառուցուածքները, հոգալու բնակչութեան առողջապահական եւ կրթական կարիքները եւ աճեցնելու արժանապատիւ աշխատանքի հնարաւորութիւնները, պնդեց Ան։

Յոյսը թոյլ կու տայ հայեացքը բարձրացնել դէպի վեր, դէպի հսկայական հորիզոններ

Ապրելու համար անհրաժեշտը ունենալուն հետ մէկտեղ պէտք չէ մոռնալ, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, որ մարդ էակը կարիք ունի սրտի մէջ մեծ յոյս տածելու, ինչը անոր մեծածաւալ ծրագիրներ ձեռնարկելու հաճոյք ու քաջութիւն կու տայ եւ թոյլ կու տայ հայեացքը բարձրացնել դէպի վեր եւ դէպի հսկայական հորիզոններ։

Նիւթական բարիքներու առատութիւնը առանց հոգիի այս շունչին, (․․․) կը ստիպէ, որ կորսուի կողմնորոշումը եւ մոռցուի արժէքներու ճիշտ աստիճանաչափը, (․․․) ինչպէս, որ այդ մէկը տեղի կ’ունենայ որոշ հարուստ հասարակութիւններէն ներս, որոնք կը կորսնցնեն ապագայի յոյսը եւ այլեւս պատճառներ չեն գտներ կեանքը փոխանցելու:

Հոգիի արժէքները զգալի չափով կ’ազդեն երկրային քաղաքի կառուցման եւ բոլոր ժամանակաւոր իրականութիւններու վրայ

Հոգիի արժէքները զգալի չափով կ’ազդեն երկրային քաղաքի կառուցման եւ բոլոր ժամանակաւոր իրականութիւններու վրայ, կրկին շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը եւ դիմելով քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, որոնք Երկրի մեծամասնութիւնը կը կազմեն, զգուշացուց, որ հաւատքը ծիսակատարութիւնները եւ պատուիրանները պահպանելու մէջ պէտք չէ սահմանափակել։ Այլ, նշեց Ան, պէտք է սիրել եւ հետեւիլ Յիսուս Քրիստոսը, որու պարագային հաւատքը կրնայ դառնալ ապրուած մշակոյթ՝ ոգեշնչելով միտքերն ու գործողութիւնները եւ դառնալով լոյսի փարոս։

«Եկած եմ քաջալերելու կաթողիկէ հաւատացեալները շարունակելու ճանապարհը եւ հաստատելու զանոնք հաւատքի դաւանանքի մէջ. Ես եկած եմ ուրախանալու անոնց հետ՝ գրանցած առաջընթացի համար եւ կիսելու անոնց դժուարութիւնները. Ես այստեղ եմ, ինչպէս ըսած է Սուրբ Պօղոս, որպէս «գործակից ձեր շնորհքներուն» (Բ Կորնթացիս 1:24)»:

Թող, որ Փափուա Նովա Կինէայի բոլոր ժողովուրդները աշխարհին հաղորդեն եղբայրութեան նշան

Շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, որ բացին իրենց «գեղեցիկ Երկիրի» դռներն իր առջեւ՝ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառն աւարտեց Փափուա Նովա Կինէայի Պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի բարեխօսութիւնը հայցելով իշխանութիւններու եւ ողջ ժողովուրդի համար։ Ան մաղթեց նաեւ, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը ընկալուի այս Երկիրին մէջ ու  բոլոր ժողովուրդները «իրենց աւանդոյթներու բազմազանութեամբ, միասին ապրին ներդաշնակօրէն եւ աշխարհին հաղորդեն եղբայրութեան նշան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2024, 02:55