Որոնել

Ատելութիւնը փոխարինել հաշտեցմամբ, հակադրութիւնը՝ համագործակցութեամբ․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ժամը 18.00ին (իտալական ժամանակով ժամը 11.00ին) առանձնական հանդիպում ունեցաւ Թիմոր-Լեսթի Նախագահին հետ, ապա հանդիպեցաւ եւ իր խօսքը ուղղեց քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններու, դիւանագիտական անձնակազմի եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն․ «Նոր վստահութեամբ շարունակել պետական հիմնարկներու խելամիտ կառուցումն ու ամրապնդումը՝ դէպի «մութ ամպերէն մաքրուած նոր հորիզոն»՝ այսօրեայ դժուարութիւնները եւ խնդիրները նոյնպէս դիմագրաւելու նպատակով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին քահանայապետութեան ամէնէ երկար առաքելական ճամբորդութեան երրորդ հանգրուանը Թիմոր-Լեսթն է, ուր Ան ժամանեց այսօր՝ 9 Սեպտեմբերին յետմիջօրէին եւ երեկոյեան ժամը 18.00ին այցելեց նախագահական նստավայր՝ սկիզբ տալով այդ Երկիրի մէջ իր առաջին հանդիպումին։

Այց Թիմոր Լեսթի նախագահին

Յայտնենք թէ՝ մայրաքաղաք Տիլիի կեդրոնին մէջ տեղակայուած նախագահական պալատի բացումը տեղի ունեցած է 2009 թուականի 27 Օգոստոսին եւ կը կրէ նախկին Նախագահ, յանուն անկախութեան պայքարի ազգային հերոս, Նիքոլաու Լոպաթոյի անունը։ Ինտոնեզիայէն 2002թուականին պաշտօնապէս անկախացած Պետութեան ներկայիս Նախագահ Մանուէլ Ռամոս-Հորթան խաղաղութեան համար Նոպէլեան մրցանակակիր է, որ նոյնպէս անմասն չէ մնացած ազատութեան համար մղուած պայքարէն։

Հանդիպման վայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Նախագահ Մանուէլ Ռամոս-Հորթայի կողմէ։ Պաշտօնական արարողակարգով նախատեսուած ընդունելութենէն ետք, որ է՝ օրհներգերու կատարում, պատուոյ դրօշ, թնդանօթի կրակոցներ, պատուիրակութիւններու ներկայացում, գրառում ոսկեմատեանի մէջ, Սրբազան Հայրը առանձնական հանդիպում ունեցաւ Նախագահին հետ։

Հանդիպում քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ

Աւարտին՝ տեղական ժամով 19.00ին (Հռոմ` 12,00), երկու Առաջնորդները ուղղուեցան նախագահական պալատի պաշտօնական դահլիճ՝ հանդիպելու Երկրի քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններուն, դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, ձեռնարկատէրերուն եւ քաղաքացիական ու մշակութային հասարակութեան 400էն աւելի ներկայացուցիչներուն հետ։

Այս առիթով արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահին բարի գալուստի խօսքերուն համար, այնուհետեւ՝ հաստատեց. «Այստեղ Ասիան եւ Ովկիանիան իրարու կը դպչին եւ, որոշակի առումով, կը հանդիպին Եւրոպային (․․․)։ Յիրաւի, առաջին Տոմինիքեան միսիոնարները ժամանած են Փորթուկալէն 16րդ դարուն՝ բերելով կաթողիկէութիւնը եւ փորթուկալերէնը», որ նաեւ Երկիրի երկու պաշտօնական լեզուներէն մին է։

Թիմոր-Լեսթի անկախութեան համար մղուած պայքարը Ինտոնեզիայէն

Սրբազան Պապը անդրադարձաւ Երկիրի ցաւալի պատմական ոչ վաղ անցեալին՝ անկախութեան համար մղուած անոր ժողովուրդի պայքարին, որ 1975 թուականի Նոյեմբեր 28էն մինչեւ 2002 թուականի Մայիս 20ը՝ անկախութեան վերջնական վերականգնումը, «ապրեցաւ իր կիրքի եւ իր ամենամեծ փորձութեան տարիները»՝ զգալով այն ցնցումներն ու բռնութիւնները, որոնց յաճախ կը բախուի ժողովուրդ մը, երբ լիակատար անկախութեան եւ ինքնավարութեան որոնումները կը մերժուին կամ կը խափանուին:

«Լեռներով, անտառներով ու հարթավայրերով զարդարուած, փայլուն ծովով շրջապատուած, հարուստ միրգերով ու թանկարժէք ու անուշահոտ փայտերով,» Երկիրը, այդուամենայնիւ, «չկորսնցնելով յոյսը», կրցաւ նորէն վերելք ապրիլ՝ գտնելով խաղաղութեան ուղին, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը։

Կաթողիկէ հաւատքի դերը՝ կարեւոր նպատակներուն հասնելու համար եւ Թիմոր-Լեսթ - Ինտոնեզիա լիակատար հաշտեցումը

Յղում կատարելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի՝ 1989 թուականին Թիմոր-Լեսթ այցի ժամանակ արտասանած խօսքերուն առ այն, որ Երկիրի կաթողիկէներու «ընտանեկան կեանքը, մշակոյթը եւ ընկերային սովորոյթները խորապէս արմատաւորուած են Աւետարանի մէջ», Ֆրանչիսկոս հաստատեց, որ «կաթողիկէ հաւատքի մէջ արմատանալը» մեծ օգնութիւն եղած է կարեւոր նպատակներուն հասնելու համար՝ ակնարկելով նաեւ Թիմոր-Լեսթի Ինտոնեզիայէն անկախացումին։

Ասկէ մեկնելով Ան գովաբանեց Թիմոր-Լեսթի ստանձնած յանձնառութիւնը՝ Ինտոնեզիոյ եղբայրներու լիակատար հաշտեցման հասնելու համար, «որուն համար առաջին եւ ամենաջինջ աղբիւրը Աւետարանի ուսմունքները եղած են»։

Ատելութիւնը փոխարինել հաշտեցմամբ, հակադրութիւնը՝ համագործակցութեամբ

«Դուք ամուր պահած էք ձեր յոյսը նոյնիսկ նեղութեան մէջ եւ ձեր ժողովուրդի նկարագիրի եւ հաւատքի շնորհիւ ցաւը վերածած էք ուրախութեան», շեշտեց Պապը եւ մաղթեց, որ աշխարհի տարբեր ծայրերէն ներս այլ հակամարտութիւններու մէջ նոյնպէս գերիշխէ խաղաղութեան եւ յիշողութեան մաքրման ցանկութիւնը՝ փակելու համար վէրքերը եւ փոխարինելու համար ատելութիւնը՝ հաշտեցմամբ ու հակադրութիւնը՝ համագործակցութեամբ:

Մարդկային եղբայրութեան մասին հռչակագիրը՝ դպրոցական ծրագիր

Քահանայապետը յատուկէն գնահատանք արտայայտեց նաեւ, որ Թիմոր-Լեսթի անկախութեան քսանամեակի առթիւ, Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը, որ ստորագրած էր Ալ-Ազհարի Մեծ Իմամի հետ 2019 թուականի 4 Փետրուարին Ապու Տապիի մէջ, ընկալուած է որպէս ազգային փաստաթուղթ՝ ներառուելով դպրոցական ծրագիրներու մէջ, ինչպէս եւ նախատեսուած է այդ նոյն Փաստաթուղթով:

Հաւատքը զօրավիգ՝ դիմագրաւելու նոր մարտահրաւէրները, անոնց մէջ արտագաղթը, աղքատութիւնը, ընկերային չարիքները

Ան խրախուեց հուսկ նոր վստահութեամբ շարունակել պետական հիմնարկներու խելամիտ կառուցումն ու ամրապնդումը՝ դէպի «մութ ամպերէն մաքրուած նոր հորիզոն», ուր բայց եւ այնպէս առկայ են նոր մարտահրաւէրներ եւ նոր խնդիրներ, ընդգծեց Ան եւ թուարկեց անոնցմէ որոշները. արտագաղթը, աշխատատեղերու պակասը, կենսամիջոցներու ոչ բաւարար ըլլալը, գիւղական վայրերու մէջ առկայ աղքատութիւնը կամ այսպէս կոչուած ընկերային չարիքները՝ երիտասարդներու մէջ ոգելից խմիչքներու չարաշահումը։

Ֆրանչիսկոս Պապը յոյս յայտնեց, որ հաւատքը շարունակէ ոգեշնչել անոնց ներկան եւ ապագան այդ խնդիրներու լուծման ճանապարհին, այնպէս ինչպէս անցեալի մէջ լուսաւորած ու աջակցած էր անոնց։

Կրթել համարժէք իշխող դասակարգ՝ յենուելով ընկերային վարդապետութեան վրայ

Համարժէք կրթութեամբ իշխող դասակարգի պատրաստում, որ ունակ ըլլայ ապագային լաւագոյնս կառավարել բոլոր բնական կենսամիջոցները եւ առաջին հերթին նաւթի ու գազի պաշարները՝ ի նպաստ ընդհանուր շահի․ եղաւ Սրբազան Քահանայապետին շեշտադրումներէն մին։

«Եկեղեցին այս վերապատրաստման գործընթացի համար, որպէս հիմք կ’առաջարկէ իր ընկերային վարդապետութիւնը․ «անփոխարինելի յենարան, որու վրայ կարելի է կառուցել առարկայական գիտելիքներ», ըսաւ Ան։

Երիտասարդներու խանդավառութիւնը ու տարեցներու իմաստութիւնը մեծ կենսամիջոց

Նկատել տալով, որ Թիմոր-Լեսթի բնակչութեան շուրջ 65 առ հարիւրը 30 տարեկանէն վար է, Պապը կարեւոր նկատեց ներդրումները կրթութեան ոլորտէն սկսիլ․

«Երիտասարդներուն բնորոշ խանդավառութիւնը, թարմութիւնը, դէպի ապագայ ուղղուածութիւնը, խիզախութիւնը, հնարամտութիւնը՝ տարեցներու փորձառութեան ու իմաստութեան հետ միասին, կը կազմեն գիտելիքի եւ դէպի վաղուայ օր առատաձեռն ազդակներու նախախնամական խառնուրդ», որ չ’արտօներ «անգործութիւն եւ, առաւել եւս, յոռետեսութիւն», յարեց Ֆրանչիսկոս:

«Կաթողիկէ Եկեղեցին, անոր ընկերային վարդապետութիւնը, կարիքաւորներուն աջակցութեան եւ գթասիրութեան հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթական եւ առողջապահական հաստատութիւնները՝ ի սպաս բոլորին», նոյնպէս արժէքաւոր կենսամիջոց են, որ «թոյլ կու տան յոյսով նայիլ ապագային»։

Սուրբ Աթոռի եւ Թիմոր-Լեսթի միջեւ ջերմ յարաբերութիւններ

Այս ոլորտէն ներս Սրբազան Հայրը յատուկէն ընդգծեց Սուրբ Աթոռի եւ Թիմոր-Լեսթի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան միջեւ ձեւաւորուած ​​ ջերմ յարաբերութիւնները, որու վառ ապացոյցն է Կողմերու միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի ուժի մէջ մտնելը 3 Մարտ 2016ին։

Անդրադառնալով Երկիրի ոչ վաղ անցեալին եւ անցած ճանապարհին՝ Նորին Սրբութիւնը համոզմունք յայտնեց, որ «խաղաղ եւ ժողովրդավարական Երկիր Թիմոր-Լեսթը», որ պարտաւորուած է եղբայրական հասարակութիւն կառուցել՝ իր հարեւաններու հետ զարգացնելով խաղաղ յարաբերութիւններ միջազգային հանրութեան ծիրէն ներս, պիտի կարողանայ «խելամտօրէն եւ ստեղծագործաբար դիմագրաւել այսօրեայ դժուարութիւնները եւ խնդիրները»։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը Երկիրն ու ժողովուրդը յանձնեց Անարատ Յղութեան Տիրամօր հովանիին՝ մաղթելով, որ Պաշտպան Սրբուհին «միշտ ուղեկցի եւ օգնէ ազատ, ժողովրդավարական եւ զօրակից Երկիր կառուցելու առաքելութեան մէջ, որտեղ բոլորը կարողանան ապրիլ խաղաղ»։

Հրաժեշտ եւ օրհնութիւն

Յայտնենք` որ հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում եւ նախ քան Քահանայապետին մեկնումը Ան Նախագահական Պալատի մուտքին կանգ առնելով օրհնութիւնը շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարէ աւելի Նախագահական Պալատի աշխատաւորներուն, իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ որմէ ետքը ուղղուեցաւ Թիմոր Լեսթի մայրաքաղաք Տիլիի Առաքելական Նուիրակութիւն, որ այս օրերուն պիտի հանդիսանայ իր նստավայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2024, 14:01