Որոնել

2024.01.24 "GMCS -  Giornata mondiale delle comunicazioni sociali"

«Հեզութեամբ կիսեցէք այն յոյսը, որ կայ ձեր սրտերուն մէջ». Ընկերային Հաղորդամիջոցներու յառաջիկայ համաշխարհային Օրուան բնաբանը

«Թեման կ՛ուզէ շեշտը դնել այն իրողութեան վրայ հաղորդակցութիւնը շատ անգամ դարձած է բռնարար, միտուած հարուածելու եւ ոչ թէ երկխօսութեան պայմաններ սահմանելու։ Հարկ է առ այդ զինաթափ ընել այդպիսի հաղորդակցութիւն, ու զայն բիւրեղացնել յարձակողականութենէն» կը կարդանք Բնաբանին հրատարակումին առիթով տարածուած հաղորդագրութեան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հրատարակուեցաւ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 2025ին նշուելիք համաշխարհային Օրուան բնաբանը, որ քաղուած է Պետրոս առաքեալի առաջին նամակէն (Գլ. 3,15-16) «Հեզութեամբ կիսեցէք այն յոյսը, որ կայ ձեր սրտերուն մէջ»։

«Թեման կ՛ուզէ շեշտը դնել այն իրողութեան վրայ, թէ հաղորդակցութիւնը շատ անգամ դարձած է բռնարար, միտուած հարուածելու եւ ոչ թէ երկխօսութեան պայմաններ սահմանելու։ Հարկ է առ այդ զինաթափ ընել այդպիսի հաղորդակցութիւն, ու զայն բիւրեղացնել յարձակողականութենէն» կը կարդանք Բնաբանին հրատարակումին առիթով տարածուած հաղորդագրութեան մէջ։

«Հեռուստատեսային «talk show»երէն մինչև սոցիալական ցանցերուն մէջ բանաւոր պատերազմները, կը բացայայտուի տիպար մը` ուր կը գերակայէ մրցակցութեան, ընդդիմութեան և գերակայելու ցանկութեան տիպարը», նշուած է միշտ հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ գրուած է, որ «Քրիստոնեաներուս համար յոյսը անձ մըն է, Քրիստոսն է։ Եւ ան կապուած է հասարակական ծրագիրի մը»։ Արդարեւ «Երբ կը խօսինք քրիստոնէական յոյսի մասին, կարելի չէ անտեսել համայնք մը, որ արժանահաւատ ձևով կ՛ապրի Յիսուսի պատգամը, մինչև այն աստիճան որ ցոյց կու տայ իր մէջ գտնուող յոյսը եւ ի վիճակի է այսօր եւս փոխանցելու Քրիստոսի յոյսը, խօսքերով եւ գործերով»։

Յայտնենք որ ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրը միակ օրն է հաստատուած Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն (Ինթէր Միրիֆիքա, 1963) եւ կը նշուի համայն աշխարհի մէջ Պենտեկոստէի նախորդող կիրակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2024, 13:00