Քահանայապետին կոչն ու դատապարտումը. «Ոտնձգութիւնները պատասխանատուները թող դատուին։ Մի ծածկէք չարաշահումները»։
Ռոպէր Աթթարլեան – Վատիկան
Անցեալ հինգշաբթի օր, 26 Սեպտեմբերին սկիզբ առած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քահանայապետութեան 46րդ միջազգային ճամբորդութիւնը իր աւարտին հասաւ այսօր` Կիրակի 29 սեպտեմբերին, Նորին Սրբութեան Պրիւքսէլի «King Boudouin Stadium»ի մէջ մատուցած պատարագով, որուն ընթացքին երանելի հռչակուեցաւ Աստուծոյ Աղախին «Ana de Jesus» միանձնուհին։
Արդարեւ Սրբազան Քահանայապետին Պրիւքսէլեան օրերու երրորդ եւ վերջին օրուայ յայտագիրը սկսաւ Անոր Եւրոխորհուրդի նախկին նախագահ Շար Միշելի հետ ունեցած առանձնական հանդիպումով, Պրիւքսէլի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ, որմէ ետքը Ան հրաժեշտ առաւ Առաքելական Նուիրակութեան անձնակազմէն եւ փոխադրուեցաւ Պրիւքսէլի «King Boudouin Stadium» մարզադաշտ, ուր զինք դիմաւորեցին 35 հազարէ աւելի հաւատացեալներ։
Աստուծոյ Աղախին Անա Տէ Եզուսը
Քառասուն հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ մարզադաշտի շրջանը կատարելէն ետքը Սրբազան Պապը այս առիթով պատրաստուած կեդրոնական ամպիոնէն գլխաւորեց Երանացման Սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին Երանելի հռչակուեցաւ Աստուծոյ Աղախին Անա Տէ Եզուսը, որ սպանացի բոպիկ կարմեղեան մայրապետներու միաբանութեան անդամ գրող կրօնաւորուհի մը եղած է եւ կարմեղեան միաբանութեան հիմնադիր Ավիլացի Սրբուհիի Թերեզայի մտերիմ ընկերուհին,ու սատարած է Եւրոպայի մէջ նոր վանքեր հիմնելու գործին։ Ան Ծնած է 25 նոյեմբեր 1545 եւ մահացած Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ 4 Մարտ 1621ին։
Երանացման կարգ
Սուրբ Զոհին սկիզբը տեղի ունեցաւ Երանացման Կարգը, որուն սկիզբը Պրիւքսէլի Արքեպիսկոպոս Գերապ. Լիւք Թերլինտէն ու Երանացման դատի Խնդրարկուն Քահանայապետէն խնդրեցին, որ ընդառաջէ Աստուծոյ Աղախինի երանելի հռչակելու խնդրանքին ներկայացնելով անոր կենսագրականը ու երանացման դատին գործընթացքը, որ սկիզբ առած էր անոր մահէն ետքը, սակայն միայն 28 նոյեմբեր 2019ին է որ ճանչցուեցան անոր հերոսական առաքինութիւնները, իսկ 14 դեկտեմբեր 2023ին Քահանայապետը ճանչցաւ եւ վաւերացուց Սրբուհիին բարեխօսութեամբ գործուած հրաշք մը։
Քարոզը
Ապա օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայացուց օրուան յաւուր պատշաճի քարոզը, որուն սկիզբը մէջբերեց Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած «Ով` որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որ ինծի կը հաւատայ, աւելի աղէկ էր որ ջաղացքի քար մը անոր վզէն կախուէր ու ծովը ձգուէր» խօսքերը (Մարկ 9,42)։
«Այս խօսքերով Յիսուս կը զգուշացնէ «փոքրիկներու» ճանապարհը խոչընդոտելու ու զանոնք գայթակղեցնելու վտանգէն» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ այս մէկը «զօրեղ, խիստ ազդարարութիւն մըն է, որուն մասին պէտք է խորհինք» ապա ներկայացուց երեք բանալի բառեր. Բացուածք, հաղորդութիւն եւ վկայութիւն։
Բացուածքը
Բացուածքի մասին կը խօսին առաջին ընթերցումն ու Աւետարանը մեզի ցոյց տալով Սուրբ Հոգիին ազատ գործողութիւնը։ Ան Ելքի պատմութեան մէջ իր մարգարէութեան պարգեւները կը նուիրէ ոչ միայն Մովսէսին ընկերացող «ծերունիներուն» այլեւ երկու մարդոց, որոնք դուրս մնացած էին այդ ընտրեալներու խումբէն։ Նոյնը կը պատահի Կառափնատումի մէջ երբ Յիսուսին աշակերտները կ՛ուզէին արգիլել մարդ մը` որ դեւեր կը հաներ Յիսուսին անունով, որովհետեւ «իրենց չէր հետեւեր» (հմմտ. Մարկ. 9,38-43.45.47-48)։ Անոնք կը մտածէին, թէ «ան` որ մեզի չի հետեւիր մեզմէ չէ, եւ չի կրնար հրաշքներ գործել»։ Բայց Յիսուս զանոնք կը զարմացնէ ու կը յանդիմանէ, հրաւիրելով աւելի անդին երթալու իրենց տեսակէտներէն, եւ չի գայթակղելու Աստուծոյ ազատութեան դիմաց։ Ան անոնց կ՛ըսէ «Մի՛ արգիլէք զանիկա,,,Քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր կողմէն է»։
Մկրտութեան առաքելութիւնը
«Բոլորս արդարեւ Սուրբ Մկրտութեան միջոցաւ ստացանք առաքելութիւն մը Եկեղեցւոյ մէջ։ Բայց այս մէկը պարգեւ մըն է ու ոչ թէ հպարտանքի տիտղոս» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով` որ «Հաւատացեալներու հասարակութիւնը առանձնաշնորհեալներու խումբ մը չէ, այլ փրկուածներու ընտանիք ու մենք առաքուած ենք Աւետարանը տանելու աշխարհին, ոչ թէ մեր արժանիքներուն համար, այլ Աստուծոյ շնորհքին միջոցաւ» ըսաւ ի միջի այլոց քահանայապետը հրաւիրելով այդ «առաքելութիւնը կատարել հեզութեամբ, երախտագիտութեամբ եւ ուրախութեամբ...որպէսզի աճի Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ օր մը բոլորս միասին մենք մեզ գտնենք միացած Հօր բազուկներուն մէջ»։
Հաղորդութիւն
Ակնարկելով երկրորդ բանալի բառին հաղորդութեան Քահանայապետը յղում կատարեց ընթերցուածին, որ քաղուած է Յակոբոս առաքեալի նամակէն (5,1-6) եւ ուր կը կարդանք հետեւեալը.
«Աղէ՜ հիմա, հարուստներ, լացէ՛ք, ողբացէ՛ք ան թշուառութիւններուն համար՝ որոնք ձեր վրայ պիտի գան։ 2 Ձեր հարստութիւնը ապականած է ու ձեր հանդերձները՝ ցեցի կերակուր եղած։ 3 Ձեր ոսկին ու արծաթը ժանգոտած են եւ անոնց ժանգը ձեզի դէմ վկայ պիտի ըլլայ ու ձեր մարմինը պիտի ուտէ կրակի պէս։ Վերջին օրերուն համար գանձ դիզեցիք։ 4 Ահա ձեր արտերը հնձող բանուորներուն վարձքը՝ որ ետ պահեցիք՝ կ’աղաղակէ ու հնձողներուն բողոքը զօրութեան Տէրոջը ականջներուն հասաւ։ 5 Երկրին վրայ փափկութեամբ եւ հեշտութեամբ ապրեցաք, սրտերնիդ սնուցանեցիք՝ որպէս թէ մորթուելու օրուան համար։ 6 Դատապարտեցի՛ք ու սպաննեցի՛ք արդարը, որ ձեզի հակառակ չկենայ»։
Սիրոյ ճանապարհը
«Այս տողերը մեզի կը յիշեցնեն որ կեանքի միակ ճանապարհը նուիրումի ու բաժանումի մէջ միացնող սիրոյ ճանապարհն է, իսկ եսասիրութեան ուղին կը յառաջացնէ փակումներ պատեր ու խոչընդոտներ, գայթակղութիւններ` որոնք մեզ կը կաշկանդեն ու կը հեռացնեն Աստուծմէ եւ եղբայրներէն», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «եսասիրութիւն եւ ողորմութեան արգելք հանդիսացող որեւէ բան գայթակղեցուցիչ է, որովհետեւ կը ճնշէ փոքրիկներուն վրայ կը նուաստացնէ մարդոց արժանապատւութիւնը, խեղդելով աղքատներուն աղաղակը» ու «կը ստեղծուի աշխարհ մը` ուր տեղ չկայ անոր, որ դժուարութեան մէջ է եւ չկայ ողորմութիւն անոր` որ կը սխալի, եւ ոչ ալ կարեկցութիւն` անոր որ կը տառապի»։
Մտածենք թէ ինչ կը պատահի երբ երախաները կ՛ենթարկուին գայթակղութեան, հարուածներու, բռնութեան անոնց կողմէ որոնք պէտք է հոգ տանին անոնց։ Մտածենք ցաւի եւ անօգնականութեան վէրքերու մասին, նախ զոհերուն ապա նաեւ անոնց ընտանիքներուն ու հասարակութեան։
Մի ծածկէք չարաշահումները
Մտքով ու սրտով կը վերադառնամ նախօրէին հանդիպած այս փոքրիկներէն մի քանիներու պատմութիւններին: Ես ունկնդրեցի զանոնք, զգացի անոնց տառապանքը որպէս բռնութեան թիրախ մարդիկ։ Այստեղ ալ կը կրկնեմ՝ Եկեղեցւոյ մէջ տեղ կայ բոլորի, բոլորի, բոլորի համար, բայց բոլորս դատուելու ենք։
Չարաշահումներու տեղ չկայ, չարաշահումները ծածկելու տեղ չկայ. Բոլորէն կը խնդրեմ. մի ծածկէք չարաշահումները։ Եպիսկոպոսներէն կը խնդրեմ. մի ծածկէք չարաշահումները։ Դատապարտեցէք չարաշահողները և օգնեցէք որ բուժուին չարաշահման այս հիւանդութենէն։ Չարը պէտք չէ թաքցնել, ան պէտք է բացայայտուի, ճանչցուի, այնպէս ինչպէս ըրին որոշ բռնութեան ենթարկուած մարդիկ՝ համարձակութեամբ։ Եւ բռնարարը թող դատուի՝ ըլլայ ան աշխարհական, այր մարդ կամ կին, ըլլայ քահանայ կամ եպիսկոպոս, թող դատուի։
Առանց սիրոյ ոչ մէկ բան կը տեւէ
«Աստուծոյ Խօսքը յստակ է, Ան կ՛ըսէ, որ կարելի չէ անտեսել «Հնձուորներուն բողոքը» և «աղքատներուն աղաղակը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը նշելով, թէ եթէ կ՛ուզենք ապագայի համար սերմեր ցանել լաւ է` որ մենք մեր ընտրանքներուն որպէս հիմք ընտրենք ողորմութեան Աւետարանը...։
«Առանց սիրոյ ոչ մէկ բան կը տեւէ, ամէն բան կ՛անհետանայ, կը տարրալուծուի ու մեզ կը լքէ բանտարկուած խոյս տուող կեանքի մը մէջ դատարկ եւ անիմաստ» ըսաւ Քահանայապետը։
Վկայութիւնը
Ան ապա խօսեցաւ երրորդ բանալի բառի մասին` վկայութեան այս ծիրէն ներս ակնարկելով Նոր Երանելիին
«Այս կինը իր ժամանակի Եկեղեցւոյ, բարեկարգումներու շարժումի դերակատարներէն մին, Սրբուհի Թերեզա Ավիլայի հետքերուն վրայ...Ժամանակահատուածի մը` ընթացքին որ յատկանշուած էր ցաւալի գայթակղութիւններով, քրիստոնէական հասարակութեան ներսն ու դուրսը, իր միաբանակիցներուն հետ միասին, իրենց աղքատ ու պարզ կեանքով, աղօթքով, աշխատանքով ու սիրով յատկանշուած, գիտցան դէպի հաւատք առաջնորդել բազմաթիւ անձեր, մինչեւ այն աստիճան, որ անոնց այս քաղաքի մէջ հիմնարկը անուանուեցաւ «հոգևոր մագնիս»» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց երախտագիտութեամբ ընկալել անոր մեզի թողած «իգական սրբութեան» տիպարը, որ «նուրբ և ուժեղ է, յատկանշուած բացութեամբ, հաղորդութեամբ և վկայութեամբ»:
«Վստահինք անոր աղօթքին, ընդօրինակենք անոր առաքինութիւնները և անոր հետ միասին նորոգենք Տիրոջ հետքերով միասին քալելու մեր պարտաւորութիւնը» եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզին եզրափակիչ բառերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ