Ֆրանչիսկոս Պապ Փոմփէի եւ Լորեթոյի ուխտաւորներուն. «Դարձէք Խաղաղութեան գործիքները»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ընտանիքի համար ազգային 17-րդ ուխտագնացութեան կապակցութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց միջոցառումի կազմակերպութեան, բարձր գնահատելով այդ աղօթքի պահը որ ներգրաւէ ընտանիքներ, տատիկներ, պապիկներ եւ երիտասարդներ։ Այս տարուան ուխտագնացութեան բնաբանն է. «Բոլոր բաները որ ձեզի կ՝ըսեմ, կատարեցէք»։
«Երգչախմբային աղօթքի պահ մը, որ կը ներգրաւէ ծնողները, զաւակները, տարեցները՝ ուժով եւ աղօթքով աջակցելով անոնց ուղեւորութեան մէջ» Այս տողերով սկսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընտանիքի համար ազգային 17-րդ ուխտագնացութեան կապուած յղած ուղերձը, որ կազմակերպուած է «Վերանորոգում Սուրբ Հոգիին մէջ» հաստատութեան կողմէ, նախաձեռնուած Փոմփէի եւ Լորեթոյի երկու քահանայապետական Տիրամօր նուիրուած սրբավայրերուն մէջ, շաբաթ, 14 սեպտեմբերին։
Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ուղերձով Ֆրանչիսկոս Պապ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց միջոցառումին համար ու հոգեւոր մօտիկութիւնը փոխանցեց ուխտագնացութեան բոլոր մասնակիցներուն։
«Սուրբ կոյս Մարիամին սիրավառ հայեացքին վստահելով դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքները, պատերազմի գօտիներուն մէջ գտնուող ընտանիքները կամ ալ աղքատութենէն տառապողները» Ֆրանչիսկոս Պապ կը միանայ ուխտաւորներուն, հայցելով Սուրբ Հոգիին պարգեւը, որպէսզի աշխարհի, Իտալիոյ, եւ Եւրոպային մէջ քրիստոնեայ ընտանիքները, կարողանան խաղաղութեան գործիքներ դառնալ վկայելով ընդհանուր կեանքի գեղեցկութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ