Որոնել

«Ձեր մօտ եկած եմ «Ծառայելու համար» կարգախօսով». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապին Հանդիպումը քաղաքական իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան և դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ` Լիւքսեմպուրկի «Cercle Cité»ի մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի` 25 սեպտեմբեր 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Լիւքսեմպուրկ եւ Պելճիքա կատարած առաքելական 46րդ ճամբորդութեան առաջին ճառը արտասանեց Լիւքսեմպուրկի «Cercle Cité»ի մէջ, քաղաքական իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան և դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։

Լիւքսեմպուրկը յաճախ յայտնուած է եւրոպական ամենա-արդիական պատմական իրադարձութիւններու խաչմերուկին վրա

Սրբազան Պապը նախ ուրախութիւն արտայայտեց Լիւքսեմպուրկը այցելած ըլլալուն համար, շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան ապա նշեց, թէ «Լիւքսեմպուրկը յաճախ յայտնուած է եւրոպական ամենա-արդիական պատմական իրադարձութիւններու խաչմերուկին վրայ, անցած դարու առաջին կէսին, երկու անգամ՝ ստիպուած ըլլալով թիրախ դառնալու ներխուժումին ու զրկուելու ազատութիւնէն ու անկախութիւնէն»... ապա Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին, «ան յատկանշուեցաւ միացած եւ զօրակից Եւրոպայի կառուցման մէջ», ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, թէ ինչպէս յաճախ սահմանի վրայ գտնուող վայրերը պատերազմի ու հակամարտութիւններու պարագային, իրենց կամքէն անկախ կը ներգրաւուին այդ հարցերու մէջ ու թէ երբ «ոգիները վերջապէս իմաստութեան ուղիներ կը գտնեն» այդ նոյն վայրերը «կը դառնան աւելի պատշաճ վայրեր` ցոյց տալու համար խաղաղութեան նոր դարաշրջանի մը կարիքները ու անոր հետեւելու ուղիները»։ «Յիշենք, ըսաւ Ան, պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է» անգամ մը եւս շեշտը դնելով «սպառազինութեան արտադրութեան շահոյթներուն վրայ» այս մէկը նկատելով տխուր երեւոյթ։

Լիւքսեմպուրկի նշանակալի դերակատարութեան

Նորին Սրբութիւնը Լիւքսեմպուրկը` որ «Եւրոպական տարբեր պաշտօնական կառոյցներու կեդրոնն է», ներառեց վերոնշեալ վայրերուն մէջ, Երկրին ժողովրդավարական զօրեղ կառոյցը, որ «ի սիրտ ունի մարդ անհատի արժանապատւութիւնն ու անոր հիմնական ազատութիւններու պաշտպանութիւնը», համարելով անհրաժեշտ նախադրեալ, անոր ցամաքամասի մէջ նշանակալի դերակատարութեան համար։

«Արդարեւ Պետութեան մը ցամաքային տարածքը կամ անոր բնակչութեան թիւը չէ որ պայման կը դառնան, որ ան ունենայ կարեւոր դերակատարութիւն միջազգային գետնի վրայ» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով, որ դերակատարութիւնը կը կայանայ «իմաստուն հաստատութիւններ և օրէնքներու համբերատար կառուցումի մէջ, որոնք, կարգաւորելով քաղաքացիներու կեանքը արդարութեան և օրէնքի գերակայութեան չափանիշներու համաձայն, որպէս կենտրոն ունին մարդը և հասարակաց բարիքը, կանխելով և պայքարելով խտրականութեան և բացառումի վտանգներուն դէմ»։

Ժողովուրդներու միջեւ զօրակցութեան յարաբերութիւններ

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց եւ իրը դարձուց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 1985 Լիւքսեմպուրկ կատարած առաքելական ճամբորդութեան առիթով արտասանած խօսքերը ու կոչ ուղղեց, որպէսզի «ժողովուրդներու միջեւ հաստատուին զօրակցութեան յարաբերութիւններ, այնպէս` որ բոլորն ալ կարողանան դառնալ դերակատարներ ու մասնակից համապարփակ զարգացումի կարգաւորուած ծրագրի մը»։

Հարստութիւնը պատասխանատուութիւն է

Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց Եկեղեցւոյ ընկերային Վարդապետութիւնը այնպէս ինչպէս արարչագործութեան խնամքն ու եղբայրութիւնը մատնանշելով նաեւ, թէ «հարստութիւնը պատասխանատուութիւն մըն է» ու թէ «զարգացումը, որպէսզի իսկական ըլլայ, պէտք չէ ետին թողու ազգեր եւ ընկերութեան որոշ խաւեր», ապա հրաւէր ուղղեց չանտեսելու աւելիով կարիքաւոր Երկիրները, ու անոնց օգնութեան ձեռք մեկնելու, նպատակ ունենալով «նուազեցնել թիւն անոնց, որոնք ստիպուած են արտագաղթի դիմելու, յաճախ տմարդկային եւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ»։

Պահպանել անցեալի յիշողութիւնը եւ կեանքը ոգեւորել հոգեւոր բարձր ու խոր արժէքներով

Քահանայապետը առ այդ մատնանշեց Եւրոպական ցամաքամասի տարածքին դարձեալ ի յայտ եկած թշնամանքին եւ բաժանումներուն, որոնք «կը հանգեցնեն բացայայտ ռազմական գործողութիւններու՝ անոնց յաջորդող ոչնչացմամբ և մահով»։

«Կը թուայ, որ մարդու սիրտը միշտ չէ, որ գիտէ, թէ ինչպէս պահպանել յիշողութիւնը և պարբերաբար կը մոլորուի ու կը վերադառնայ պատերազմի ողբերգական ուղիներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը, այս վէրքերու որպէս բուժման միջոց առաջարկելով «դէպի վեր բարձրացնել հայեացքը, եւ ժողովուրդներու ու անոնց ղեկավարներուն առօրեայ կեանքը ոգեւորել հոգեւոր բարձր ու խոր արժէքներով, որոնք կը կանխեն բանականութեան խելագարութիւնը եւ անպատասխանատուութիւնը` դարձեալ գործելու անցեալի սխալները»։

Աւետարանը կենսական աւիշ

«Որպէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդ, Եկեղեցւոյ անունով, որ մասնագէտ է մարդկայնութեամբ, ուղարկուած եմ այստեղ վկայելու` թէ այս կենսական աւիշը, անձնական և սոցիալական նորոգումի մշտական նոր ուժը` Աւետարանն է: Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը, որ միակն է կարող բարին գործելու նաեւ դժուար իրադարձութիւններու ժամանակ, մարելու ատելութիւնը, եւ հաշտեցնելու հակամարտութեան մէջ գտնուող կողմերը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը մաղթելով, որ իւրաքանչիւր այր մարդ ու կին կարելիութիւնը ունենայ ազատ կամքով ճանչնալու Յիսուսին Աւետարանը։

Բոլորին համար կառուցելու անվտանգութիւն եւ խաղաղութիւն

Ճառի վերջին հատուածին մէջ Քահանայապետը նշեց, որ Լիւքսեմպուրկը կարող է բոլորին ցոյց տալ խաղաղութեան, գաղթականներու ու փախստականներու ընդելուզման խթանումին առաւելութիւնները ու Պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան բարիքները։

«Հրատապ կարիքը կայ, որ անոնք, որոնք ներգրաւուած են Իշխանութեան մէջ յանձնառու ըլլան հետեւողականութեամբ եւ համբերութեամբ, հակառակութիւններու լուծումներու համար ազնիւ բանակցութիւններու մէջ… բոլորի համար կառուցելու անվտանգութիւն եւ խաղաղութիւն» եղան Սրբազան Քահանայապետին արտասանած ճառին կոչերէն մին։

Ծառայութիւնը

«Pour servir», «Ծառայելու համար». այս կարգախօսով ես եկայ ձեր մօտ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ այս մէկը «ուղղակիօրէն և մեծապէս կը վերաբերի Եկեղեցւոյ առաքելութեան, զոր Քրիստոս, Տէրը` որ ծառայ դարձաւ, ուղարկեց աշխարհ, այնպէս ինչպէս Հայրը Զինք ուղարկած էր»։

«Բայց թոյլ տուէք յիշեցնել ձեզի, որ ծառայութիւնը, ձեզմէ իւրաքանչիւրի համար ազնուականութեան ամենաբարձր կոչումն է, գլխաւոր պարտականութիւնը, ոճ զոր պէտք ստանձնել ամէն օր» յարեց Նորին Սրբութիւնը մաղթելով, որ ամենաբարին Աստուած անոնց «պարգեւէ շնորհքը այս մէկը կատարելու ուրախ եւ վեհանձն հոգիով», հուսկ բոլոր ներկաները, Լիւքսեմպուրկն ու համայն աշխարհը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին ու անոր բարեխօսութեան «որպէսզի իր Զաւկէն` Յիսուսէն ընդունի խաղաղութիւն եւ ամենայն բարիք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2024, 12:32