Որոնել

Մենք կը գտնուինք պատերազմի սեմին` որ գրեթէ համաշխարհային է. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Պելճիքան անփոխարինելի կամուրջ է՝ խաղաղութիւն կառուցելու և պատերազմը ժխտելու» ըսաւ Քահանայապետը Պրիւքսելի մէջ, Երկրի քաղաքական ու եկեղեցական Իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ու մշակութային աշխարհը ներկայացնող անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ խրախուսելով դաս քայել անցեալէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 27 Սեպտեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ հինգշաբթի 26 սեպտեմբերի երեկոյեան աւարտած էր առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիպացող Լիւքսեմպուրկի այցելութիւնը ու փոխադրուած Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլ, առաւօտեան ժամը 9ին փոխադրուեցաւ Պրիւքսելի «Laeken»ի Դղեակ, որ կը գտնուի Պրիւքսէլէն 11,9 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ նստավայրն է Պելճիքայի Թագաւորին, ուր ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան պաշտօնական արարողութիւնները։

Դիմաւորում
Դիմաւորում

Դիմաւորում

Պալատի մուտքին Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Պելճիքայի Թագաւորին ու Թագուհիին կողմէ, ապա անոնք միասնաբար մուտք գործեցին Պալատ, ուր տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան հանդիպումը, որուն աւարտին Քահանայապետը նոյն վայրին մէջ հանդիպեցաւ երեք հարիւրէ աւելի Քաղաքական ու Եկեղեցական Իշխանութիւնները, քաղաքացիական հասարակութիւնը ու մշակութային աշխարհը ներկայացնող անդամներուն հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Քահանայապետին ճառը

Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել Թագաւորին ու ներկաներուն իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան համար, ապա ուրախութիւն յայտնեց Պելճիքան այցելելուն համար, Երկիր` որ «մեծ չէ բայց անոր իւրայատուկ պատմութիւնը այնպէս ըրաւ, որ ան Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետքը դառնայ եւրոպական կառոյցներու բնական կեդրոն....շնորհիւ այն հանգամանքին, որ ան կը գտնուէր գերմանական աշխարհի և լատինական աշխարհի միջև, սահմանակից Ֆրանսային և Գերմանիային, որոնք ամենաշատ կերպով կը մարմնաւորէին հակամարտութեան հիմք հանդիսացող ազգայնական հակասութիւնները» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ «Պելճիքան յայտնուեցաւ որպէս իտէալական վայր, որտեղէն նորէն սկսիլ ֆիզիկական, բարոյական և հոգևոր վերակառուցումը»։

Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահական պալատ ժամանումը
Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահական պալատ ժամանումը

Պելճիքան կամուրջ

«Կարելի է ըսել, որ Պելճիքան կամուրջ է՝ ցամաքամասի և Բրիտանական կղզիներու միջև, գերմանական և ֆրանսախօս տարածքներու միջև, Եւրոպայի հարաւի և հիւսիսի միջև: Կամուրջ, որ թոյլ կու տայ որ ներդաշնակութիւնը ընդլայնուի և վէճերը նահանջեն: Կամուրջ, որտեղ իւրաքանչիւրը իր լեզուով, իր մտածելակերպով և իր համոզմունքներով կը հանդիպի միւսին և կ՛ ընտրէ խօսքը, երկխօսութիւնը, եւ կիսումը. որպէս յարաբերուելու միջոց: Վայր, որտեղ կարելի է սորվիլ սեփական ինքնութիւնը դարձնել ոչ թէ կուռք կամ արգելք, այլ հիւրընկալ տարածք, որտեղէն սկսիլ և վերադառնալ, որտեղ խթանել վաւեր փոխանակումները և միասին փնտռել նոր հաւասարակշռութիւններ.... կամուրջ, որ կը խթանէ առևտուրը, կը կապէ և թոյլ կու տայ քաղաքակրթութիւններուն երկխօսիլ: Ուստի անփոխարինելի կամուրջ՝ խաղաղութիւն կառուցելու և պատերազմը ժխտելու համար» եղան Քահանայապետին արտասանած խօսքերը։

Եւրոպան պէտք ունի Պելճիքային

«Ահա այսպէսով է` որ կը հասկցուի թէ որքան մեծ է փոքրիկ Պելճիքան: Կը հասկցուի, թէ ինչպէս Եւրոպան անոր պէտք ունի յիշելու համար իր պատմութիւնը, որ կազմուած է ժողովուրդներէ և մշակոյթներէ, տաճարներէ և համալսարաններէ, մարդկային հնարամտութեան նուաճումներէ, ինչպէս նաև բազմաթիւ պատերազմներէ և գերիշխանութեան ցանկութենէ մը, որ երբեմն դարձաւ գաղութատիրութիւն և շահագործում» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը:

«Եւրոպան պէտք ունի Պելճիքային յառաջ տանելու համար խաղաղութեան եւ զայն կազմող ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան ուղին»։ Այս Երկիրը բոլորին կը յիշեցնէ, թէ երբ կը սկսինք այլևս չի յարգել սահմաններն ու պայմանագրերը և զէնքին կը թողունք իրաւունք ստեղծելու իրաւունքը, տապալելով գոյութիւն ունեցող օրէնքը, այդ պահուն ... բոլոր քամիները կը սկսին ուժգին փչել՝ ցնցելով տունը և սպառնալով քանդել զայն»։

Նախագահական Պալատին մէջ
Նախագահական Պալատին մէջ

«Այս պատմական պահի ընթացքին Պելճիքան շատ կարեւոր դեր մը ունի խաղալիք։ Մենք կը գտնուինք պատերազմի մը սեմին. որ գրեթէ համաշխարհային է»» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ շարունակեց. «Իրականութեան մէջ, ներդաշնակութիւնն ու խաղաղութիւնը մէկ անգամ ընդմիշտ ձեռք բերուող նուաճում մը չեն, այլ պարտականութիւն եւ առաքելութիւն, որ պէտք է մշակել եւ որուն պէտք է հոգ տանիլ համառութեամբ և համբերութեամբ»։

Քահանայապետը ապա կարեւորեց «անցեալի յիշողութիւնը» ու սխալներէն դաս քաղելու անհրաժեշտութիւնը։

Պատմութիւնը կեանքի ուսուցիչ

«Պատմութիւնը, «magistra vitae» «Կեանքի ուսուցիչ» որ շատ յաճախ ունկնդրուած չէ, Պելճիքայէն Եւրոպային կոչ կ՛ուղղէ, վերսկսելու իր ուղին, վերագտնելու իր իրական դէմքը, նորէն ներդրումներ կատարելու ապագայի վրայ, բացուելով կեանքին եւ յոյսին, յաղթելու համար ժողովրդագրական ձմեռը և պատերազմի դժոխքը», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով` որ «Կաթողիկէ Եկեղեցին, վկայելով իր Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ հաւատքը, կ՛ուզէ ըլլալ ներկայութիւն մը, որ նոր ու հին յոյս մը կը նուիրէ... ներկայութիւն, որ բոլորին օգնէ դիմակայելու մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները.... վստահ ըլլալով, որ Աստուծոյ կողմէ սիրուած մարդ արարածը ունի յաւերժական խաղաղութեան և բարութեան կոչում և նախատեսուած չէ տարրալուծման և ունայնութեան»:

Թագաւոր ու Թագուհիին հետ
Թագաւոր ու Թագուհիին հետ

Եկեղեցւոյ դերը` ոտնձգուիւնները ու ներում խնդրելու հրամայականը

«Եկեղեցին կը հռչակէ Աւետիս մը, որ կարող է ուրախութեամբ լեցնել սրտերը և, բարեգործական գործերով և ուրիշներու հանդէպ սիրոյ անհամար վկայութիւններով, կը ձգտի առաջարկել շօշափելի նշաններ և ապացոյցներ այն սիրոյ, որ զինք կը շարժէ», ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ակնարկելով այսօրեայ ընկերութեան իրականութեան, որ «շատ անգամ չի հասկնար աւետարանական պատգամը» եւ ասկէ մեկնելով ակնարկեց նաեւ Եկեղեցիէն ներս ցաւալի իրականութեան, անչափահասներու դէմ գործադրուած ոտնձգութիւններուն. «Վէրք մը` որ Եկեղեցին կը դիմագրաւէ վճռականութեամբ եւ հաստատակամութեամբ, ունկնդրելով եւ ընկերանալով վիրաւոր անձերուն ու համայն աշխարհին մէջ ի գործ դնելով կանխարգիլման համատարած ծրագիրներ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը այս իրողութիւնը համարելով «ամօթ» մը, որուն համար բոլորս պէտք է ներողութիւն խնդրել։

«Այսօր Եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունի այս ոճիրը, եւ Եկեղեցին պէտք է ամչնայ ու ներողութիւն խնդրէ, եւ փորձէ քրիստոնէական հեզութեամբ լուծում գտնել այս հարցին, այնպէս ընելով որ այսպիսի բաներ դարձեալ չի կրկնուին» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա իր տխրութիւնն ու ցաւը արտայայտեց նաեւ անցեալ դարու 50ական եւ 70ական թուականներուն ի գործ դրուած «Հարկադիր որդեգրումներ»ու երեւոյթին ի տես, ուր շատ անգամ ամուսնութենէն դուրս ծնուած մանուկները կը խլուէին իրենց մայրերէն ու որդեգրութեան կը տրուէին այլ ընտանիքներու, բոլորի, ներառեալ Եկեղեցւոյ, համաձայնութեամբ, մտածելով որ այս մէկը բարիք էր մօր ու զաւկին համար։

Իշխանութիւններուն հետ հանդիպում
Իշխանութիւններուն հետ հանդիպում

Դաս քաղել անցեալէն ու խուսափիլ պատերազմի վտանգէն

«Որպէս Պետրոս առաքեալի յաջորդ՝ ես կ՛աղօթեմ Տիրոջ, որպէսզի Եկեղեցին միշտ իր մէջ գտնէ պարզաբանելու ուժը և չհամապատասխանելու գերիշխող մշակոյթին, նոյնիսկ երբ այդ մշակոյթը կ՛օգտագործէ արժէքներ, շահարկելով զանոնք, որոնք կը բխին Աւետարանէն» եւ «կ՛աղօթեմ, որպէսզի Պետութիւններուն պատասխանատուները նայելով Պելճիքային ու անոր պատմութեան, գիտնան դաս քաղել եւ այդպիսով իրենց ժողովուրդը խնայեն անվերջ աղէտներէ եւ անթիւ սուգերէ։ Կ՛աղօթեմ, որպէսզի կառավարութիւնները իմանան, ինչպէս ստանձնել խաղաղութեան պատասխանատուութիւնը, անոր գրաւն ու պատիւը, և իմանան, ինչպէս խուսափիլ պատերազմի վտանգէն, անարգութիւնենէն և անհեթեթութիւնէն: Կ՛աղօթեմ, որ անոնք վախ ունենան խղճի, պատմութեան և Աստուծոյ դատաստանէն և դարձի գան իրենց հայեացքով ու սրտով՝ միշտ առաջին տեղ դնելով ընդհանուր բարիքը:

Իշխանութիւններուն հետ հանդիպում
Իշխանութիւններուն հետ հանդիպում

Յոյսը` իրականութիւն որ կը կրենք մեր սրտին մէջ

«Այս պահուն, երբ տնտեսութիւնը այսքան զարգացած է, կ՛ուզեմ ընդգծել, որ որոշ երկիրներուն մէջ ամենաշատ եկամուտ ստացող ներդրումները` զէնքի գործարաններն են» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը որ ապա ճառը աւարտեց ըսելով.

Ձերդ մեծութիւն, տիկնայք և պարոնայք, ձեր Երկիր իմ այցելութեանՍ կարգախօսն է «En route, avec Espérance»: Այն փաստը, որ «Espérance-ը» գրուած է գլխագիր, զիս կը մղէ մտածել, թէ յոյսը բան մը չէ` որ ուղեւորութեան ընթացքին կը կրենք մեր պայուսակին մէջ, ոչ, յոյսը Աստուծմէ մեզի տրուած պարգև է, և զայն կը կրենք մեր սրտին մէջ: Ուստի կ՛ուզեմ ձեզի եւ Պելճիքայի մէջ ապրող այր մարդոց ու կիներուն թողուլ այս մաղթանքը` «Թող, որ դուք միշտ խնդրէք և ընկալէք Սուրբ Հոգիին այս պարգեւը Յոյսը, որպէսզի միասին քալէք Յոյսով, կեանքի և պատմութեան ճանապարհներուն վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2024, 10:51