«Ոչ ատելութեան, այո' սիրոյ եւ ծառայութեան», Սրբազան Պապը Թիմոր Լեսթի երիտասարդներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 11 սեպտեմբերին, Առաքելական Միջազգային 45րդ Ճամբորդութեան 10րդ օրը յատկանշուեցաւ Նորին Սրբութեան Թիմոր Լեսթէն` ճամբորդութեան երրորդ հանգրուանէն, Սինկափուր` ճամբորդութեան չորրորդ ու վերջին հանգրուան փոխադրուիլը։
Արդարեւ Ան առաւօտեան կանուխ Թիմոր Լեսթի Պապական Նուիրակութեան մէջ մատուցեց պատարագ, ապա հրաժեշտ առնելէ ետք Նուիրակութեան անձնակազմէն ուղղուեցաւ Տիլիի 60ական թուականներուն Փորթուկալական գաղութային ոճով կառուցուած Համաժողովներու Կեդրոն, այնտեղ հանդիպելու համար Թիմոր Լեսթի երիտասարդներուն հետ։
Հանդիպման վայր ժամանելուն Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Թիմոր Լեսթի Երիտասարդութեան ի սպաս Կաթողիկէ Ազգային Յանձնախումբի նախագահէն ու անոր ընկերացող մի քանի երիտասարդներէն։
Աղմկարար երիտասարդներ
Հանդիպումը սկիզբ առաւ վերոնշեալ յանձնախումբի Նախագահին բարի գալուստի խօսքով, որուն յաջորդեցին չորս երիտասարդներու վկայութիւնները, որոնցմէ ետք խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ մէկդի դնելով առիթին համար պատրաստուած գրաւոր ճառը, ողջունեց երիտասարդները եւ զրոյցը սկսաւ անոնց հարց տալով. «Ի՞նչ կ՛ընեն երիտասարդները», պատասխաններ ակնկալելով անոնցմէ։
Առաջինը` երիտասարդուհի մըն էր, որ ըսաւ. «Քրիստոսը հռչակել»։ Այլ մէկը «Աստուծոյ Խօսքը հռչակել», «Սիրել մէկը միւսը» արձագանգեց այլ երիտասարդ մը։ «Ուրիշ ի՞նչ կ՛ընեն» յարեց Նորին Սրբութիւնը։ «Պէտք է որ խաղաղութիւնը մշակենք մեր Երկրին մէջ»։ «Շատ լաւ, ըսաւ Սրբազան Պապը, շատ լաւ, բայց այլ բան մը կայ զոր երիտասարդները կ՛ընեն. Աղմկարար են։ համաձա՞յն էք»։
Երիտասարդներու Երկիր
«Դուք երիտասարդներու երկիր էք, բնակչութեան մեծամասնութիւնը, եւ ձեր ներկայութեամբ այս հողը կը լեցնէք կեանքով, յոյսով ու ապագայով» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով ներկաները չի դադրիլ ժպտալէն ու նաեւ չի կորսնցնել հաւատքի եռանդը։
Ան ապա զգուշացուց զանոնք խաբուսիկ երջանկութիւն առաջարկողներէն, ինչպէս թմրանիւթերը, ու խրախուսեց յառաջ ընթանալու երիտասարդութեան ուրախութեամբ, չմոռնալով սակայն թէ «իրենք ժառանգորդներն են անոնց, որոնք իրենցմէ առաջ ստեղծեցին այս ազգը»։
Մի կորսնցնէք ձեր յիշողութիւնը
«Հետեւաբար, մի կորսնցնէք ձեր յիշողութիւնը: Յիշատակն անոնց, որոնք ձեզ կանխեցին և այդքան զոհողութիւններով ամրացուցին այս ազգը» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով նաեւ երիտասարդներուն վերապահուած այլ մէկ յատկութիւնը` «Երիտասարդը պէտք է երազէ, երազէ մեծ բաներ։ Երազ չտեսնող երիտասարդը թոշակառու է.... Երիտասարդները պէտք է աղմուկ բարձրացնեն, ցոյց տան իրենց կենսունակութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը։
Կեանքի ամենագեղեցիկ հարստութիւններէն մէկը` տատիկ պապիկները
Անոր սրտին խօսող այլ նիւթ մը տարեցներն են, զոր ան որակեց «կեանքի ամենագեղեցիկ հարստութիւններէն մէկը»` տատիկ պապիկները։ «Անոնք գանձ մըն են, եւ այս ժողովուրդի երկու գանձերը երեխաներն ու ծերերն են» նշեց ապա Ան, պատուիրելով հոգ տանիլ տարեցներուն «որոնք յիշողութիւնն են»։
Անդրադարձ կատարելով ապա Երկրի հերոսութեան, հաւատքի, նահատակութեան, ներման ու հաշտութեան պատմութեան, որպէս անոնց տիպար ներկայացուց Յիսուսը` «առաջինը, որ կարողացաւ ներել ու ցանկանալ հաշտուիլ»։ «Յիսուս, մեր եղբայրը, որ կը սիրէ մեզ բոլորս» ըսաւ Քահանայապետը երիտասարդներուն առաջարկելով երեք կեդրոնական արժէքներ. ազատութիւն, յանձնառում, եղբայրութիւն»:
Ազատութիւնը
Խօսելով ազատութեան մասին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց զանոնք ըլլալ ազատ եւ չի կաշկանդուիլ անցողական բաներու, ինչպէս բջիջային հեռաձայնը կամ այլ հրապոյրները, այլ ըլլալ պատասխանատու դերակատարներ իրենց ապագային եւ իրենց ընտրանքները կողմնորոշեն միշտ դէպի ընտանեկան միութիւնը, մարդոց ու արարչագործութեան յարգանքը։
Յանձնառումը
«Ազատ ըլլալ չի նշանակեր մեր ուզածը ընելը, երիտասարդը պէտք է գիտնայ, թէ ինք պարտականութիւններ ունի եւ այդ պարտականութիւններէն մին արարչագործութեան հոգ տանիլն է եւ ասոր համար երիտասարդը պէտք է յանձնառու ըլլայ եւ դիմագրաւէ նաեւ դժուար պահերը, այնպէս ինչպէս ըրին ձեր ծնողները, տատիկ պապիկները, այս Երկիրը ազատ դարձնելու համար» ըսաւ Քահանայապետը։
Եղբայրութիւնը
Կայ ապա այլ արժէք մը` եղբայրութիւնը։ Եղէք եղբայրներ` ոչ թշնամի։ Լաւ է որ երիտասարդները տարբեր գաղափարներ ունենան բայց ոչ թէ մէկը միւսին դէմ պայքարելու համար, այլ մէկը միւսը յարգելու, հակառակ տարբերութիւններուն» եղաւ Նորին Սրբութեան երիտասարդներուն ուղղած այլ մէկ խրատը, ընդգծելով թէ «ատելութիւնը բարի վերաբերմունք մը չէ, բարի վերաբերմունքը սէրն ու ծառայութիւնն է», ու հրաւիրեց երիտասարդները, որ միասնաբար կրկնեն. «Ոչ ատելութեան, այո սիրոյ եւ ծառայութեան»։
Սիրեցէք զիրար
«Սիրելի երիտասարդներ եղէք ձեզ կանխող պատմութեան ժառանգները, ու զայն յառաջ տարէք, քաջութիւնն ունեցէք յառաջ ընթանալու եւ յառաջ տանելու բաները ու եթէ վիճաբանիք հաշտուեցէք...ապա սիրեցէք զիրար անկախ ցեղային եւ կրօնական տարբերութիւններէն» եղան Քահանայապետին վերջին թելադրանքները, որմէ ետքը ան հայցեց Աստուածային օրհնութիւնները եւ հաւաքի աւարտին հրաժեշտ առնելէն առաջ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն` անոնց ժպիտին եւ ուրախութեան համար եւ ուզեց յիշեցնել անոնց փոխանցած իր խրատները, առաջինը` ըլլալ աղմկարար, երկրորդը` յարգել տարեցները, կերտել պատմութիւնը։
«Ես կը թողում այս Երկիրը, որ ժպիտ մըն է ձեր դէմքերով եւ ձեր յոյսերով. Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաժեշտ առնելով երիտասարդներէն։
Կեդրոնէն չմեկնած Ան ազատ արձակեց խաղաղութեան խորհրդանիշ աղաւնիներ ապա ողջունեց կեդրոնի հրապարակին վրայ ներկայ գտնուող միւս երիտասարդները։
Տեղական ժամով 10,30ին (Հռոմ` 3,30) Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ Տիլիի միջազգային օդակայան, ուր տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութենէն ետքը բարձրացաւ օդանաւ եւ իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ուղղուեցաւ ճամբորդութեան վերջին հանգրուան` Սինկափուր, ուր ժամանեց գրեթէ չորս ժամ տեւած թռիչքէն մը ետք, սաւառնելէ ետք Թիմոր Լեսթի եւ Ինտոնեզիայի օդային տարածքներէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ