«Եղէք քնքուշ, եղէք խիզախ» գիրքը. Աշխարհի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսեաններուն հետ ունեցած երկխօսութիւնները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պիտի ներկայացուի Հայր Սփատարոյի կողմէ խմբագրուած«Եղէք քնքուշ, եղէք խիզախ» վերնագիրով գիրքը։ Գիրքին մէջ ամփոփուած են միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ ունեցած 18 զրոյցները։
Առաքելութեան իմաստը
Գիրքին վերնագիրը կը յիշեցնէ 2022 թուականին փետրուարին, Քոնկոյի հանրապետութեան մէջ խումբ մը միաբանակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղած խօսքերը, որ սիրոյ պատգամն է, ինչպէս նաեւ յանձնառութեան յայտարարութիւն։ Աշխարհի մէջ առաքելական ճամբորդութիւններուն ընթացքին, Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ ունեցած առանձնական հանդիպումի ընթացքին, Քահանայապետը յաճախ արտայայտած է իր առաքելութեան խոր իմաստը։
Քահանայապետական արժէքները
Հայր Սփատարոն ճամբորդելով Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, ականատես եւ վկայ եղած է այդ ընտանեկան բաժնեկցութեան պահերուն ու հատորին մէջ հաւաքած է մինչեւ օրս տեղի ունեցած 18 զրոյցները, որոնք կը հաղորդեն եւ կը վերակենդանացնեն Ֆրանչիսկոս Պապին հովուապետութեան հիմնական արժէքները՝ շնորհքէն մինչեւ մխիթարութիւն, ազատութենէն մինչեւ յոյսը, մինչեւ պատրաստակամութիւն՝ առանց վախի բացուելու վերանորոգումի, հաւատքին մէջ ինչպէս նաեւ օրէնքի եւ բարոյականութեան մէջ ու յատուկէն ցոյց տալու ուրիշներուն հանդէպ մօտիկութիւն եւ կարեկցութիւն, որոնք Աստուծոյ ոճի գիծ են։
Գիրքի ներկայացումը
Հայր Անթոնիօ Սփատարօ իր հատորը պիտի ներկայացնէ կիրակի 22 սեպտեմբերին, Հռոմի մէջ երկխօսելով Մասիմօ Ռէքալաթիի հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ