«Laudato Si'» բարձրագոյն կրթութեան կենտրոնի անդամները Քահանայապետին մօտ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 19 սեպտեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը օրուան պաշտօնական հանդիպումները սկսաւ ունկնդրութիւն շնորհելով «Laudato Si'» բարձրագոյն կրթութեան կենտրոնի անդամներուն։ Կենտրոնը, որ հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, 2023 թուականին, գիտական, կրթական և հասարակական գործունէութեան մարմին է, որ կ՛ աշխատի անձի ամբողջական ձևաւորման ի սպաս՝ համաձայն Սրբազան Քահանայապետին հրատարակած «Laudato Si» շրջաբերականի սկզբունքներուն:
Ողջունելով ներկաները Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց գործունէութեան համար ակնարկելով նաեւ «Borgo Laudato si’» ծրագրին, զոր ինք ուզած է իրականացնել Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցի գեղեցիկ պարտէզներուն մէջ, սոյն ծրագիրը յանձնելով վերոնշեալ կեդրոնին, ուր «փորձարկել կազմաւորման բովանդակութիւններ» ըսաւ Քահանայապետը։
«Laudato Si'» բարձրագոյն կրթութեան կենտրոնի իրագործած աշխատանքները
Ան ապա անդրադարձաւ վերջին այս ամիսներուն «Laudato Si'» բարձրագոյն կրթութեան կենտրոնի իրագործած աշխատանքներու մասին, համագործակցութեամբ ազգային ու միջազգային մասնագէտներու, իրականացնելու համար երեք ուղղութիւններով ծրագիրը` ներառական կրթութեան, համապարփակ բնապահպանութեան, շրջանաձև և ստեղծարար տնտեսութեան և շրջակայ միջավայրի կայունութեան ոլորտներուն մէջ:
Borgo Laudato si'-ին
«Ծրագրի էական տարրերէն մէկը, անկասկած, գիւղատնտեսութիւնն է, զոր Borgo Laudato si'-ի մէջ կը ցանկանայ զանազանուիլ կայունութեամբ և ձեւերու տարբերութիւններով, ներդրումներ կատարելով ենթակառուցուածքներուն մէջ, ոռոգման համակարգերուն մէջ և գիւղատնտեսական արհեստագիտութեան մշակմամբ, որոնք կը յարգեն շրջապատի համակարգը և կենսաբազմազանութիւնը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ ինչպէս « Borgo» ի ծրագրին միջոցաւ կարելի եղաւ մշակել գինիի արտադրութեան համար խաղողի այգի մը։
Սրբազան Պապը խնդակցութիւնը արտայայտեց նաեւ ի տես այն իրողութեան որ վերոնշեալ ծրագիրին համար անհրաժեշտ եղաւ ներգրաւել բազմաթիւ աշխատաւորներ, այս մէկը նկատելով «մարդկային ընտանիքի եւ արարչութեան հետ բարի եւ պտղաբեր փոխյարաբերութիւն», որ կ՛իրականանայ աշխատանքի մը միջոցաւ, որ հոգ կը տանի եւ կը պահպանէ Արարիչէն մեզի յանձնուած բարիքները»։
Ան ի վերջոյ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ու քաջալերեց յառաջ ընթանալու աշխատանքին մէջ, իր օրհնութիւնները շնորհելով բոլորին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ