Որոնել

Քահանայապետին անակնկալը վեց հազար երիտասարդներուն

Նորին Սրբութիւնը Յիսուսեան միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն հետ հանդիպելէն ետքը անակնկալ կերպով ուզեց այցելել «Brussels Expo» համալիրը այցելելու եւ ողջունելու համար` «Hope Happiness» եղբայրութեան ձեռնարկին մասնակցող վեց հազար երիտասարդները, որոնք երկրորդ օրը պիտի մասնակցէին Քահանայապետի ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պելճիքա կատարած միջազգային առաքելութեան ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը շաբաթ 28 սեպտեմբերի երեկոյեան, օրակարգի մէջ նախատեսուած Յիսուսեան միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն հետ հանդիպելէն ետքը անակնկալ կերպով ուզեց այցելել «Brussels Expo» համալիրը, որ կը գտնուի Պալտովինօ Թագաւորի անուամբ մարզադաշտին մօտակայքը, ուր կիրակի տեղի պիտի ունենայ եզրափակիչ պատարագը, այցելելու եւ ողջունելու համար` «Hope Happiness» եղբայրութեան ձեռնարկին մասնակցող վեց հազար երիտասարդները, որոնք երկրորդ օրը պիտի մասնակցէին Քահանայապետի ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագին։

Առաջին անգամը չէ` որ Նորին Սրբութիւնը օրակարգէն դուրս այցելութիւններ ու հանդիպումներ կ՛ունենայ եւ այս օրերուն բազմաթիւ եղան այսպիսի անակնկալները ինչպէս շաբաթ 28 սեպտեմբերի առաւօտեան երբ Ան ուզեց այցելել Սէն Ժիլ Եկեղեցին ու նախաճաշը կիսել Ժողովրդապետութեան մօտ հիւրընկալուած մի քանի տնանկներուն հետ։

Նորին Սրբութեան համալիր ժամանումը ընկալուեցաւ երիտասարդական աղմկարար մեծ խանդավառութեամբ, երգերով եւ ծափողջոյններով։ Այնտեղ կային նաեւ ընտանիքներ, քահանաներ, մայրապետներ։ Քահանայապետը մուտք գործեց «Jesus Christ» երիտասարդական հաւաքներու երգին ընկերակցութեամբ մինչ բոլոր ներկաները ոտքի կանգնած իրենց բջիջային հեռաձայններով կ՛ուզէին անմահացնել այդ պահը։

Քահանայապետը ակնարկ մը նետելէ ետքը ներկաներուն զանոնք ողջունեց «բարի երեկոյ» պարզ խօսքերով որ ապա դարձաւ իր ու երիտասարդներուն միջեւ երկխօսութիւն։

«Ես ձեզի հարցում մը ունիմ ուղղելիք, դուք գիտէք թէ ի՞նչ կ՛ընեն երիտասարդները։ Ես պիտի պատասխանեմ։ Անոնք աղմկարար են։ Եւ եթէ դուն որ երիտասարդ ես եւ ձանձրալի ես, քեզի կը պակսի երիտասարդութիւնը։ Ես ձեզի խրատ մը պիտի տամ. Յառաջ ընթացքէ։ Աղմուկ հանեցէք, ու ձեր մտքին մէջ ունեցէք Տէրը, Տիրոջ յիշողութիւնը աղօթքի միջոցաւ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա ընդհատելով երիտասարդներուն ծափահարութիւնը շարունակեց. «Կը յորդորեմ, որ միշտ օգնէք ուրիշին։ Հարց մը ունիմ ձեզի ուղղելիք. «Լա՞ւ է մէկու մը նայիլ վերէն վար»։ «Ոո՛ոչ» պատասխանեցին ներկաները։ «Սակայն պարագայ մը կայ որուն համար կարելի է այդ մէկը։ Գիտէ՞ք երբ։ Միայն երբ ուրիշ մը պիտի օգնէք, որ վերականգնի» յարեց Սրբազան Պապը ապա մատնացոյց ըրաւ մանուկ մը, որ մօր գիրկին մէջ էր եւ ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք այդ մանուկը։ Անիկա ամենամեծն է ձեր մէջ։ Որովհետեւ Յիսուս մեզի ըսաւ թէ ամենամեծը ան է, որ մանուկ դարձած է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա թելադրեց, որ անոնց երբեք զանց չընեն աղօթքը ու խօսքը աւարտեց ժամադրութիւն տալով կիրակի օրուայ պատարագին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2024, 23:00