Որոնել

Լիւքսեմպուրկի աթոռանիստ Եկեղեցին Լիւքսեմպուրկի աթոռանիստ Եկեղեցին  

Սրբազան Պապը հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթքով ընկերանան վաղը սկիզբ առնող իր առաքելական ճամբորդութեան

«Ձեր աղօթքներուն կը յանձնեմ ճամբորդութիւնը զոր պիտի սկսիմ վաղը դէպի Լիւքվեմպուրկ եւ Պելճիքիա, որպէսզի ան այդ երկրներուն մէջ ըլլայ հաւատքի նոր սլացքի հնարաւորութիւն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վաղը 26 սեպտեմբերէն եւ մինչեւ 29 սեպտեմբեր Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Եւրոպայի սիրտը հանդիսացող Լիւքսեմպուրկ եւ Պելճիքա։  Ճամբորդութիւն,  որ Քահանայապետութեան 46րդն է, եւ որ տեղի կ՛ունենայ անցեալ շաբաթներուն Ինտոնեզիա, Փափուա Նոր Կինէա, Թիմոր Լեսթ եւ Սինկափուր կատարած առաքելական ճամբորդութենէն ետքը, որ հանդիսացաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան ամենաերկար ճամբորդութիւնը։

25 սեպտեմբերի Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Քահանայապետը հաւատացեալներէն խնդրեց հոգեւոր ուղեկցութիւն. «Ձեր աղօթքներուն կը յանձնեմ ճամբորդութիւնը զոր պիտի սկսիմ վաղը դէպի Լիւքվեմպուրկ եւ Պելճիքա, որպէսզի ան այդ երկիրներուն մէջ ըլլայ հաւատքի նոր սլացքի հնարաւորութիւն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Նշենք` որ Քահանայապետը հինգշաբթի 26 սեպտեմբերի առաւօտեան Վատիկանէն պիտի մեկնի առաւօտեան կանուխէն ուղղուելով Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն, իրեն հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ժամը ութի ժամանակները Իտալական օդանաւային Իթա ընկերութեան թռիչքով պիտի փոխադրուի Լիւքսեմպուրկ. որ պիտի հանդիսանայ ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը, եւ պիտի տեւէ միայն մէկ օր, ուր ան պիտի ժամանէ գրեթէ երկու ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք, սաւառնելով Իտալիոյ, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ եւ Պելճիքայի օդային տարածքներուն վրայէն, այս Երկիրներու ղեկավարներուն ուղղելով նաեւ քաղաքավարական հեռագիրներ։

Լիւքսեմպուրկ ժամանելուն Սրբազան Պապը պիտի դիմաւորուի Լիւքսեմպուրկի Դուքսերուն կողմէ ապա քաղաքավարական այցելութիւն պիտի տայ Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դուքսին` Դքսութեան Պալատէն ներս, ուր հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Լիւքսեմպուրկի Վարչապետին հետ, որմէ ետքը պիտի փոխադրուի «Cercle Cité» պալատ ուր նախատեսուած է Անոր հանդիպումը Երկրի քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն, ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։

Նոյն օրը կէսօրէն ետքը Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ Լիւքսեմպուրկի Կաթողիկէ Հասարակութեան հետ, «Նոթր Տամ» Աթոռանիստ Տաճարին մէջ, ապաւ հանդիպումի աւարտին պիտի ուղղուի օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի արարողութենէն ետքը պիտի ուղղուի ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող Պրիւքսէլ քաղաք, ուր պիտի ժամանէ երեկոյեան ժամը եօթի ժամանակները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2024, 10:45