Սրբազան Պապը հրաժեշտ առաւ Ինտոնեզիայէն եւ ուղղուեցաւ Փափուա Նովա Կինէա
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 6 սեպտեմբեր 2024ը, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ անոր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն համար եղաւ հրաժեշտի եւ ընդունելութեան օր մը։ Արդարեւ Ան, անցեալ երկուշաբթի օր սկիզբ առած իր Քահանայապետութեան միջազգային 45րդ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս հրաժեշտ առաւ Ինտոնեզիայի մայրաքաղաք Ճաքարթայէն եւ ուղղուեցաւ Փափուա Նովա կինէայի մայրաքաղաք` Փորթ Մորսպի։
Հրաժեշտ Ինտոնեզիայէն
Տեղական ժամով 7ին (Հռոմ` 2,00ին) Սրբազան Քահանայապետը Ճաքարթայի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ, մատուցեց սուրբ պատարագ, հուսկ ժամը 8,30-ին ողջունելէ ետք Առաքելական Նուիրակութեան աշխատակազմը ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Ճաքարթայի միջազգային օդակայան, ուր Ինտոնեզիայի Կրօնական Հարցերու նախարարի ներկայութեամբ տեղի ունեցած բարի երթի արարողակարգէն ետքը, տեղական ժամով 10,37ին (Հռոմ 5,37) բարձրացաւ օդանաւ ուղղուելով դէպի Փորթ Մորսպիի «Jacksons International Airport» միջազգային օդակայան, ուր կը ժամանէ գրեթէ վեց ժամ տեւած թռիչքէ մը ետք կտրելէ ետք 4.693 քմ ճանապարհ։
Շնորհակալութեան հեռագիր
Թռիչքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հեռագիր մը ուղղեց Ինտոնեզիայի նախագահին, որուն մէջ իր խոր երախտագիտութիւնը ուզեց յայտնել Անոր ու պատկան իշխանութիւններուն ու նաեւ համայն ինտոնեզիայի ժողովուրդին, իրեն ցուցաբերուած «եղբայրական արարքներուն» համար, գրեց Ան, աւելցնելով «մինչ կը շարունակեմ իմ առաքելական ճամբորդութիւնս դէպի Փափուա Նովա Կէնա, Թիմոր Լեսթ եւ Սինկափուր, տարբեր առիթներով պիտի անցնիմ Ինտոնեզիայի օդային տարածքէն եւ ամէն անգամ սիրով պիտի յիշեմ ձեր Երկիրը, որուն վրայ կը հայցեմ աստուածային օրհնութիւններ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ