Որոնել

2024.09.08 Viaggio Apostolico in Papua Nuova Guinea - Santa Messa  nel Sir John Guise Stadium

«Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ազգերու և նաև արարչագործութեան համար: Ոչ սպառազինութեան եւ հասարակաց տան շահագործման

Սրբազան Պապին խօսքերը Փափուա Նովա Կինէայի մէջ մատուցած պատարագի աւարտին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 սեպտեմբեր 2024ին Փափուա Նովա Կինէայի մայրաքաղաք կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան Sir John Guise Stadium, մարզադաշտին մէջ մատոյց սուրբ պատարագը, որուն աւարտին Ան նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով Սուրբ Կոյս Մարիամին ուզեց յանձնել Փափուա Նովա Կիէնայի եւ Սալոմոնէ կղզիներու Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը։

Խաղաղութեան պարգեւը

«Մարիամ Քրիստոնեաներու օգնական` ձեզի ընկերանայ ու պաշտպանէ. Ամրապնդէ ընտանիքներուն միութիւնը, գեղեցիկ ու արի դարձնէ երիտասարդներուն երազները, մխիթարէ ու թիկունք կանգնի տարեցներուն, մխիթարէ հիւանդներուն և տառապողներուն», ըսաւ Սրբազան Պապ,ը ապա Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ հայցեց խաղաղութեան պարգեւը բոլոր ժողովուրդներուն համար, յատուկէն զայն խնդրելով Ասիայի, Ովկիանիայի եւ խաղաղական Ովկիանոսի տարածաշրջանին համար։

«Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ազգերու և նաև արարչագործութեան համար: Ոչ սպառազինութեան եւ հասարակաց տան շահագործման: Այո՛ ժողովուրդներու և մշակոյթներու հանդիպումին, այո՝ արարածներու հետ մարդու ներդաշնակութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ հայցեց` Խաղաղութեան Թագուհի, Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը` խնդրելով, որ Ան «օգնէ մեզի դարձի գալու դէպի Աստուծոյ ծրագիրները, որոնք մարդկային մեծ ընտանիքին համար ծրագիրներ են` խաղաղութեան և արդարութեան»։

Լուրտի Տիրամօր սրբավայրին մէջ ողողումներ

Ան ապա յատուկէն յիշեց Լուրտի սրբավայրը որ ողողումներու թիրախ դարձած է ըսելով. «Այս կիրակի օր, որուն ընթացքին կը տօնուի Սուրբ Կոյս Մարիամի ծննդեան տօնը, մեր միտքը յղենք Լուրտի Սրբավայրին որ դժբախտաբար թիրախ դարձաւ ողողումներու»։

Արդարեւ վատ եղանակի խիտ ու զօրեղ անձրեւային  ալիքները, որոնք այժմ կը հարուածեն Ֆրանսիայի հարաւ-արևմուտքի մէջ գտնուող Hautes-Pyrénées -ի շրջանը, յառաջացուց լուրջ ջրհեղեղներ եւ տեղատարափ անձրևի պատճառով անցեալ գիշեր Gave de Pau գետը, որ կը հոսի Լուրտ քաղաքին մէջ, դուրս եկաւ ափերէն, ողողումներ պատճառելով նաեւ Լուրտի Սրբավայրի Մասսապիել քարայրին մէջ, վայրը ուր Տիրամայրը երեւցած է Պերնատէթ Սուպիրույին 1858 թուականին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2024, 02:44