Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Առաքելութիւն կատարել արմատաւորելով հինին մէջ, ջնջելով այն ինչ որ չծառայեր

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Թեաթինի սովորական դպիրներ» միաբանութեան անդամները։ Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց երեք կէտերունվրայ՝ վերանորոգում, հաղորդութիւն եւ ծառայութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 14 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Թեաթինի սովորական դպիրներ», Քահանայապետական հաստատութեան անդամները՝ հիմնադրութեան 5-րդ դարադարձին առթիւ։

Արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ անդրադարձաւ յիշեալ հաստատութեան նպատակներու այն է, ապրիլ եւ խթանել ընդհանուր կեանք, ինչպէս նաեւ եղբայրներու նկատմամբ Աստուծոյ ծառայութիւնը, նպաստելու համար եկեղեցւոյ բարեփոխման, հետեւելով առաքեալներուն առաջին հասարակութեան տիպարին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերեց քալելու եռակողմ ուղղութեամբ՝ վերանորոգման,հաղորդութեան եւ ծառայութեան մէջ։

Վերանորոգում

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ Թեաթինի միաբանութեան անդամները իրենց ուխտը ապրեցան, ոչ թէ կատարեալ կառոյցի մը մէջ, այլ աշխատավայրի մը մէջ։ Անոնք իրենց կառոյցը վերանորոգեցին համակերպելով Աստուծոյ ժողովուրդին պահանջներուն եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ ըլլայ նիւթական ըլլայ ծրագիրներու պակասին յառաջ գացին, որովհետեւ հասարակութիւնները աճումի մէջ էին եւ կառոյցները կը պակսէին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ պէտք է հաւատարիմ մնալ առաքելութեան, ձեռնամուխ ըլլալ վերանորոգումի խիզախ ճանապարհներուն մէջ։ Հաւատարմութիւնը պէտք էվերանորոգուի ու այդ չէ կարելի վերանորոգել հիմնուած մնալով հինին վրայ, այլ պէտք է ջնջել այն ինչ, որ չծառայեր՝ նորը շինելու համար։

Հաղորդութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, վերոյիշեալ հաստատութեան անդամներէն շատեր աշխատեցան Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ. անուանի հեղինակներ, արուեստագէտներ ու խոնարհ այր մարդիկ ու կիները ու անոնք աշխատեցան միեւնոյն յոգնութեան մէջ միացած՝ նոր կառոյցի կեանք տալու համար։ «Սա շատ կարեւոր է։ Պէտք չէ որ երբեք միայնակ կառուցել պէտք է աշխատիլ հասարակութեան հետ»։

Ծառայութիւն

Ֆրանչիկոս Պապ նշեց, որ ամենէն գեղեցիկ ծրագիրները երբեք չեն կրնար իրականալ եթէ բոլորս միասին չ՝աշխատինք։ Ան ապա բարձր գնահատեց այն իրողութիւնը որ վերոյիշեալ միաբանութիւնը հիմնուած է Սուրբ Խաչին տօնին օրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց քաջալերելով Թեաթինա ընտանիքը, յոբելենական սուրբ տարուան ընթացքին ուրախութեամբ ողջագուրել վերանորոգումը, հաղորդութիւնն ու ծառայութիւնը, հետեւելով Սուրբ Կայէթանոյի օրինակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2024, 11:00