Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը  «Pasqua Together 2025» կազմակերպութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը «Pasqua Together 2025» կազմակերպութեան անդամներուն հետ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ամէն ջանք թափել, որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները Զատիկը միասին տօնեն»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Pasqua Together 2025» կազմակերպութեան անդամները ու անոնց փոխանցած ուղերձին մէջ կ՝անդրադառնայ Յոբելինական Սուրբ Տարուան ինչպէս նայեւ այն իրողութեան որ եկող Տարին ծիսական տօնացոյցին համընկնման հետեւանքով, բոլոր եկեղեցիները Սուրբ Զատիկը միասին կը տօնեն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 19 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Pasqua Together 2025» կազմակերպութեան անդամները ընկերակցութեամբ Քրիստոնեաներուն միութեան խթանման Վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քուրթ Քոխի։ Հանդիպումին սկիզբը Սրբազան Հայրը ներկաներուն փոխանցեց գրաւոր ուղերձ մը, որուն սկիզբը անդրադառնալով կազմակերպութեան անդամներու մասին կը նշէ, որ անոնք մաս կը կազմեն տարբեր իրականութիւններու, համայնքներու Քրիստոնէական դաւանանքներու, ընկերակցութիւններուն ու կը գործեն տարբեր ոլորտներէն ներս ու այս գիծով կը քաջալերելէ շարունակելու իրենց աշխատանքներն ու պարտաւորութիւնները

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ՝անդրադառնայ Յոբելինական Սուրբ Տարուան նշելով, որ յաջորդ տարին Սուրբ Զատկույ տօնակատարութիւնները, օրացոյցներու համընկնման պատճառով, բոլոր քրիստոնեաները միասնաբար պիտի տօնեն։։

«Սա կարեւոր նշան է , որուն կ՝աւելնայ 1700 ամեակի տօնակատարութիւնը,Նիկիոյ համամիութենական առաջին Նիկիոյ ժողովին, ուր քննարկուեցաւ նաեւ Սուրբ Զատկուայ տօնին թուականը, այն ժամանակ գոյութիւնը ունեցող տարբեր աւանդութիւններու պատճառով»։

Ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը խրախուսէ ամէն ջանք թափելու, հնարաւոր հաղորդակցութեան որոնումին համար, յորդորելով խուսափելու այն ամէն ինչէն որոնք կարող են յանգեցնել եղբայրներու միջեւ բաժանումներուն , ապա կ՝ընդգծէ այն իրողութիւնը, որ Սուրբ Զատիկը չկատարուիր բոլորին նախաձեռնութեամբ կամ այս կամ այլ օրացոյցի պատճառաւ այլ Սուրբ Զատիկը տեղի ունեցաւ այն պատճառաւ, որովհետեւ Տէրը աշխարհը սիրեց մինչեւ իր միածին Որդին տալով, որպէսզի բոլոր անոնց որոնք իրեն կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունենան կը գրէ Սրբազան Հայր ու շեշտէ որ երբեք պէտք չէ չմոռնալ Աստուծոյ առաջնահերթութիւնը, Անոր առաջին քայլ կատարելը ու երբեք չփակուիլ ծրագիրներու, տօնացոյցերուն եւ «մեր Զատիկին» մէջ։ որովհետեւ Զատիկը Քրիստոսն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ եկեղեցիներուն միութեան կարեւորութիւնը նշելով որ բոլորը պէտք են միասնաբար քալել եւ այդ կատարելը կ՝օգնէ բոլորին վերսկսելու, որպէս առաքեալներ՝ Երուսաղեմէն, այն վայրէն ուրկէ տարածուեցաւ Յարութեան յայտարարութիւնը աշխարհով մէկ։

Ֆրանչիսկոս Պապ գրաւոր պատգամը կ՝աւարտէ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն հանդիպումին, ապա վստահեցնելով իր աղօթքը բոլորին համար կը խնդրէ որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2024, 10:30