Որոնել

Il Papa all'Angelus, 'pregate per il mio viaggio' Il Papa all'Angelus, 'pregate per il mio viaggio'

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիսուսը ո՞վ է ինծի համար, արդեօք տեղ ունի՞ իմ կեանքիս մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան մէջ կը մեկնաբանէ Յիսուսի Սուրբ Պետրոս առաքեալին ուղղած խօսքը «Դուք, ով կը մտածէք որ ըլլամ ես»։(Մարկ 8,29)։ Սրբազան հայրը կը հրաւիրէ, որ մենք եւս հարց տանք ըսելով թէ ով է Յիսուսը մեզի համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 15 սեպտեմբերին, Վատիկանի առաքելական պալատին իր գրասենեակի պատուհանէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց կիրակնօրեայ «Հրեշտակ Տեառն» Տիրամօր աղօթքը եւ ներկայացուց փոքրիկ խորհրդածութիւն մը կապուած օրուան աւետարանին։

Մեծ թիւով Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորներուն փոխանցած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան աւետարանը՝ քաղուած Մարկոսի աւետարանէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի մասին, որ առաքեալներուն կը հարցնէ թէ ինչ կը մտածեն իր մասին։

«Այսօրուան Աւետարանին մէջ Յիսուս աշակերտներուն հարցնելէ ետք, թէ մարդիկը ինչ կը մտածեն իր մասին, աշակերտներուն կը հարցնէ «Իսկ Դուք, ով կը մտածէք, որ ըլլամ ես, (Մարկ 8,29) ու սուրբ Պետրոս բոլորին անունով կը պատասխանէ ըսելով «Դուն Քրիստոսն ես», (Մարկ 8,30), ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա դիտել տուաւ, որ երբ Յիսուս կը սկսի խօսիլ իր սպասուած տառապանքներուն եւ մահուան մասին, Սուրբ Պետրոսը, Յիսուսը մենք կողմ կը տանի ու կը սկսի հետը վիճիլ ապա Յիսուս դառնալով եւ տեսնելով աշակերտները Պետրոսը կը յանդիմանէ ըսելով«Ետեւես գնա՛, սատանայ, որովհետեւ դուն Աստուծոյ համաձայն չես խորհիր, այլ մարդոց»։ (Մար 8,31)

Խորհրդածութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հաստատէ, որ այսօրուան աւետարանին մէջ նայելով Սուրբ Պետրոս առաքեալին վարմունքին, մենք եւս կրնանք մենք մեզի հարց տալ,  թէ իրականութեան մէջ ինչ կը նշանակէ ճանչնալ Յիսուսը։

«Սուրբ Պետրոսը մէկ կողմէն կատարեալ ձեւով կը պատասխանէ Յիսուսին ըսելով որ Ան Քրիստոսն է, սակայն այս շիտակ խօսքերուն ետեւը կայ նաեւ մարդոց համաձայն մտածելակերպ մը, մտայնութիւն մը, որ կը պատկերացնէ ուժեղ եւ յաղթական Մեսիա մը, որ չկրնար տառապիլ եւ մեռնիլ»ըսաւ Սրբազան աւելցնելով որ Սուրբ Պետրոսի պատասխանած խօսքերը ճիշդ են, սակայն անոր մտածելակերպը փոխուած չէ ու պէտք է որ իր մտածելակերպը փոխել, պէտք է դեռ դարձի գայ»։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ ասիկա մեզի համար նաեւ պատգամ մըն է։ «Մենք եւս Աստուծոյ մասին բան մը սորված ենք ու կը ճանչնանք քրիստոնէական վարդապետութիւնը ճիշդ ձեւով, կ՝արտասանենք աղօթքներ ու հաւանաբար, այն հարցումին « Քեզի համար ո՞վ է Յիսուսը», լաւ կը պատասխանենք՝ այն ձեւով այնպէս ինչպէս սորվեցանք Կաթողիկէ վարդապետութենէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու ըսելով «Արդեօք վստահ ենք,  թէ իսկապէս Յիսուսը կը ճանչնանք» ու դիտել տուաւ, որ իրականութեան մէջ, Տէրը ճանչնալու համար չբաւեր միայն բան մը գիտնալ Անոր մասին, այլ պէտք է հետեւիլ Անոր, մենք մեզի թոյլ տալ, որ յուզուինք ու փոխուինք Անոր աւետարանով։ «Այսինքն կը նշանակէ Յիսուսի հետ ունենալ յարաբերութիւն մը, հանդիպում մը, որ կեանքը կը փոխէ, կը փոխէ քու մտածելակերպդ, քու փոխյարաբերութիւններդ եղբայրներուդ հետ, քու պատրաստակամութիւնը՝ ընդունելու եւ ներելու ինչպէս նաեւ կեանքիդ մէջ առած ընտրութիւններդ։ «Ամէն ինչ կը փոխուի եթէ Յիսուսը կը ճանչնաս։»

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը ըսելով, «Եղբայրներ եւ քոյրեր, Նացիզմի զոհ, Լուտերանեան Աստուածաբան եւ հովիւ Bonhoeffer, այպէս գրեց. « խնդիրը, որ զիս հանգիստ չձգեր, այն է իմանալ, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը նշանակէ քրիստոնէութիւնը մեզի համար այսօր, նոյնիսկ ով է Քրիստոսը։ » (Resistenza e Resa. Lettere e scritti dal carcere, Cinisello Balsamo 1996, 348)։ Ցաւօք, շատեր չեն հարցներ այս հարցումը եւ հանգիստ կը մնան, նոյնիսկ հեռու Աստուծմէ»։ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ մենք մեզի պէտք է հարցնենք, թէ ով է Յիսուսի ինծի համար ու իմ կեանքիս մէջ ինչ դեր կը կատարէ։ Արդեօ՞ք ես կը հետեւիմ Յիսուսին միայն խօսքերով, շարունակելով ունենալ աշխարհիկութեան մտայնութիւն մը, կամ ալ Անոր կը հետեւիմ, թոյլ տալով որ Անոր հետ հանդիպումը կերպարանափոխէ իմ կեանքս։ «Ասոր մէջ թող Աստուածամայրը մեզի օգնէ, որ Յիսուսը լաւ  կը ճանչնար», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Թող հակամարտութիւնները դադրին, թող խաղաղութեան համար լուծումներ գտնուին։

Ֆրանչիսկոս Պապ Հրեշտակ Տեառն աղօթքի խորհրդածութիւնը աւարտելէ ետք դարձեալ խնդրեց որ խաղաղութիւն տիրէ պատերազմի բոլոր գօտիներէն ներս։ «Թող վերջ գտնեն, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ հակամարտութիւններն ու բռնութիւնները, թող ազատ արձակուին գերիները եւ բանակցութիւնները շարունակուին ինչպէս նաեւ խաղաղութեան համար լուծումները գտնուին» յորդորեց Սրբազան հայրը, ան ապա յիշեց Վիեթնամի եւ Միանմարի ժողովուրդները, ըսելով որ անոնք կը տառապին Yagi մրրիկի հետեւանքով, որ պատճառեց հարիւրաւոր զոհեր եւ անյայտ կորածներ։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Մեքսիքոյի մէջ Աստուծոյ ծառայ Մոսէս Լիրա Սէրաֆինէ երանացումը եւ կողային սկլերոզի SLA-ի համար իրազեկման օրը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2024, 11:15