Ֆրանչիսկոս Պապ. Անընդունելի է Լիբանանի ներկայ իրավիճակը։ Պէտք է դադրեցնել այդ ահռելի ռմբակոծումները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 25 սեպտեմբերին, Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր լեզուներով ողջունելով, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող Իտալացի եւ օտարերկեայ հաւատատացեալները իր խօսքին մէջ յիշեց Լիբանանը յայտնելով, թէ ինք շատ տխրած է Լիբանանէն հասնող լուրերէն ուր «սաստիկ ռմբակոծումները պատճառած են քանդումներ եւ զոհեր»։
Նորին Սրբութիւնը ապա մաղթեց, որ միջազգային ընտանիքը ամէն ջանք թափէ կասեցնելու համար այդ ահռելի յարձակումները ու իր մօտիկութիւնը փոխանցեց Լիբանանին Ժողովուրդին, «որ արդեն անցեալին մէջ շատ տառապած է», ըսաւ Ան։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց նաեւ աղօթելու պատերազմի հետեւանքով տառապող ժողովուրդներու համար ու խնդրեց, որ չմոռնանք Ուքրանիան, Միանմարը, Պաղեստինը, Իսրայէլը, Սուտանը, մարտիրոսացած բոլոր ժողովուրդները։ «Աղօթենք խաղաղութեան համար» խնդրեց Սրբազան Հայրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ