Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ հասաւ Տիլի՝ Թիմօր Լեսթի մայրաքաղաքը

Մօտ երեք ժամ ու կէս տեւող թռիչքը Ֆրանչիսկոս Պապ փոխադրեց դէպի Կաթողիկէ հաւատացեալներով մեծամասնութիւն ունեցող Հարաւային Արեւելեան Ասիական կղզի։ Առաքելական ճամբորդութեան երրորդ հանգրուանը զոր վերջ պիտի գնտէ Չորեքշաբթի օրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աւարտելէ ետք առաքելական 45րդ միջազգային ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող Փափուա Նովա Կինէայի այցը, Ֆրանչիսկոս Պապը, երկուշաբթի 9 սեպտեմբերին տեղական ժամով 12.12 անց մեկնելով Փորթ Մորսպիի օդակայանէն ուղղուեցաւ  Թիմոր Լեսթի մայրաքաղաք Տիլի ուր ժամանեց  տեղական ժամով կէսօրէն ետքը 2,10 անց, Իտալիոյ ժամով` 7,10ին։ 

Դէպի Տիլի թռիչքի ընթացքին սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրներ ուղղած է օդային տարածքէն սաւառնած երկիրներու կառավարիչներուն՝ Փափուա Նովա Կինէայի ընդհանուր կառավարիչ տիար Պոպ Տատէին եւ Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչ Սամ Մոսթինի։ Փափուա Նովա Կինէայի կառավարիչին յղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին կողմէ ստացած ջերմ ընդունելութեան համար ապա իր աղօթքը ապահովուած է երկրի համայն բնակչութեան համար, հայցելով խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան Աստուածային օրհնութիւնները։

Իսկ Աւստրալիոյ նախագահին յղած հեռագիրին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ իր ողջոյնները փոխանցած է Աւստրիաոյ ժողովուրդին ու ապահովուած է իր աղօթք  որպէսզի Աստուած շնորհէ իր առատ օրհնութիւնները։

Մայրաքաղաք Տիլի միջազգային օդակայան ժամանումին Ֆրանչիսկոս Պապը դիմաւորեցին Թիմօր Լեսթի հանրապետութեան նախագահ, Տիար Խօսէ Մանուէլ Ռամոս Հորթ ու եւ երկրին վարչապետը, նախարար Քսանա Կուսմաօ, ինչպէս նաեւ Պապական նուիրակ, արք, Վոչէք Զալուսքը ու սովորութեան համաձայն երկու մանուկները իրենց աւանդական հագուստով Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեցին փունջ մի ծաղիկները եւ Թիմոր Լեսթը յատկանշող շարբ մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։

Արարողութեան աւարտին, Պապին պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Առաքելական Նուիրակի պալատը, ուրկէ տեղական ժամով երեկոյեան ժամը 6ին, Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով պիտի փոխադրուի՝ կատարելու համար այս ճամբորդութեան օրակարգի առաջին հանգրուանը՝ դիտաւորական արարողութիւնը եւ քաղաքավարական այցելութիւնը պետութեան ղեկավարին, ապա երեկոյեան ժամը 7ին, Թիմոր Լեսթի քաղաքական, դիւանագիտական, եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ հանդիպումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2024, 08:30