Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանայապետական գիտութիւններու կաճարի անդամներուն հետ հանդիպումը՝ Արխիւէն առնուած լուսանկար Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանայապետական գիտութիւններու կաճարի անդամներուն հետ հանդիպումը՝ Արխիւէն առնուած լուսանկար  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը քահանայապետական գիտութիւններուն կաճարի անդամներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապին գրաւոր պատգամը քահանայապետական գիտութիւններուն կաճարի անդամներուն, տարեկան ընդհանուր ժողովին առթիւ։ Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՝անդրադառնայ մարդկային բնութեան արարչագործութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն, կ՝ակնարկէ արհեստական բանականութեան, յայտնելով եկեղեցւոյ այն համոզումը որ «Իւրաքանչիւր մարդու ներքին արժանապատուութիւնը եւ եղբայրութիւնը պէտք են որ նոր արհեստագիտութիւններու զարգացման հիմքը ըլլան»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 23 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ նախատեսուած էր նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճարի անդամներու հետ հանդիպումը։ Տրուած ըլլալով որ քահանայապետը թեթեւ անհանգիստ է կաճարի անդամներուն եւս բաշխուեցաւ Պապին գրաւոր պատգամը։

Սրբազան Հայրը իր գրաւոր պատգամը կը սկսի նշելով, որ յիշեալ կաճարի գիտական բոլոր հետազօտումներն ու կարողութիւնները յոյժ կարեւոր են բարդ աշխարհին մէջ ուր կ՝ապրինք։

Անդրադառնալով այս տարուան ընդհանուր ժողովին նիւթին՝ արուեստական բանականութիւնը ու քննարկում մարդկային բնութեան արարչագործութեան վրայ ազդեցութիւնը Նորին Սրբութիւնը կը նշէ ,որ«Արարչագործութեան վրայ մարդկային բնութեան ազդեցութիւնը կը բացայայտէ իր աւելի կտրուկ հետեւանքները մարդկային էակներուն եւ բնութեան համար, յատկապէս կլիմայական ճգնաժամի եւ կենսաբազմազանութեան կորուստի մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէ քաճանայապետական գիտութիւններուն կաճարին, աղքատներուն եւ տեղահանուածներուն խնդիրներուն վրայ կեդրոնանալուն համար յորդորելով որ գիտութիւնները պէտք են, որ միշտ ֆիզիքական աշխարհի իր ծանօթութիւնները օգտագործեն մարդկային անձերուն արժանապատուութիւնն խթանման համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքը կը յայտնէ նայեւ այն իրողութեան համար,  որ Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճարը իր կազմակերպուած դասախօսութիւններով միշտ իր ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ մեկուսացուած աղքատներուն եւ գաղթականներուն վրայ, ներառեալ բնիկ ժողովուրդներուն վրայ։

Անդրադառնալով ապա արուեստական բանականութեան մարտահրաւէրներուն Քահանայապետը կը նշէ որ «այդ զարգացումը կարող է օգտակար դառնալ մարդկութեան համար խթանելով նորարութիւններ բժշկութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ, օգնելով եւ պաշտպանելով բնական միջավայրը եւ թոյլ տալով, որ օգտագործուին կայուն աղբիւրները կլիմային փոփոխութեան լոյսի ներքոյ։

Նորին Սրբութիւնը կը յորդորէ զգուշանալ արուեստական բանականութեան ծանր բացասական հետեւանքներէ ժողովուրդին յատուկէն անչափահասներու եւ խոցելի անձերուն վրայ ու անհրաժեշտ կը նկատէ ճանչնալու եւ կանխելու արհեստական բանականութեան խեղաթիւրող օգտագործումի վտանգները՝ հանրային կարծիք ձեւաւորելու, սպառողական ընտրութեան վրայ ազդելու եւ ընտրական գործընթացներու միջամտելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կ՝ընդգծէ եկեղեցւոյ այն համոզումը, «Իւրաքանչիւր մարդու ներքին արժանապատուութիւնը եւ եղբայրութիւնը, որ կը կապէ որպէս միակ մարդկային ընտանիքին անդամները պէտք են ըլլալ, նոր արհեստագիտութիւններու զարգացման հիմքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՝աւարտէ բարձր գնահատելով քահանայապետական կաճարի գործունէութիւնները՝ կատարուած այն ժամանակահատուածի մէջ ուր պատերազմները, ճգնաժամերը, աշխարհի անվտանգութեան սպառնալիքները կը գերիշխեն։ Հայցելով ապա բոլորին վրայ Աստուածային օրհնութիւնները, Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2024, 10:23