Ֆրանչիսկոս Պապ. Աշխարհը կործանումի մէջ է, թող պատերազմները դադրին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ուղղուած խաղաղութեան համար աղօթք միջազգային հանդիպումի մասնակիցներուն, զոր տեղի կ՝ունենայ 22-24 սեպտեմբերին Փարիզի մէջ։ Սան Էճիտիօ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի մեծ կրօններու, քրիստոնեայ հասարակութիւններու եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նախ կ՝ողջունէ հանդիպումի բոլորս մասնակիցները ապա շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սան Էճիտիօ հասարակութեան ուկը յիշէ, որ 38 տարիներ անցած է խաղաղութեան համար աղօթքի առաջին հանդիպումէն։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը նշէ որ ամէն տարի աշխարհի մեծ կրօններուն ներկայացուցիչներն ու բարի կամք ունեցող այր մարդիկ ու կիներ,ուխտագնացութիւն կը կատարեն Եւրոպայի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ՝ կենդանի պահելու համար այս ոգին ու այժմէական կը դարձնեն Իր նախորդին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքը՝ արտասանած Ասիզզի մէջ՝ խաղաղութեան համար աղօթքի օրուան ընթացքին։
Ասիզզի հոգին
«Ասիզզի հոգին աշխարհի համար օրհնութիւն է՝այս մեր աշխարհին համար, որ այսօր եւս նշանագրուած է պատերազմներով, բռնութիւններով։ Այս հոգին պէտք է աւելի զօրաւոր փչէ խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան առագաստներուն մէջ» կը գրէ Սրբազան Հայրը, Ան ապա կը շեշտէ, որ յոյժ կարիք կայ աղօթելու խաղաղութեան համար, «որովհետեւ անթիւ հակամարտութիւններ դադարեցնելու փոխարէն վտանգաւոր կերպով կ՝ընդլայնուին»։
Նորին Սրբութիւնը կը քաջալերէ, որ սոյն հանդիպումը խթանէ բոլոր հաւատացեալները, ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւն վերագտնելու կոչումը, նկատել տալով որ անցեալին շատ անգամներ կրօնները օգտագործուած են պատերազմներ խթանելու համար։ Վտանգ մը, որ թերեւս այսօր եւս առկայ է։
Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Թայէպ Ահմատ Մեծ Իմամի հետ համատեղ համոզումը
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը վերյիշէ Ալ Թայէպ Ահմատ Մեծ Իմամի հետ համատեղ համոզումը «Կրօնները երբեք թող պատերամզ չհրահրեն եւ չխրախուսեն ատելութեան, թշնամութեան, ծայրայեղականութեան զգացումներ ու չխթանեն բռնութիւն կամ արիւնահոսութիւն...»։
«Կրօններու պարտականութիւնն է խթանել խաղաղութեան տեսլականներ այնպէս ինչպէս դուք ցոյց կու տաք այս օրերուն Փարիզին մէջ։ Տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու պատկանող այր մարդիկ եւ կանայք փորձարկեցիք համընդհանուր եղբայրութեան գեղեցկութիւնն ու ուժը։ Սա է տեսլականը, որուն պէտքը ունի այսօրուան աշխարհը» կը նշէ Սրբազան հայրը յորդորելով դառնալու խաղաղութեան արհեստաւորներ։
Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ կը շեշտէ նաեւ խաղաղութիւն երազելու, իրարու հետ հանդիպելու, եղբայրական կապեր հիւսելու եւ իւրաքանչիւր հաւատքի մէջ ապրուած աստուածային ներշնչումէն առաջնորդուելու կարեւորութիւնը՝ երեւակայելու համար խաղաղութիւն բոլոր ժողովուրդներու միջեւ։ Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ մեծ կրօններուն, քրիստոնեայ հասարակութիւններուն եւ եկեղեցիներուն ներկայացուցիչներն ու բարի կամք ունեցող այր մարդիկ ու կիներուն նկատել կու տայ, որ խաղաղութեան պարտականութիւնը յանձնուած է իրենց ձեռքերուն։
«Աստուած մեր ձեռքերու մէջ յանձնեց աշխարհի համար իր երազանքը, այսինքն եղբայրութիւնը բոլոր ժողովուրդներու միջեւ»։ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՝եզրափակէ նշելով, որ Գովեալ Ըլլաս եւ Fratelli tutti շրջաբերականներու մէջ, այս աշխարհին համար երեւակայած է ապագայ մը՝ մէկ տան մէջ «մեր երկրագունդը» մէկ ընտանիքի մէջ, «այն բոլոր ժողովուրդներունը»։Աստուած բոլորը յանձնած է՝ ժողովուրդները եղբայրութեան եւ խաղաղութեան յորդորելու եւ մղելու պատասխանատուութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ