Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը. Լսել եւ ապրիլ Յիսուսի խօսքը

Ֆրանչիսկոս Պապ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան աւետարանը, ուր կը խօսուի, որ ժողովուրդը Յիսուսի մօտ կը գտնուէր Աստուծոյ խօսքը լսելու համար։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ պէտք է լսել եւ ապրիլ նաեւ Յիսուսի խօսքը, նման սուրբ Պետրոսին, ձուկ, որ յոգնած էր Յիսուսի խօսքը լսելէ ետք ուռկանները ծով նետեց ձուկ որսալու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, Ինտոնեզիոյ մէջ առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, տեղական ժամանակացոյցով, յետմիջօրէին 4։00ին, իսկ Իտալական ժամանակացոյցով առաւօտեան 11։00ին, Ժաքարթայի «Կէլորա Պունկ Քարնօ» անուան մարզադաշտին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը ապա ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը։ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Երկրի նախագահին, քաղաքացիական իշխանութիւններու, կղերականներու եւ ժողովուրդին։

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան աւետարանը՝ քաղուած Ղուկասի աւետարանէն «Մինչդեռ ժողովուրդը իր շուրջը կը խռնուէր Աստուծոյ խօսքը լսելու համար» (Ղուկ. 5,1)
Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ Յիսուսի հետ հանդիպումը հրաւէր է՝ ապրելու երկու հիմնական վերաբերմունք, որոնք կը թոյլատրեն դառնալ իր առաքեալները. Նախ եւ առաջ լսել խօսքը եւ ապրիլ խօսքը։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, պէտք չէ մոռնանք, որ առաքեալին առաջին պարտականութիւնը կատարեալ կրօնական հագուստ հագուիլ չէ, արտասովոր բաներ կատարել չէ, ընդհակառակը առաջին պարտականութիւնը կը կայանայ Յիսուսի խօսքը լսելու մէջ որ կը փրկէ»1 Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշելով Յիսուսի Պետրոս առաքեալին ուղղած խօսքը «Խո՛րը տար նաւակը եւ ուռկանները նետեցէ՛ք որսալու համար» (Ղուկ 1,49) նշեց, որ Յիսուսի խօսքը լսելէ անդին պէտք է նաեւ ապրիլ։ «Յիսուսի խօսքը չէ կարելի վերացական գաղափար մնալ կամ ալ պահ մը զգացում յառաջացնել, Յիսուսի խօսքը մեզմէ կը խնդրէ փոխել մեր հայեացքը, նմանեցնել մեր սիրտը Յիսուսի պատկերին, ու աւետարանի ցանցերը քաջութեամբ թափել աշխարհի ծովուն մէջ,մենք մեզ վտանգելով՝ ապրելու համար Իր հետ Սէրը, զոր մեզի սորվեցուց եւ ապրեցաւ առաջինը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ խոչընդոտները եւ ոչ ըսելու արդարացումները երբեք չեն պակսիր, սակայն պէտք է անգամ մը եւս Սուրբ Պետրոսի նայինք, որ յոգնած էր ձուկ չորսալուն համար սակայն հետեւելով Յիսուսին խօսքին ուրականները ծովը նետեց։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ առօրեայ կեանքին պարտականութիւններուն դիմաց, արդար հասարակութիւն կառուցելու եւ խաղաղութեան, երկխօսութեան ուղիին վրայ յառաջ երթալու դիմաց, երբեմն մենք մեզ անկարող կը զգանք սակայն, Սուրբ Պետրոսի միեւնոյն հաւատքով եւ հեզութեամբ, պէտք չէ, երբեք անյաջողութիւններուն գերի մնալ, այլ պէտք է Յիսուսի վրայ վստահութիւն ունենալ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց աղքատներուն խնամք տանող եւ խաղաղութեան ու երկխօսութեան նպաստող Սրբուհի Թերեզայի Քալքութայի խօսքը, որուն յիշատակը կը նշուի այսօր, « Երբ որ բան մը չ՝ունինք տալու, եկէք տանք այդ ոչինչը։ Նոյնիսկ եթէ ոչինչ քաղես, մի յոգնիր ցանելէ»։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց խրախուսելով Ինտոնեզիան, հրաշալի կղզեխումբը չյոգնելու խորքերը երթալու եւ ուռկանները նետելու, չյոգնելու երազելէ եւ խաղաղութեան քաղաքացիութիւն կառուցելէ՝ խաղաղութեան եւ միութեան կերտողները դառնալու համար։

«Քալեցէք միասին եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան բարիքին համար։ Դարձէք յոյսի կերտողներ, աւետարանի յոյս որ չի հիասթափեցներ ու մեզի կը բանայ անսահման ուրախութեան։ (Հռոմ 5,5)։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապին երախտագիտութեան խօսքը

Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալ Իգնացիուսի, եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահին եւ Իտնտոնեզիոյ եկեղեցւոյ բոլոր հովիւներուն, որոնք քահանաներուն եւ սարկաւագներու հետ երկրին մէջկը ծառայեն Աստուծոյ սուրբ Ժովուրդին։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւնին յայտնեց կրօնաւորներուն, կամաւորներուն տարեցներուն, հիւանդներուն, որոնք աղօթքով նպաստեցին ճամբորդութեան։

«Իմ այցելութիւնս ձեր մէջ իր աւարտին կը մօտենայ։ կ՝ուզեմ իմ երախտագիտութիւնս յայտնել, ինծի շնորհուած ընդունելութեան համար։
Կը վերանորոգեմ իմ երախտագիտութիւնս հանրապետութեան նախագահին, քաղաքացիական իշխանութիւններուն, ոստիկանական ուժերուն, եւ համայն Ինտոնեզիոյ ժողովուրդին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2024, 11:30