Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ «Թող եկեղեցին հիւընկալ տուն ըլլայ, գացէք արուաձանները»

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Փափուա Նովա Կինէայի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, սարկաւագներուն, ժառանգաւորներուն հետ։ Իր արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը խրախուսեց շարունակելու ցանել Աւետարանի մանր սերմերը աշխարհի ակօսներուն մէջ այն վստահութեամբ, որ անոնք Աստուծոյ շնորհքով պիտի բողբոջին, առատ բերք պիտի տան ու ծառեր պիտի դառնան՝ երկինքի թռչունները ընկալելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերին, Փափուա Նովա Կինէայի մայրաքաղաք, Փորթ Մորսպիի «Մարիամ Քրիստոնեաներու օգնութիւն» անուան մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Փափուա Նովա Կինէայի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ սարկաւագներուն եւ ժառանգաւորներուն հետ։

«Քրիստոնեաներու օգնութիւն Մարիամ» անուան մայր տաճարը կառուցուած է Սալեզեաններու միաբանութեան պատկան հողին վրայ, բացումը կատարուած եւ օրհնուած է 24 մայիս 2008ին։ Եկեղեցւոյ խորանին օծումին արարողութեան ընթացքին զետեղուած են Սուրբ Տոն Պոսքոյի եւ Մարի Տ Մազզարելլոյի մասունքները ու Եկեղեցւոյ պատուհանները զարդարուած են Փափուա Նովա Կինէայի մէջ մարտիրոսացած սուրբերու լուսանկարներով եւ Սուրբ Հաղորդութեան մատրան մէջ գտնուող տապանակը նուիրած է Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնեց կղերական դասին անդամներուն հետ Տիրամօր նուիրուած տաճարին մէջ հանդիպելուն համար յայտնելով, որ այս տաճարը կը նմանի, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ Տոն Պոսկոյին կողմէ կառուցուած տաճարին, որ եկեղեցին կառուցած է հետեւելով Տիրամօր խնդրանքին, որ ըսած է «Այս իմ բնակարանս է, այստեղէն իմ փառքս»։

Նորին Սրբութիւնը ապա յարեց, որ այս եկեղեցին կարող է նաեւ խորհրդանիշ ըլլայ բոլորին համար, յատուկէն քրիստոնէական, միսիոնարական ուղեւորութեան երեք յատկութիւններուն հետ. սկսելու քաջութիւնը, գոյութեան գեղեցկութիւնը եւ աճելու յոյսը։

Սկսելու քաջութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ յիշեց այն բոլոր երանելիները, սուրբերը որոնք Փափուա Նովա Կինէա ժամանեցին՝ աւետարանը քարոզելու համար ըսելով, որ անոնց շնորհիւ մենք այսօր հոս կը գտնուինք՝ հակառակ բոլոր հակամարտութիւններուն ու յառաջ կ՝ընթանանք առանց վախի գիտնալով, որ մինակ չենք, Տէրն է, որ մեր մէջ կը գործէ։

Նորին Սրբութիւնը ապա յանձնարարեց կղերական դասի անդամները, երթալու եւ կեդրոնանալու արուարձաններու մէջ նշելով որ հոն կը բնակին դժուարութեան մէջ գտնուող անձեր ու  ընդգծելով, որ «այդ եղբայրներու եւ քոյրերուն, եկեղեցին կը փափաքի մօտիկ կանգնիլ, որովհետեւ անոնց մէջ յատուկ կերպով Յիսուս ներկայ է\ եւ ուր որ Ան՝ մեր գլուխը5 ներկայ է, մենք եւս կանք՝ իր անդամները, որ կը պատկանին միեւնոյն մարմնին, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Գոյութեան գեղեցկութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ գոյութեան գեղեցկութիւնը խորհրդանշականօրէն կարելի է տեսնել Քինայի ծովականջներու մէջ, որոնցմով զարդարուած է եկեղեցւոյ քահանայական դասը եւ որոնք բարգաւաճման նշան են ու մեզի կը յիշեցնեն որ Հօր աչքերու ամենէն թանկարժէք գանձը՝ մենք ենք, կապուած Յիսուսի հետ, Տիրամօր Թիկնոցի տակ, հոգեպէս միացած բոլոր եղբայրներու եւ քոյրերուն, որ Տէրը մեզի յանձնեց։ «Գոյութեան գեղեցկութիւնը չզգացուիր մեծ ձեռնակներուն, յաջողութեան պահերու մէջ այլ հաւատարմութեան եւ սիրոյ մէջ» շեշտեց Քահանայապետը։

Աճելու յոյսը

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ «Այս եկեղեցւոյ մէջ կը գտնենք կարմիր ծովը անցնելու ժամանակ հետաքրքրական «քրիստոնէական վարդապետութեան լուսանկարներ»՝ Աբրահամի, Իսահակի եւ Մովսէսի դիմագիծերով, պատրիարքներ, որոնք հաւատքի մէջ բեղուն դարձան եւ իրենց հաւատքին համար ստացան բազմաթիւ սերունդներ», ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով, որ սա կարեւոր նշան է, որովհետեւ մեզ եւս այսօր կը խրախուսէ, վստահութիւն ունենալու մեր առաքելութեան պտղաբերութեան, շարունակելով մանր սերմեր նետել աշխարհի ակօսներու մէջ, «սերմեր որ մանր կը թուին, սակայն եթէ վստահինք ու չդադրինք զանոնք ցանելէ, Աստուծոյ շնորհքով անոնք պիտի բողբոջին ու առատ բերք պիտի տան ու ծառեր պիտի արտադրեն, որոնք ընդունակ են երկինքի թռչունները ընդունելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց շարունակելու համբերութեամբ աւետարանել, առանց յուսահատելու դժուարութիւններէն եւ թիւրիմացութիւններէն, նոյնիսկ եթէ այդ դժուարութիւնները կը ներկայանան այնտեղ, ուր քիչ կ՝ուզենք հանդիպիլ, ինչպէս ընտանիքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կղերական դասի անդամներէն խնդրեց, գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, այն բանի համար, թէ ինչպէս Աւետարանը կ՝արմատաւորուի եւ կը տարածուի Փափու Նովա Կինէայի, Սալոմոնէ կղզիներուն մէջ ապա քաջալերեց շարունակելու առաքելութիւնը, որպէս քաջութեան, գեղեցկութեան եւ յոյսի վկաներ։

Ճառի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կղերական դասի անդամներուն կատարած գործերու համար ու խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2024, 11:03