Որոնել

 «Փրկուած գաղթականներէն, Ապրելակերպի պատմութիւն» վերնագիրով հատորը «Փրկուած գաղթականներէն, Ապրելակերպի պատմութիւն» վերնագիրով հատորը  

Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով «Փրկուած գաղթականներէն» վերնագիրով հատորը

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ ապա կը գրէ «Եղբայրութեան երազանքը, որ գաղթականները մեզմէ կը խնդրեն մշակելու եղած է իր հովուապետութեան կեդրոնը ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով «Փրկուած գաղթականներէն, Ապրելակերպի պատմութիւն» վերնագիրով Հայր Մաթթիա Ֆէռառի գիրքը։

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ որ իր հովուապետութեան սկիզբէն յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերած է գաղթականներուն ու իր առաքելական առաջին ճամբորդութիւնը կատարած է Լամփետուզա՝ գաղթականներու եւ հիւրընկալութեան խորհրդանշական վայրը ու հոն ընդգծած է գաղթականներուն հարցին կեդրոնական կէտը
«Ո՞ւր է քու եղբայրդ, քու արեան ձայնը կը բացականչէ ու ինծի կ՝ըսէ Աստուած։ Դա ուրիշներուն ուղղուած հարցում չէ, այլ հարցում մըն է, որ ուղղուած է քեզի, իւրաքանչիւրիս։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ, որ վերջին տարիներուն շատ անգամներ հանդիպած է գաղթականներուն ու անոնց պատմութիւնները կը ներառեն ուրիշներուն պատմութիւնները եւ այդ պատմութիւններէն մի քանին պատմուած են այս գիրքին մէջ՝ Պենթոլոյի եւ Փաթոյի պատմութիւնները որոնց հետ հանդիպելով «ուզեցի ընդգծել որ իրենք իսկապէս եղբայրներ եւ քոյրեր են ու մեզի կ՝օգնեն բացայայտելու տիեզերական եղբայրութիւնը», գրած է Սրբազան Հայրը նկատել տալով ան որ կը կիրարկէ հիւրընկալութիւնը գիտէ, որ աղքատներուն հետ բարեկամութիւնս փրկարար է, որովհետեւ անոնց միջոցաւ ու անոնց հետ Յիսուսի սիրոյ հետ յատուկ փորձառութիւնը կ՝ապրինք ու կը բացայայտենք այն գեղեցկութիւնը1

Եղբայրութիւնը ճիչ է. Գաղթականները որոնք մեր դռները կը թակեն իրենց մէջ կը կրեն այս ճիչը, կը խնդրեն որ ճանչցուած ըլլան որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր ու միասին քալել։Փրկութիւնն ու ողջոյնը պարզապէս մարդասիրական ժեսթեր չեն, անոնք ժեսթեր են որ միս կու տայ եղբայրութեան եւ քաղաքակրթութիւն կը կերտեն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ ապա կը գրէ «Եղբայրութեան երազանքը, որ գաղթականները մեզմէ կը խնդրեն մշակելու համար ես զայն զետեղեցի իմ հովուապետութեանս կեդրոնը, Աստուծոյ երազանքն է ու Եկեղեցին միշտ նախաձեռնեց՝ուժքին կերպով յառաջ մղելով սկսեալ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս ԻԳ-ի հովուապետութենէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանը աւարտեց մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին յատուկ քարտուղար գերապայծառ Լորիս Քափովիլլայէն գաղթականի մը ուղղած խօսքէն, երբ իր ծննդեան հարիւր ամեակը կը տօնէր գաղթականներուն հետ։

«Կայ միայն մէկ մարդկային ընտանիք, ես աշխարհի քաղաքացի եմ, ինչպէս դուն սիրելի Իսա։ Միայն հիմա ես աւարտեցի իմ մրցավազքս եւ դուն ան կը սկսիս։ Տու՛ր քու ներդրումդ սիրոյ քաղաքակրթութեան, որովհետեւ չկայ ուրիշ մը, չկայ թեքնիկութեան, զօրութեան եւ զէնքերու քաղաքակրթութիւն...

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2024, 08:50