Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի Վանիմօ թեմի հաւատացեալներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի Վանիմօ թեմի հաւատացեալներուն հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ Վանիմօ թեմի հաւատացեալներուն. «Խաղաղութեան եւ սիրոյ գործիքներ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ»

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ճառին մէջ անդրադարձաւ երկրի բնական եւ հոյակապ գեղեցկութեան խնդրելով հաւատացեալներէն որ իրենց տուներուն, դպրոցներուն, աշխատանքի միջավայրերուն մէջ շարունակեն քարոզել Աւետարանի բարի լուրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 8 սեպտեմբերին, Փափուա Նովա Կինէայի ժամանակացոյցով, յետմիջօրէին 3,15ին, Իտալական ժամանակացոյցով 7,15ին, Ֆրանչիսկոս Պապին Փորթ Մորսպիէին փոխադրող օդանաւը վայր էջք կատարեց Վանիմօ քաղաքի օդակայան։

11000 բնակչութեամբ Վանիմօ քաղաքը կը գտնուի երկրի հիւսիս-Արեւմտեան ափին վրայ եւ Վանիմոյի թեմը հիմնուած է 15 նոյեմբեր 1966ին ունենալով 41646 կաթողիկէ հաւատացեալներ եւ կազմակերպուած է 26 ժողովրդապետութիւններով, 89 եկեղեցիներով։ Թեմին մէջ կը ծառայեն 6 թեմական քահանաներ, արական կրօնական հաստատութիւններուն 17 կրօնաւորներ, իգական կրօնական հաստատութիւններու 26 կրօնաւորուհիներ։ Թեմի եպիսկոպոսն է գերապայծառ Ֆրանսիս Մելի։

Վանիմօ քաղաք այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Վանիմօ թեմի հաւատացեալներուն հետ թեմի մայր տաճարի մարզադաշտին մէջ։ Աւելի քան 20000 հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Հանդիպումին սկիզբը բարի գալուստի խօսք ուղղեց թեմի եպիսկոպոսը, ապա վկայութիւններ տուին, կրօնուսուցիչ մը, մանուկ մը, կրօնաւորուհի մը ինչպէս նաեւ ընտանիք մը։

Վկայութիւններու աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր սիրտի խօսքը արտասանեց, որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց կղերական դասին բոլոր անդամներուն ինչպէս նաեւ իրենց վկայութիւնները տուող անձերուն։

Ակնարկելով լսած վկայութիւններուն, Նորին Սրբութիւնը նշեց որ Փափուա Նովա Կինէայի մէջ 19-րդ դարու կէսէն առաքելութեան ծառայութիւնը երբեք չէ դադրած ու կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիները երբեք չդադրեցան Աստուծոյ խօսքը քարոզելէ՝ օգնելով եղբայրներու եւ քոյրերուն կրթական, առողջապահական եւ շատ մը այլ ոլորտներէն ներս, դիմագրաւելով բազմաթիւ դժուարութիւններ՝ բոլորին ըլլալու համար խաղաղութեան եւ սիրոյ միջոցներ։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաւատացեալներու ըսաւ, որ իրենք գեղեցկութեան մասնագէտներ են, որովհետեւ շրջապատուած են գեղեցկութեամբ ու կ՝ապրին թռչուններուն եւ բոյսերու բազմազանութեան մէջ, գեղեցիկ բնութեան մէջ՝ սակայն ըսաւ Սրբազան Հայրը Տէրը այս հարստութիւնը յանձնած է որպէս նշան մը, միջոց մը, ապրելու համար միութեան մէջ՝ եղբայրներու եւ Տիրոջ հետ, յարգելով եւ պահպանելով ընդհանուր տունը։

Նորին Սրբութիւն ապա անդրադարձաւ Քրիստոսի Աւետարանը տարածելու գեղեցկութեան, նշելով որ շատեր քարոզելու համար իրենց տուները ձգեցին եւ հեռաւոր երկիրներ գացին ու հասան հեռու գտնուող հասարակութիւններուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ հաւատացեալներէն խնդրեց որ աջակցին այդ քարոզիչներուն, որպէսզի կարենան իրականացնել իրենց պարտականութիւնը, յատկապէս երբ անոնք ստիպուած են համաձայնեցնել առաքելութեան կարիքները, ընտանիքի պարտականութիւններու հետ։

Նորին Սրբութիւն ապա նշեց որ կայ նաեւ տարբեր ձեւ մը այդ քարոզիչներուն օգնելու համար, ան ալ աւետարանը հռչակելն է հոն ուր որ կ՝ապրինք՝ դպրոցներուն, տուներու եւ աշխատանքի վայրերուն մէջ, որպէսզի ամենուրեք՝ անտարներուն, քաղաքներու գիւղերուն մէջ համայնապատկերու գեղեցկութիւնը համապատասխանեն այն հասարակութեան գեղեցկութեան, ուր իրար զիրար կը սիրենք, այնպէս ինչպէս Յիսուս առաքեալներուն սորվեցուց։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, որ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ Փափուա Նովա Կինէա այցելելէ ետք իրենց տուները կը վերադառնան ըսելով, որ դրախտ մը գտան։ Անոնք ընդհանրապէս ըսաւ Սրբազան Հայրը հրապուրուած են իրենց վայելած միջավայրի գեղեցկութիւններէն։ Սակայն, ըսաւ ըսաւ Սրբազան Հայրը կայ աւելի մեծ գանձ մը ան ալ կը գտնուի ժողովուրդին սիրտերու մէջ եւ կը յայտնուի եղբայրսիրութեան մէջ։

Այս է թանկարժէք նուէրը որ կրնաք կիսել եւ բոլորին ճանչցնել, Փափուա Նովան դարձնելով հռչակաւոր ոչ միայն իր բուսական, եւ կենդանական աշխարհի բազմազանութեամբ, իր մաքուր ծովերով, այլ առաջին հերթին այն բարի անձերով, որոնց հետ հոն կը հանդիպինք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց քաջալերելով հաւատացեալները Փափուա Նովա Կինէան աւելի երջանիկ դարձնելու՝ իրենց ներկայութեամբ որպէս սիրող եկեղեցի։

Վանիմօ թեմի հաւատացեալներու հետ հանդիպումէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ փոխադրուեցաւ «Holy Trinity Humanistic school di Baro» դպրոցը ու առանձնական հանդիպում ունեցաւ խումբ մը միսիոնարներու հետ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2024, 08:54