Քաջութիւն` մի վախնար Փափուայի ժողովուրդ, Բացուէ Աւետարանի ուրախութեան. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 8 սեպտեմբեր 2024ին Փափուա Նովա Կինէայի մայրաքաղաք կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան կանուխ Մայրաքաղաք Փորթ Մորսպիի Առաքելական Նուիրակութենէն փոխադրուեցաւ Sir John Guise Stadium, որ կը կրէ Փափաուա Նովա Կինէայի առաջին Կառավարիչին անունը, որուն բացումը կատարուած է 1991 թուականին իսկ շինարարական նորոգութիւններէն ետք վերաբացումը` 2015ին։
Մարզադաշտ ժամանելուն Ան բացօթեայ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց Sir John Guise Stadiumի մօտը գտնուող Փափուա Նովա Կինէայի Football Stadium դաշտին, ողջունելով այնտեղ համախմբուած 35 հազարի մօտ հաւատացեալները ապա նոյն վայրին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ։
«Առաջին խօսքը` զոր Տէրը մեզի կ՛ուղղէ «քաջութիւն մի վախնաք» խօսքն է (Եսայի 35,4)» ըսաւ Սրբազան Պապը քարոզին սկիզբը, մատնանշելով թէ Եսայի Մարգարէն այս խօսքը կը կրկնէր բոլոր անոնց, որոնք կորսուած էին սրտով, ու կը հրաւիրէր զանոնք հայեացքը բարձրացնելու դէպի վեր` դէպի յոյսի ու ապագայի հորիզոն։
Սրբազան Պապը հուսկ յղում կատարեց օրուան Աւետարանին, զոր քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչէն, ուր կը պատմուի Յիսուսին կողմէ խուլ ու համր մարդու մը բուժումին դրուագը եւ ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ երկու իրողութիւններուն վրայ` խուլ ու համր մարդուն հեռաւորութիւնը եւ Յիսուսին մօտիկութիւնը։
Խուլ ու համր մարդուն հեռաւորութիւնը
«Այդ Մարդը կը գտնուէր աշխարհագրական շրջանի մը մէջ, զոր այսօր կարող ենք համարել արուարձան, որ հեռու էր կրօնական կեդրոնէն` Երուսաղէմէն եւ ընդհանրապէս բնակուած էր հեթանոսներով եւ նկատուած «անմաքուր»։ Այդ մարդը ապա հեռու էր նաեւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ որովհետեւ կարող չէր հաղորդակցիլ միւսներուն հետ` խուլ էր եւ չէր կարող ունկնդրել, համր էր, չէր կարող խօսիլ» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «անիկայ կղզիացած էր աշխարհէն, իր խուլութեան ու համրութեան գերին էր, հետևաբար, չէր կարող բացուիլ ուրիշներուն, անոնց հետ հաղորդակցելու համար»:
Բանտարկուած սիրտը
«Այս համր ու խուլի ապրած պայմանները կարող ենք ապրիլ նաեւ մենք, երբ ականջներէ եւ լեզուէ անդին բանտարկուած է մեր սիրտը, երբ փակուած ենք Աստուծոյ եւ միւսներուն նկատմամբ` եսասիրութեան, անտարբերութեան, մենք զմեզ խաղի մէջ դնելու վախի, ատելութեան ու այլ իրողութիւններու պատճառաւ, որոնք մեզ կը հեռացնեն Աստուծմէ, մեր եղբայրներէն ու նաեւ մենք մեզմէ, եւ ապրելու ուրախութենէն», յարեց Քահանայապետը դիտել տալով, որ «այս հեռաւորութեան Աստուած կը պատասխանէ Յիսուսի մօտիկութեամբ»։
«Իր Միածին Որդոյն մէջ Աստուած մեզի կ՛ուզէ ցոյց տալ մօտիկութիւն, կարեկցութիւն եւ Աւետարանի հատուածին մէջ կը տեսնենք, որ Յիսուս կ՛երթայ այդ արուարձանեային շրջանները, դուրս ելլելով կրօնական շրջանակէն հանդիպելու համար հեթանոսներուն հետ»։
Քաջութիւն մի վախնար Փափուայի ժողովուրդ
«Իր մօտիկութեամբ Յիսուս կը բուժէ այդ մարդուն խուլութիւնն ու համրութիւնը։ Քոյրեր եւ եղբայրներ, դուք` որ կ՛ապրիք Խաղաղական ովկիանոսի դիմաց այս մեծ կղզիին մէջ, գուցէ շատ անգամ դուք ալ մտածած էք ըլլալ հեռաւոր երկիր մը ու մի գուցէ դուք ձեզ զգացած էք հեռու Աստուծմէ ու Անոր Աւետարանէն... Տէրը սակայն, նման համր ու խուլին կ՛ուզէ ձեզի մօտենալ, ու զգացնել տալ թէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կարեւոր է իրեն համար, ձեզի զգացնել տալ, թէ դուք իր սրտին կիզակէտն էք։ Ան այսօր ձեզմէ իւրաքանչիւրին կ՛ըսէ. «Բացուէ» յարեց Սրբազան Պապը ու քարոզը աւարտեց նշելով թէ «Այսօր եւս Տէրը մեզի կը կրկնէ «Քաջութիւն մի վախնար Փափուայի ժողովուրդ։ Բացուէ, Բացուէ Աւետարանի ուրախութեան, բացուէ Աստուծոյ հետ հանդիպումին, բացուէ եղբայրներու սիրոյն։ Թող ոչ մէկը խուլ ու համր մնայ այս հրաւէրին առջեւ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ