Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. Տարածել Աւետարանը իր խաղաղութեան, կարեկցանքի եւ արդարութեան բոյրով

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Տիլիի մէջ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն հետ հանդիպումին ընթացքին։ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Աւետարանի մէջ նշուած այն դէպքին վրայ, ուր Մարիամ Յիսուսի ոտքերը լուալէ ետք անուշահոտով կ՝օծէ զանոնք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 10 սեպտեմբերին, Թիմօ Լեսթի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 8,35ին, իսկ Իտալական ժամանակացոյցով 1,35ին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Տիլիի «Իրմաս Ալմաս» անուան դպրոցը ու կը հանդիպի Ալմաս միաբանութեան մայրապետներուն հետ, ինչպէս նաեւ դպրոցը յաճախող հաշմանդամ մանուկներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանիդպի կղերական դասին անդամներուն հետ

«Իրմաս Ալմաս» դպրոցը այցելելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի, Տիլիի «Անարատ Յղութեան» մայր տաճարը ու  հանդիպում կ՝ունենայ Թիմոր Լեսթի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, կրօնուսուցիչներուն հետ։

Մայր տաճար ժամանումին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը դիմաւորուի Տիլիի արքեպիսկոպոսին, եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին, եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կողմէ ապա երկու մանուկները Պապին կը նուիրեն փունջ մը ծաղիկներ։

Տիլիի կղերական դասին անդամներու հետ Հանդիպումը սկիզբ կ՝առնէ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին բարի գալուստի խօսքով, ապա մայրապետ մը, վարդապետ մը եւ կրօնուսուցիչ մը վկայութիւններ կու տան իրենց կեանքին մասին

Վկայութիւններ

Կրօնուսուցիչ, տիար Ֆլորենթինօ Տէ Եսուս Մարթինս իր տուած վկայութեան մէջ յարեց, որ ինք 89 տարեկան է ու 1956 թուականէն, որպէս կամաւոր կրօնքի դաս կու տայ ու հաւատացեալները կը պատրաստէ մկրտութեան եւ առաջին հաղորդութեան խորհուրդներուն ու ամէն օր գրեթէ 6էն 10 ժամ կը քալէ կատարելու համար իր պատասխանատուութիւնը, փափաքելով միշտ  եկեղեցւոյ ծառայել։ «Իմ աշխատանքիս ժամանակին մեծ մասը կատարած եմ կամաւոր կերպով եւ Աստուած զիս կը վարձատրածէ երկար կեանքով եւ ընտանիքին երջանկութեամբ»։

Ապա Հայր Սանչօ Ամարալ իր տուած վկայութեան մէջ նշեց, որ ինք 68 տարեկան է եւ 39 տարիներէ ի վեր քահանայ է ու ներգրաւուած է Թիմօր Լեսթի անկախութեան գործընթացքին մէջ՝ որպէս հոգեւոր հայր ընկերանալով պատերազմին մէջ գտնուող զինուորներուն ու ղեկավարներուն ու սորվելով շատ բաներ պատերազմի փորձառութիւններէն։ 

Մինչ Քոյր Ռոզա իր տուած վկայութեան մէջ ըսաւ որ ինք կ՝աշխատի Թիմոր Լեսթի երիտասարդներու եւ կանանց, մարդկային եւ կրօնական կազմաւորման համար, դիտել տալով որ Թիմօր Լեսթի մէջ կան կրօնական եւ քահանայական կեանքի համար շատ կոչումներ։ Քոյր Ռզոա ապա ընդգծեց, որ ժամանակին Թիմոր Լեսթը աւետարանելու համար եւրոպայէն միսիոնարներ կ՝երթային, սակայն այսօր Թիմօր Լեսթէն է որ միսիոնարներ կ՝երթան եւրոպան եւ աշխարհի տարբեր վայրերը աւետարանելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը

Ֆրանչիսոկս Պապ այս արթիւ արտասանած սիրտի խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն ինչպէս նաեւ իրենց վկայութիւնները տուող անձերուն։

Անդրադառնալով ապա Գերապայծառ Ամարալին ըսած այն խօսքին, որ Թիմօր Լեսթը աշխարհի սահմանները գտնուող երկիր է, Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ գոյութեան արուարձանները կը գտնուին Քրիստոսի սիրտին մէջ ու Աւետարանը բնակուած է անձերով, պատմութիւններով, որոնք կը գտնուին արուարձաններու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր ճառին մէջ մեկնաբանեց աւետարանին մէջ նշուած Յիսուսի բարեկամներուն՝ Ղազարոսի, Մարթայի եւ Մարիամ տան մէջ պատահած այն դէպքը, ուր Մարիամ թանկարժէք իւղով Յիսուսի ոտքերը  կ՝օծէ եւ իր մազերով կը սրբէ (Յովհ 12, 1-11)։ Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց Քրիստոսի եւ Աւետարանի անուշահոտերուն պարգեւին վրայ,  ըսելով որ անոնք պէտք ենք պաշտպանել ու տարածել..։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ կղերական դասին բոլոր անդամները Քրիստոսի անուշահոտը են եւ սա խորհրդանշական է, որովհետեւ այդ անուշահոտը չպակսիր Թիմօր Լեսթի մէջ, ուր առատութեամբ կ՝աճի արեւադարձային ծառերը իր բուրմունքով որ բարձր գնահատուած եւ փնտռուած է այլ ժողովուրդներու եւ ազգերու կողմէ ու յիշուած է Սուրբ Գիրքին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց կղերական դասի անդամները խնամքով պահպանել տիրոջմէ ստացած բոյրը, այնպէս ինչպէս Մարիամ պահեց՝ Յիսուսի համար ու պահպանել այն սէրը, որուն միջոցաւ Յիսուս հոտաւէտեց մեր կեանքը ինչ որ կը նշանակէ գիտակից ըլլալ ստացած նուէրին ու յիշել որ անուշահոտը չծառայեր մեր անձին համար այլ կը ծառայէ Քրիստոսի ոտքերը օծելու համար՝ հռչակելով Աւետարանը աղքատներուն։

Տարածել բոյրը

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ եկեղեցին գոյութիւն ունի աւետարանելու համար ու բոլորս կանչուած ենք Աւետարանի նոր կեանքի անուշահոտը տանելու բոլորին, նման Մարիամին որ օծելով Յիսուսի ոտքերը անուշահոտը բոլոր տան մէջ տարածուեցաւ։ «Աւետարանումը կ՝իրականացուի երբ քաջութիւնը կ՝ունենանք կոտրելու անուշահոտ պարունակող ծաղկամանը, կոտրել այն «պատեանը», որ յաճախ կը փակէ մենք զմեզ՝ մեր մէջ ու պէտք է դուրս գալ ծոյլ, յարմարաւէտ կրօնականութենէն։

Ֆրանչիսոկ Պապ ապա ակնարկեց քոյր Ռոզային տուած այն վկայութեան, որ շարժումի մէջ գտնուող եկեղեցին չկենար, այլ կ՝այրուի Աւետարանի ուրախութիւնը տանելով բոլորին։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Թիմոր Լեսթը կարիքը ունի աւետարանումի վերանորոգուած սլացքին, որպէսզի բոլորին հասնի աւետարանի անուշահոտը, համերաշխութեան, խաղաղութեան անուշահոտը, կարեկցութեան անուշահոտը, որ կ՝օգնէ աղքատներուն վերականգնելու եւ կը ներշնչէ պարտաւորութիւն վերակենդանացնելու համար երկրի ընկերային տնտեսական վիճակը, արդարութեան անուշահոտ կաշառակերութեան դէմ։

Ֆրանչիոսկոս Պապ նշեց, որ կարիքը կայ Աւետարանի Սլացքին, հետեւաբար կարիքը կայ պատրաստուած ու ստեղծագործ քահանաներուն, կրօնաւորներուն կրօնուսուցիչներուն ու այս կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիար Ֆլորենթինոյին՝ կրօնուսուցիչին, որ կեանքի մեղծ մասը նուիրեց կրօնուսուցչոթեան։

Ճառին մէջ Ֆրանչիսոս Պապ ապա յիշցուց, որ անուշահոտը կը ծառայէ օծելու համար Քրիստոսի ոտքերը, որոնք հաւատքի մէջ աղքատներուն ոտքերն են։ Յիշեց, 1500 թուականին, Փորթուկալցի Թոմէ Փիրս դիւանագէտի այն գրութիւնը ուր գրած է, որ  Մալայացի վաճառականները ըսած են թէ Աստուած Թիմոր Լեսթը ստեղծեց ճանդանի փայտին համար։ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, թէ բոլորս գիտենք թէ կայ ուրիշ անուշահոտ եւս, Աւետարանի, Քրիստոսի անուշահոտը, որ կը հարստացնէ կեանքը եւ ուրախութեամբ կը լեցնէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով տարեցներուն, տարեց քահանաներուն, տարեց մայրապետներուն, որոնք իրենց կեանքը Թիմոր Լեսթին մէջ սպառեցին ու անոնք մեր տիպարն են։

Նշենք, որ կղերական դասին անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկո Պապ ուղղուեցաւՊապական նուիրակի պալատ ու հոն առանձնական հանդիպում ունեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2024, 07:32