Որոնել

Ճաքարթայի Սրբոյ Կուսի վերափոխման տաճարը Ճաքարթայի Սրբոյ Կուսի վերափոխման տաճարը  Խմբագրական

Պատերազմի ներքնուղիէն դէպի եղբայրութեան ներքնուղի․Անտրէա Թորնիելլի

Կը ներկայացնենք Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսուչութեան Խմբագրական կազմի տնօրէնի աւանդական դարձած խմբագրականը, որ այս անգամ կ’անդրադառնայ Ֆրանչիսկոս Պապի տասներկուօրեայ ճամբորդութեան դէպի Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմոր Լեսթ եւ Սինկափուր, որ սկիզբ առաւ այսօր՝ 2 Սեպտեմբերին եւ պիտի աւարտի 13 Սեպտեմբերին։
Ունկնդրէ լուրը

Անտրէա Թորնիելլի

Կան պատերազմի եւ ահաբեկչութեան ներքնուղիներ, որոնք կ’օգտագործուին թաքցնելու համար զինուորները, ռազմիկները եւ պատանդները: Եւ կան ներքնուղիներ, որոնք ստեղծուած են միաւորելու տարբեր դաւանանքներու մարդկանց բարեկամութեան մէջ։

Ճաքարթայի «Istiqlal» մզկիթը՝ ամենամեծը Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ, եւ Աստուածամօր Վերափոխման կաթողիկէ տաճարը, վեր կը խոյանան դէմ դիմաց, մէկը միւսին մօտ, բաժնուած սակայն եռուղի երթեւեկելի ճանապարհով: Հին գետնափոր ճամբան վերանորոգուած է եւ զարդարուած է արուեստի գործերով՝ վերածուելով «եղբայրութեան ներքնուղիի»՝ կապելու համար մահմետականներու աղօթքի վայրը այն վայրի հետ, որտեղ քրիստոնեաները կը նշեն Հաղորդութիւնը։ Այրուող աշխարհի մէջ, որտեղ տեղի կ’ունենան պատերազմներ՝ լրատուամիջոցներու կողմէ լուսաբանուող, եւ պատերազմներ, որ մոռացուած են, ուր կարծես բռնութիւնն ու ատելութիւնը կը գերիշխեն, մենք պէտք ենք գտնել բարեկամութեան ուղիներ, պէտք ենք հաւատալ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան, քանի որ «բոլորս եղբայրներ ենք»: Այս մէկը կը վկայէ մեզ Պետրոսի կամուրջ կառուցող Իրաւայաջորդը։

Այսօր Ֆրանչիսկոսը ուղիղ չուերթով պիտի մեկնի Ասիա եւ Ովկիանիա՝ Իր Քահանայապետութեան ամենաերկար ճանապարհորդութեան համար. աշխարհի ամենամեծ մահմեդական երկիր Ինտոնեզիայէն մինչեւ Փափուա Նովա Կինէա, Թիմոր Լեսթէն մինչեւ Սինկափուր: Ուխտագնացութիւն՝ քրիստոնեաներուն մօտ ըլլալու համար այնտեղ, որտեղ անոնք «փոքր հոտ» են, ինչպէս Ինդոնեզիայի մէջ, կամ այնտեղ, որտեղ անոնք կը ներկայացնեն գրեթէ ողջ բնակչութիւնը, ինչպէս Թիմոր Լեսթի մէջ: Ճամբորդութիւն՝ հանդիպելու բոլորին եւ վերահաստատելու, որ մենք դատապարտուած չենք պատերու, արգելքներու, ատելութեան եւ բռնութեան, քանզի տարբեր հաւատքի, ցեղախումբերու եւ մշակոյթներու կանայք եւ տղամարդիկ կարող են միատեղ ապրիլ, յարգել մէկը միւսին, համագործակցիլ:

Ասիա եւ Ովկիանիա այցը՝ թէպէտ ծրագրուած չորս տարի առաջ, ապա յետաձգուած համավարակի պատճառաւ, այսօր մարգարէական նշանակութիւն կը ստանայ։ Հռոմի Եպիսկոպոսը, Ասսիզիի Սուրբի ոճով, որու անունը կը կրէ, կը ներկայանայ անզէն, առանց նուաճելու կամ  դաւանափոխութեան մտադրութիւններու՝ ցանկանալով միայն վկայել Աւետարանի գեղեցկութիւնը՝ հասնելով ինը հազար շունչ ունեցող Վանիմօ քաղաք, որ կը նայի «Խաղաղ Ովկիանոսին: Նոյն մտադրութիւններով դրդուած Անոր Նախորդը՝  Պօղոս Զ 29 Նոյեմբեր 1970 թուականին փոքր ինքնաթիռով հասած էր անկախ Սամոայի մայրաքաղաք Ափիա՝ Leulumoega գիւղի մէջ գտնուող փոքրիկ ու երերուն խորանի մէջ պատարագ մատուցելու նպատակով կղզիի քանի մը հարիւր բնակիչներու համար: Նոյն մտադրութիւններով դրդուած Յովհաննէս Պօղոս Բ քանի մը անգամ այցելած է աշխարհի այս հատուածը եւ 20 Նոյեմբեր 1986 թուականին Սինկափուրի մէջ Յիսուսի վարդապետութեան «իսկական էութեան» մասին արտասանած է հետեւեալ բառերը. «Սէրը առատաձեռնօրէն կ’արձագանքի աղքատներու կարիքներուն եւ կը յատկանշուի տառապողներու հանդէպ կարեկցանքով: Սէրը պատրաստ է հիւրընկալութիւն առաջարկել եւ հաւատարիմ է դժուար պահերուն: Ան միշտ պատրաստ է ներելու, յուսալու եւ հայհոյանքը օրհնութեամբ փոխադարձելու: «Գթութիւնը բնա՛ւ չիյնար» (Ա Կորնթացիս 13, 8): Սիրոյ պատուիրանը Աւետարանի առանցքն է»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2024, 13:00