Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. Գաղթականները մերժելը եւ յղիութեան արուեստական ընդհատումը կեանքի դէմ են

Ասիա եւ Ովկիանիա կատարած ճամփորդութենէն վերադառնալու ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ օդանաւին մէջ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ Ամերիկայի ընտրութիւններուն, Կազայի պատերազմի, Չիանաստանի, սեռային չարաշահութիւնն Ապպէ Փիեռի դէպքին հետ կապուած ու իր այցելած երկիրներու ունեցած տպաւորութիւններու մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ինչպէս միշտ իր առաքելական ճամբորդութիւններէն յետոյ՝ Հռոմ վերադառնալու թռիչքի ժամանակ, Ֆրանչիսկոս Պապ իրեն ընկերացած լրագրողներու հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ ոչ միայն իր այցելած երկիրներու եւ համայնքներու հանդէպ ունեցած տպաւորութիւններուն մասին, այլ նաեւ այժմէական խնդիրներու, ինչպէս սեռային չարաշահումները, որոնք «սատանայական են ու երբեք պէտք չէ, որ անոնք ծածկուին, նոյնիսկ եթէ կը վերաբերին կաթողիկէ աշխարհի նշանաւոր գործիչներուն»։

Սինկափորէն թռիչք առնելէ անմիջապէս ետք, Քահանայապետը օդանաւին մէջ կը տեղափոխուի լրագրողներու համար յատկացուած յատուկ տեղ, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթէօ Պրունիին հետ միասին։

ժպտալով եւ հանգիստ վիճակի մէջ քահանայապետը իր ամենէնէն երկար ճամբորդութենէն յետոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ՝ ընկերակցութեան համար ու շուրջ 40 վայրկեան լրագրողներու հարցումներուն կը պատասխանէ, նոյնիսկ յոգնած չ՝երեւնալով, ընդհակառակը կատակելու միջոց կը փնտռելով։ Թռիչքի ընթացքին երբ օդանաւը սկսած է «պարելու» հրամանատարը խորհուրդ տուած է նստելու եւ գօտիները կապելու, Ֆրանչիսկոս Պապ ֆրանսացի լրագրողի մը, որ իրեն հարցուցած է սեռային չարաշահումներու մասին կը պատասխանէ ըսելով «Քու հարցումովդ խռովութիւն յառաջացուցիր»։

Ամերիկայի ընտրութիւնները

Ֆրանչիսկոս Պապ յստակ օրէն կ՝անդրադառնայ ու կը պատասխանէ Ամերիկայի երկու թեկնածուներուն ծրագիրներու մասին նախ նկատել տալով, որ յղիութեան արհեստական ընդհատումը թոյլ տալը ու գաղթականները մերժելը երկուքն ալ «Կեանքի դէմ» կեցուածքներ են, «ըլլայ ան, որ կը մերժէ գաղթականները, ըլլայ ան որ կը սպանէ մանուկները»։ Ապա յիշելով, որ Սուրբ Գիրքին մէջ ընդգծուած է՝ գաղթականները, մանուկները, որբերը, օտարները, այրի կիները պաշտպանելու պարտականութիւնը Սրբազան Հայրը կը շեշտէ, որ գաղթականները մերժելը, անոնց աշխատելու հնարաւորութիւնը չտալը, կամ ստրուկի պէս վարուիլը «ծանր մեղք է»։

Իսկ ինչ կը վերաբերի յղիութեան արհեստական ընդհատումին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ թէ «անիկա սպանութիւն է»։ «Գիտութիւնը կ՝ըսէ, որ բեղմնաւորման ամսուան մէջ մարմնի բոլոր անդամներ արդեն ձեւաւորուած եպ» Հետեւաբար յղիութեան արհեստական ընդհատումը կը նշանակէ սպաննել մարդը», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «Եկեղեցին փակ չէ որովհետեւ չ՝ընդունիր յղիութեան արհեստական ընդահատումը, եկեղեցին անիկա չ՝ընդունիր, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ սպաննել մարդը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հարց տալով, թէ կաթողիկէ մը ինչպէ՞ս պիտի քուէարկէ պատասխանեց ըսելով «քաղաքական բարոյականութեան մէջ կ՝ըսուի, որ քուէարկելու չ՝երթալը վատ է։ Դուք պէտք է ընտրէք չարին փոքրագոյնը։ Ու այս պարագային ո՞վ է չարին փոքրագոյնը, այդ կինը՞ կամ այդ մարդը՞, ամէն մէկը իր խիղճով թող մտածէ եւ գործէ»։

Կազայի մէջ պատերազմը

«Սուրբ Աթոռը կ՝աշխատի» ու ամէն ջանք կը թափէ, ըսաւ Սրբազան հայրը անդրադառնալով հնարաւոր միջնորդութիւններուն եւ ընդհանրապէս խաղաղութեան որոնման։«Ես անձամբ ամէն օր հեռաձայնային կապ կը պահեմ Կազայի ժողովրդապետութեան հետ, ուր կան 600 անձեր՝ մահմետականներ, քրիստոնեաներ ու ինծի վատ բաներ կը պատմեն, դժբախտաբար խաղաղութեան ուղղութեամբ առաջընթաց չեմ տեսներ։ Եղբայրութիւնը աւելի կարեւոր է քան եղբօրը սպանութիւնը։ Նոյնիսկ ան որ պատերազմը պիտի յաղթէ մեծ պարտութիւն պիտի գտնէ, որովհետեւ պատերազմը պարտութիւնն է բոլորիս համար։ Ասոր համար այն բոլոր բաները, որ կը կատարուին խաղաղութեան համար կարեւոր են», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու այս կապակցութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Յորդանանին թագաւորին, «Խաղաղութեան մարդ է եւ ամէն ջանք կը թափէ խաղաղութիւն գտնելու համար»։

Չինաստանի մասին խօսքը

«Ես ուրախ եմ Չինաստանի հետ երկխօսութիւններուն համար։ Արդիւնքը լաւ է։ Եպիսկոպոսներու անուանումին համար բարիք կամքով կ՝իրականացուի։ Չինաստանը ինծի համար պատրանք է , այն իմաստով որ կը փափաքիմ հոն այցելել։ Ես կը հինանամ Չինաստանի վրայ ու յարգեմ։ Չինաստանը եկեղեցւոյ համար խոստում ու յոյս է։ Եւ մենք կրնանք յուսալ նաեւ խաղաղութեան համար համագործակցութեան մէջ։ Կարդինալ Ծուփփին յարաբերութիւններ ունի Չինաստանի հետ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Սեռային չարաշահումները եւ Ապպէ Փիերը

Սեռային չարաշահումները, ցաւալի են։ Ապպէ Փիեռը այնքան բարիքներ ընելով ցոյց տուաւ, որ մեղաւոր անձ մըն է։ Սա մեր մարդկային վիճակն է։ Սակայն պէտք չէ երբեք ծածկենք։ Պէտք է յստակացնել ամէն բան։ Սեռային չարաշահումներու դէմ աշխատանքը շատ կարեւոր է, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «սեռային չարաշահումը սատանայական է, որովհետեւ մարդու արժանապատուութիւնը կը քանդէ ։ Ու Ինչ կը վերաբերի այն ժամանակաշրջանին, երբ Ապպէ Փիեռի վարքագիծը յայտնի դարձաւ Վատիկանի մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ «չեմ գիտեր թէ Վատիկանը երբ իմացաւ անոր մասին, վստահ անոր մահէն ետք։ Երեխաներու եւ անչափահասներու դէմ սեռային չարաշահումները յանցագործութիւն եւ ամօթ է»։

Վենեզուելլա

Ֆրանչիսկոս Պապ մօտէն չհետեւելով Վենեզուելլային քաղաքական իրավիճակին, մաղթանք յայտնեց ըսելով, «Պէտք է Երկխօսութիւն կատարել եւ խաղաղութիւն կերտել։ Բռնապետութիւնները անօգուտ են եւ վաղ թէ կանուխ քէշ աւարտ ունին։ Պետութիւնն ու ժողովուրդը թող ամէն բան կատարեն, խաղաղ լուծման համար։ Ես գիտեմ որ եպիսկոպոսները արտայայտուած են»։

Ուրիշ ճամբորդութիւններ

Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ որ դեկտեմբերին Փարիզ պիտի չ՝երթայ «Նոթր Տամ» տաճարին բացումին համար, 2019ին, հրդեհէն յետոյ վերակառուցման աշխատանքներէն ետք։

Ինչ կը վերաբերի Արժանթինին, Նորին Սրբութիւնըւ ըսաւ անիկա բան մըն է, որ տակաւին որոշուած չէ։ «Կը փափաքիմ երթալ, անիկա իմ ժողովուրդս է, բայց կան մի քանի բաներ որ պէտք են լուծուիլ»։

Հարցնելով եթէ առիթ ըլլայ Պուէնոս Այրէս երթալու ժամանակ, արդեօ՞ք պիտի այցելէ Կանարեն կղզիները, Ֆրանչիսկոս Պապ Արժանթինցի լրագրողին պատասխանեց ըսելով  «Իմ միտքս կարդացիր, որովհետեւ հոն կան շատ գաղթականներ եւ կը փափաքիմ անոնց իմ մօտիկութիւնս յայտնել։

Ճամբորդութեան տպաւորութիւնները

Պատասխանելով այցելած երկիրներու լրագրողներուն, հարցումներուն Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ այն բաներու մասին, որ շատ տպաւորուած մնաց։ «Երբեք չէի սպասեր Սինկափուր այդպէս գտնել։ Զարգացած երկիր մը, մաքուր, կիրթ ժողովուրդ։ Մեծ բազմայարկ շէնքեր, մեծ կրօնական մշակոյթ։ Հանդիպումը զոր ունեցայ երիտասարդներուն հետ եղբայրութեան օրինակ է»։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ անդրադառնայ յաջորդ շաբաթ կայանալիք Formula 1ին, ըսելով որ չզգաց խտրականութիւններ աշխատաւորներու մասին։ Ինչ կը վերաբերի մահապատիժին, որ տակաւին կիրարկուած է երկրին մէջ, « ես անոր մասին չնշեցի, որովհետեւ միտքս չ՝եկաւ» ըսաւ Սրբազան հայրը դիտել տալով դա միջոց մըն է, որ չգործեր։ Կամաց կամաց պէտք է փորձել ջնջել բոլոր պետութիւններու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարեց որ սիրահարուած է Թիմոր Լեսթին, անոր համեստ ընտանեկան մշակոյթին։ «Կեանքի մշակոյթ։ Ինչ կը վերաբերի կլիմայի փոփոխութիւններուն,  Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ըրաւ ըսելով, որ գործելու պէտքը կայ  քան թէ խօսելու։

Փափուա Նովա Կինէայի մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ շատ տպաւորուած մնաց գեղարուեստական արտայայտութիւններէն, յատուկէն պարերէն։ «Վանիմօ գացի հանդիպելու համար Արժանթինցի միսիոնարներու հետ որոնք անտառներու մէջ կ՝աշխատին։ Ասիկա շատ գեղեցիկ է» ըսաւ Քահանահապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2024, 09:19