Որոնել

Israel continues military strikes on Gaza

Սրբազան Պապին նորոգուած կոչը խաղաղութեան ի սպաս ու դատապարտումը զէնքի արտադրումներուն ի տես

Այն ներդրումները, որոնք այսօր ամենաշատ շահոյթ կու տան զէնքի գործարաններն են։ Շահ կուտակել մահով։ Այս մէկը պէտք է մեզ սարսափեցնէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 23 Հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Պապը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորները, ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ իտալացի հաւատացեալներուն յատուկէն յիշելով երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները։ 

Համագործակցիլ Եկեղեցւոյ առաքելութեան 

«Հոկտեմբեր ամիսը մեզ կը հրաւիրէ նորոգելու մեր գործունեայ համագործակցութիւնը Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Գիտցէք ամենուրէք ըլլայ Աւետարանի միսիոնարներ, նուիրելով աղօթքի հոգեւոր աջակցութիւնը ու շօշափելի օգնութիւնը անոնց` որոնք դժուարութիւնն ունին զայն հասցնելու անոնց որոնք տակաւին չեն ճանչնար զայն», ըսաւ Սրբազան Պապը ապա հրաւիրեց աղօթել Խաղաղութեան համար։ 

«Պատերազմը չի ներէր, անիկայ պարտութիւն է ի սկզբանէ»

«Այսօր առաւօտեան կանուխ ստացայ Ուքրանիոյ մէջ մահերու վերաբերեալ վիճակագրութիւնը` սարսափելի իրողութիւն» աւելցուց Քահանայապետը հաստատելով, որ «Պատերազմը չի ներէր, անիկայ պարտութիւն է ի սկզբանէ» ապա հրաւէր ուղղեց աղօթելու խաղաղութեան Տիրոջ` «որպէսզի խաղաղութիւն պարգեւէ բոլորին» այս ծիրէն ներս յիշելով Միանմարը, Պաղեստինը` որ «թիրախ է տմարդկային յարձակումներու», Իսրայէլը ու պատերազմի մէջ գտնուող բոլոր երկիրները։ 

«Եղբայրներ եւ քոյրեր թիւ մը կայ, որ մեզ պէտք է վախցնէ. Այն ներդրումները, որոնք այսօր ամենաշատ շահոյթ կու տան, զէնքի գործարաններն են։ Շահ կուտակել մահով։ Աղօթենք խաղաղութեան համար բոլորս միասին» եղաւ Նորին Սրբութեան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան վերջին խնդրանքը։ 

Հայցենք Մասսապքի եղբայրներուն բարեխօսութիւնը

Նշենք` որ արաբախօս ուխտաւորներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը յիշեց անցեալ Կիրակի օր Սուրբ Հռչակուած Ֆրանչիսկեան միաբանները ու մարոնցի Մասսապքի եղբայրները, հրաւիրելով հայցել անոնց բարեխօսութիւնը «որպէսզի մենք եւս կարողանանք ծառայութեան մէջ հետեւիլ Քրիստոսին ու դառնալ աշխարհի համար յոյսի վկաներ», ըսաւ Ան Տիրոջ օրհնութիւններն ու հովանին հայցելով բոլորի վրայ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ` ընտանիքներուն Քահանայապետը

Լեհաստանէն ժամանած ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 22 հոկտեմբերին յիշատակուած ծիսական տօնը` զայն որակելով «ընտանիքներու Քահանայապետը», ինչպէս Ինք զայն սահմանած էր Անոր սրբադասման արարողութեան ընթացքին։

«Ան ձեզի` լեհերուդ կը յիշեցնէր, որ ընտանիքին ուժը կու գայ Աստուծմէ։ Հայցենք Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը բոլոր ընտանիքներուն համար, որպէսզի Ան անոնց մէջ հրահրէ իրենք զիրենք պարգեւելու կարողութիւնը ու միասին ըլլալու ուրախութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2024, 10:30