«Ան մեզ սիրեց» Ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականը նուիրուած Յիսուսի Սուրբ Սրտին
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«ԱՆ ՄԵԶ ՍԻՐԵՑ» կը գրէ Պօղոս առաքեալ խօսելով Քրիստոսի մասին Հռովմէացիներու ուղղած նամակին մէջ (8,37), մեզի բացայայտել տալու համար, թէ «ոչ մէկ բան կարող է մեզ բաժնել Անորմէ» (Հռոմ 8,39) այսինքն Քրիստոսէն։ Այս նախադասութեամբ կը սկսի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրած չորրորդ շրջաբերականը, որուն բնաբանն է ««Dilexit nos – Ան մեզ սիրեց» եւ նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Սրտին մարդկային եւ աստուածային սիրոյն։
«Ան մեզի ըսաւ «ձեզ բարեկամներ կոչեցի (Յովհ. 15,15)։ Անոր բաց սիրտը մեզ կը կանխէ ու մեզ կը սպասէ անվերապահօրէն, առանց որևէ նախնական պայմանի, որպէսզի կարողանայ մեզ սիրել և մեզի առաջարկել իր բարեկամութիւնը. Ան մեզ սիրեց որպէս առաջին (տես Ա Յովհաննէս 4,10): Շնորհիւ Յիսուսին «մենք ճանչցանք ու հաւատացինք այն սիրոյն զոր Աստուած ունի մեզի հանդէպ (Ա Յովհ. 4,16)», կը կարդանք միշտ շրջաբերականի նախաբանին մէջ։
Սրբազան Պապին սոյն Փաստաթուղթը հրապարակուեցաւ մինչ ընթացքի մէջ են Յիսուսի Սուրբ Սրտին Սրբուհի Մարգարիտ Մարի Ալաքոքին առաջին յայտնութեան 350-ամեակի տօնախմբութիւնները, որոնք պիտի աւարտին եկող տարուայ ` այսինքն 2025-ի Յունիսի 27-ին:
Սրտին վերադառնալու կարեւորութիւնը
Յիսուսին Սուրբ Սրտի պաշտամունքին նուիրուած այս Շրջաբերականը կազմուած է հինգ գլուխներէ, եւ կը պարունակէ, ինչպէս յայտնած էր նոյնինքն Սրբազան Պապը, անցեալ 5 Յունիսին, «Նախկին Վարդապետական գրութիւններու թանկարժէք արտացոլումները և երկար պատմութիւնը, որ սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Գրութիւններէն, որպէսզի այսօր` համայն Եկեղեցւոյ առաջարկուի այս հոգևոր գեղեցկութեամբ լի պաշտամունքը»:
Քրիստոսին սէրը ներկայացուած անոր Սուրբ Սրտին մէջ
Շրջաբերականին մէջ Քահանայապետը կ՛առաջարկէ Քրիստոսի սիրոյն վերաբերեալ նորոգուած խորացում հրաւիրելով նորոգել անոր հանդէպ իսկական նուիրումը, յիշեցնելով` որ Քրիստոսի Սրտին մէջ մենք «կարող ենք գտնել Աւետարանը իր ամբողջութեամբ» ու թէ «Անոր Սրտին մէջ է, որ մենք «կը ճանչնանք մենք զմեզ եւ կը սորվինք սիրել»։
Աշխարհը կարծես կորսնցուցած է իր սիրտը
Քահանայապետը առ այդ կը բացատրէ` թէ Քրիստոսի սիրոյն հանդիպելով մենք եւս կարող կը դառնանք եղբայրական կապեր հիւսելու, ճանչնալու իւրաքանչիւր մարդ արարածի արժանապատուութիւնը ու հոգ տանելու մեր հասարակաց տան եւ ասկէ մեկնելով Ան Տիրոջմէ կը խնդրէ, որ «անգամ մը եւս գթայ այս վիրաւոր երկրին վրայ», անոր վրայ հեղելով իր «լոյսին ու սիրոյն գանձերը», որպէսզի աշխարհը` որ «կը վերապրի պատերազմներու, ընկերա-տնտեսական անհաւասարակշռութիւններու, սպառողականութեան ու արուեստագիտութեան հակա-մարդկային օգտագործումին, կարողանայ վերագտնել այն ինչ որ աւելիով կարեւոր ու հարկաւոր է` այսինքն սիրտը։
Առաջին Գլուխ. «Սրտին Կարեւորութիւնը»
Առաջին Գլուխին մէջ Քահանայապետ կը բացատրէ, թէ ինչու պէտք է «սրտին վերադառնալ» աշխարհի մը մէջ` ուր կը փորձուինք դառնալ «անյագ սպառողներ» (2) եւ կ՛ընդգծէ սրտին այսօրեայ արժեզրկումին պատճառները, որոնք կը գտնուին «Յունական և նախաքրիստոնէական բանապաշտութեան մէջ եւ յետ-քրիստոնէական գաղափարապաշտութեան և նիւթապաշտութեան մէջ» որոնք նախընտրեցին «բանականութիւն, կամք եւ ազատութիւն» հասկացութիւնները։ Եթէ սիրտը արժեզրկուած է, արժեզրկուած է նաև այն, ինչ կը նշանակէ սրտէն խօսիլ, սրտով գործել, հասունանալ և հոգ տանիլ սրտին։ Ուստի սրտին համար տեղ չգտնելով` լայն զարգացում չգտաւ նոյնիսկ «անձնական կենտրոնի մը գաղափարը», որ կարող է միաւորել ամէն ինչ, այսինքն՝ սէրը (10):
Յիսուսին սիրոյ խօսքերն ու արարքները
Երկրորդ Գլուխը նուիրուած է Քրիստոսի սիրոյ խօսքերուն ու արարքներուն, որով Ան մեզի հետ կը վերաբերի որպէս բարեկամներ ու ցոյց կու տայ, որ Աստուած «մօտիկութիւն, գթութիւն ու քնքշութիւն» է։ Անոր սիրոյն ամենախօսուն խօսքը «Խաչին վրայ քամուիլն» է, կը գրէ Սրբազան Պապը։
Ահա սիրտը` որ այնքան շատ սիրեց
Մինչ երրորդ Գլխուն մէջ, որուն վերնագիրն է «Ահա սիրտը` որ այնքան շատ սիրեց» Նորին Սրբութիւնը կը բացայայտէ, որ Քրիստոսին Սիրտին մէջ պարունակուած է «երրեակ սէր մը». Զգայունը` անոր ֆիզիկական սրտին մէջ, և «երկակի հոգևոր սէրը՝ մարդկայինն ու աստուածայինը» (66), որտեղ կը գտնենք «վերջացածին մէջ անսահմանը» (64): Սրբազան Պապը առ այդ կը հրաւիրէ նորոգել Քրիստոսին Սրտին հանդէպ պաշտամունքը հակազդելու համար «հասարակութեան մէջ առկայ «անմարմին հոգեւորականութեան նոր դրսեւորումներուն» (87): Հարկ է ուրեմն վերադառնալ Աւետարանին, ի տես հասարակութիւններու ու հովիւներու, որոնք կեդրոնացած են արտաքին գործունէութիւններու վրայ, Աւետարանէ զուրկ կառոյցներու բարեփոխումներու վրայ, ու մոլուցքային կազմակերպութիւններու, աշխարհիկ նախագիծերու եւ աշխարհիկ մտորումներու» վրայ, առաջարկներու վրայ «զոր երբեմն կը պնդենք պարտադրել բոլորին» (88):
Սիրով լեցուած սրբուհիներ եւ սուրբեր որոնք «ջուր կու տան»
«Սէրը` որ ջուր կու տայ». Այս է չորրորդ Գլուխին վերնագիրը, որուն մէջ Քահանայապետը յղում կը կատարէ Եկեղեցւոյ Վարդապետներուն, որոնք խօսեցան «Յիսուսի կողի վէրքի մասին` որպէս Սուրբ Հոգիին ջուրի աղբիւր», որ կը յագեցնէ մեր սիրոյ ծարաւը։
Սրբուհի Մարգարիտ Մարի Ալաքոքին երեւումները
Նորին Սրբութիւնը կ՛ակնարկէ ապա Սրբուհի Մարկարիթ Մարի Ալաքոքին ունեցած երեւումներուն` 1673 Դեկտեմբերէն մինչեւ 1675ի Յունիս ամսուայ ժամանակահատուածի ընթացքին։ Այդ երեւումներէն մեզի փոխանցուած պատգամին կիզակէտն է. «Ահա այն սիրտը որ անքան շատ սիրեց մարդիկը», մինչեւ «սպառելու և հիւծելու աստիճան՝ անոնց վկայելու համար Իր սէրը» (121):
Սրբազան Պապը ի միջի այլոց կը մէջբերէ Լիզիէօյի Սրբուհի Թերեզային եւ Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքայի փորձառութիւնները` որոնք մեզի կ՛առաջարկեն «աստուածային ողորմութեան» նկատմամբ պաշտամունքը։ Պաշտամունք` զոր Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը լաւապէս իւրացուցած էր։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը զգուշացնէ եւ կը խնդրէ` «որ ոչ ոք ծաղրէ Աստուծոյ սուրբ, հաւատարիմ ժողովուրդի հաւատացեալ եռանդի արտայայտութիւնները, որ ժողովրդական բարեպաշտութեամբ կը ձգտի մխիթարել Քրիստոսը» (160): Որովհետև «մխիթարելով զայն՝ մենք դուրս կու գանք մխիթարուած» և «մենք ալ կարող կ՛ըլլանք մխիթարել անոնք, որոնք կը յայտնուին ամէն տեսակի նեղութեան մէջ» (162):
Յիսուս Քրիստոսի Սրտին նկատմամբ պաշտամունքը մեզ կը մղէ դէպի եղբայրները
«Սէր` սիրոյ համար» վերտառութեամբ հինգերորդ ու վերջին Գլուխին մէջ Քահանայապետը կը խորանայ Քրիստոսի Սրտին իսկական պաշտամունքի համայնքային, սոցիալական և միսիոներական հարթութեան մէջ։ Քրիստոսին Սիրտը` որ մեզ կ՛առաջնորդէ Աստուծոյ ու կ՛ուղարկէ եղբայրներուն» (163). Արդարեւ եղբայրներու նկատմամբ սէրը «ամենամեծ արարքն է, որ մենք կարող ենք նուիրել Քրիստոսին, սէրը փոխարինելով սիրով» (167) կը գրէ Սրբազան Պապը այս ծիրէն ներս եւս մատնանշելով սուրբերու օրինակին, ինչպէս Շառլ Տը Ֆուքոն, հուսկ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերով կը հաստատէ «մենք մեզ առաջարկելով Քրիստոսի Սրտին հետ միասին, կարելի է ատելութեամբ և բռնութեամբ կուտակուած աւերակներու վրայ կառուցել շատ ցանկալի սիրոյ քաղաքակրթութիւնը, Քրիստոսի սրտին թագաւորութիւնը» (182):
Ան ապա կը մէջբերէ Սուրբ Պօղոս Զ-ին խօսքերը. «անհրաժեշտ են «սիրահարուած միսիոնարներ, որոնք տակաւին թոյլ կու տան գրաւուիլ Քրիստոսով (209) խուսափելու համար այն մեծ վտանգէն, որ առաքելութեան մը մէջ «ըսուին եւ կատարուին շատ բաներ բայց կարելի չըլլայ հրահրել Քրիստոսի սիրոյն հետ ուրախ հանդիպումը» (208)։
Քահանայապետին եզրափակիչ աղօթքը
Շրջաբերականը կ՛աւարտի Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքով` նուիրուած Յիսուսի Սուրբ Սրտին` որուն մէջ Ան կ՛աղօթէ որպէսզի «Քրիստոսի Սուրբ Սրտէն բոլորի համար յորդի կենդանի ջուրի գետեր, բուժելու համար մեր վէրքերը, զոր մենք կը պատճառենք եւ զօրացնելու մեր կարողութիւնը` սիրելու եւ ծառայելու, ու գիտնալ սորվելու` քալել միասին դէպի աւելի արդար, աւելի զօրակից եւ աւելի եղբայրական աշխարհ մը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ