Ֆրանչիսկոս Պապ. «Գիտութիւնը մարդուն համար է, եւ ոչ թէ մարդը գիտութեան համար»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 16 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ վիրաբուժութեան ընկերակցութեան անդամները, Հռոմի մէջ կայացած ազգային 126-րդ համագումարին առիթով։ Համագումարին բնաբանն է «Վիրաբուժութեան ապագան, ապագային վիրաբոյժը։
Արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով համագումարին նիւթին նշեց թէ ան որ ապագային մասին կը խօսի, յոյսի, ծրագիրի, յանձնառութեան մասին է որ կը խօսի» ու այս իմաստով ընդգծեց թէ վիրաբոյժի աշխատանքը թանկարժէք է մարդուն համար, որ «գեղեցիկ, փխրուն արարած է, կեանքի ու ապագային տենչացող արարած է՝ միաժամանակ շատ խոցելի։ »
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները մտածելու վիրաբոյժին մասին սկսելով իր եղբօրը նուիրուածութեան մշակոյթէն, մասնաւորապէս երբ այդ եղբայրը մեկուսացուած եւ աղքատ է ։
«Միշտ մարդն է որ կ՝ապրի եւ կը մեռնի, կը տառապի ու կը բուժէ, ոչ միայն իր մարմնի անդամները», ըսաւ Ան
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց ժամանակակից բժշկութեան մասին ըսելով, որ «Ժամանակից բժշկութիւնը երբեմն շատ կեդրոնացած է մարդու ֆիզիքական ծաւալի վրայ, առանց հաշուի առնելով անոր ամբողջականութեան եւ եզակիութեան մէջ ու այդպիսով մարմինը կը դառնայ գիտական հետազօտութեան եւ թեքնիկանան խաբէութեան մերկ առարկայ՝ ի վնաս հիւանդին, որ կ՝անցնի երկրորդ մակարդակի։
«Գիտութիւնը մարդուն համար է եւ ոչ թէ մարդը գիտութեան համար։ Մարդկային գիտութիւն։ ըսաւ Սրբազան Հայրը
Անդրադառնալով ապա վիրաբուժութեան ծիրէն ներս արուեստական գիտութեան, ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց «երբեք պէտք չէ մոռնալ թէ ոչ մէկ բան կրնայ անտեսել վիրաբոյժի ձեռքը։ Վիրաբուժութիւն կը նշանակէ «ձեռքով կատարուած աշխատանք, ձեռքի աշխատանք»։ Այս գծով Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց վիրաբոյժներէն, որ երբ որ իրենց ձեռքերուն մէջ ունին մարդու մը մարմին՝ ստեցուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն, գործել «որպէս առողջութեան արուեստագէտներ» վերաբերուելով ուրիշներուն հետ այն միեւնոյն հոգատարութեամբ, զոր կ՝ուզեն ստանալ ուրիշներէն։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց երիտասարդներու միջեւ զարգացնել մարդկային, գիտական, հոգեբանական, արուեստագիտական կազմաւորումը, հրաւիրեց դառնալու տառապողի կեանքի պաշտպանողները, ու այս առնչութեամբ նուիրեց վիրաբոյժներուն մասնագիտութեան ապագան ոգեշնչող իքոն մը, որ կը պատկերացնէ Բարի Սամարացին առակը. «Ան որ հոգ կը տանի, կը տեսնէ եւ կը կենայ առանց շտապելու, ան որ ունի կարեկցանք անոր որ կը հանդիպի, անոր որ իրեն կը մօտենայ եւ վէրքերը կը ծածկէ։
Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց յանձնարարելով ունենալու հետեւեալ վերաբերմունքները. Տեսնել սիրով, կարեկցանք զգալ, մօտիկ ըլլալ ու խնամել։ Այսպէսով ամէն բժիշկ կը դառնայ հիւանդի մերձաւորը» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ