Որոնել

Պէյրութի մէջ պատերազմի հետեւանքները Պէյրութի մէջ պատերազմի հետեւանքները  (AFP or licensors)

Զինադադար կը պահանջեմ բոլոր ճակատներուն վրայ. Բոլոր ազգերը գոյատեւելու իրաւունքն ունին. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Կը խնդրեմ անմիջական հրատապ հրադադար հաստատել բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ: Աղօթենք լիբանանցիներու համար, յատկապէս հարաւի բնակիչներուն համար, որոնք ստիպուած են լքել իրենց գիւղերը։ Կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային ընտանիքին, որպէսզի վերջ դրուի ոխի պարոյրին ու չկրկնուին յարձակումները, նման անոնց որ կատարեց Իրանը մի քանի օրեր առաջ, եւ որոնք կարող են Տարածաշրջանը ներգրաւել աւելի մեծ պատերազմի մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Վաղը մէկ տարի անցած պիտի ըլլայ Իսրայէլի ժողովուրդին դէմ գործադրուած ահաբեկչական յարձակումէն, որուն կը նորոգեմ իմ մօտիկութիւնս» այս խօսքերով է, Ֆրանչիսկոս Պապը, կիրակի 6 հոկտեմբերի կէսօրին սկսաւ սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն ու եթերի միջոցաւ իրեն հետեւող հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքը։

«Չմոռնանք որ Կազայի մէջ կան տակաւին շատ մը պատանդներ, որոնց համար կը պահանջեմ անյապաղ ազատագրում» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով, թէ ինչպէս «այդ օրուընէ ասդին, Միջին Արեւելքը մխրճուեցաւ միշտ աւելիով ծանր տառապանքի մէջ, կործանարար ռազմական գործողութիւններով, որոնք կը շարունակեն հարուածել պաղեստինեան բնակչութիւնը»։

«Այս բնակչութիւնը մեծապէս կը տառապի Կազայի ու այլ շրջաններու մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ անոնց մեծամասնութիւնը անմեղ քաղաքացիներ են, «մարդիկ` որոնք պէտք է ընդունին բոլոր անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնները»

«Կը խնդրեմ անմիջական հրատապ հրադադար հաստատել բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ: Աղօթենք լիբանանցիներուն համար, յատկապէս հարաւի բնակիչներուն համար, որոնք ստիպուած են լքել իրենց գիւղերը։ Կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային ընտանիքին, որպէսզի վերջ դրուի ոխի պարոյրին ու չկրկնուին յարձակումները, նման անոնց, որ կատարեց Իրանը մի քանի օրեր առաջ, եւ որոնք կարող են Տարածաշրջանը ներգրաւել աւելի մեծ պատերազմի մէջ» եղաւ հուսկ Նորին Սրբութեան հաստատակամ կոչը որմէ ետքը հաստատեց թէ «բոլոր ազգերը իրաւունք ունին գոյատեւելու խաղաղութեամբ ու անվտանգութեամբ, ու անոնց տարածքները պէտք չէ յարձակումի ու ներխուժման թիրախ ըլլան, ինքնիշխանութիւնը պէտք է յարգուի և երաշխաւորուի երկխօսութեամբ և խաղաղութեամբ, ոչ թէ ատելութեամբ և պատերազմով»:

«Այս իրավիճակին մէջ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է աղօթքը» յարեց ապա Քահանայապետը նշելով` թէ «այսօր կէսօրէն ետքը բոլորս պիտի երթանք Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, հայցելու համար Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, հուսկ վաղը պիտի ըլլայ աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթքի ու ծոմապահութեան օր։

«Միանանք Բարիի ուժով, պատերազմի սատանայական թակարդներուն դէմ» հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը որ ապա մօտիկութիւն արտայայտեց Պոզնիա Էրծիկովինայի մէջ ջրհեղեղներու զոհերուն, Տիրոջմէ հայցելով, որ մեռեալներու հոգին ընդունի ու մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց հարազատներուն։

Սրբազան Պապը ողջունեց ապա հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը որոնց շարքին էին Յայտնութեան Տիրամօր սրբավայրի ուխտաւորները, որոնք այսօր Սուրբ Պետրոսէն, Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանը թափօրով պիտի տանին մինչեւ Հռոմի Մարեմեան սրբավայրը, աղօթելով խաղաղութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը, որ ապա յայտարարեց 21 նոր կարդինալներու ստեղծումը ներկայացնելով անոնց անունները, որմէ ետք խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2024, 12:30