Որոնել

2024.10.24 Collegio dei Penitenzieri Vaticani

Ըլլալ ոչ թէ հոգեբոյժներ, այլ՝ մխիթարող ունկնդիրներ․ Ֆրանչիսկոս Պապը վատիկանեան խոստովանահայրերուն

Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի խոստովանութիւններու ծառայութիւնը Կրտսեր Եղբայրներուն վստահելու 250ամեակի առթիւ՝ Սրբազան Քահանայապետը այսօր ունկնդրութիւն շնորհեց Խոստովանահայրերու դասի անդամներուն․ Կարեւոր է թոյլ տալ ապաշխարողներուն արտայայտել իրենց դժուարութիւնները առանց դատելու՝ առաջարկելով անոնց մխիթարութիւն եւ ներում։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

24 Հոկտեմբեր 2024ին Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Խոստովանահայրերու դասի անդամներուն՝ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի խոստովանութիւններու ծառայութիւնը Կրտսեր Եղբայրներուն վստահելու 250ամեակի առթիւ։

Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Պապն ուրախութիւն յայտնեց կարեւոր Յոբելեանի առթիւ այդ հանդիպումին համար եւ ընդգծեց Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կարեւորութիւնը, որպէս ուխտագնացութեան եւ աղօթքի վայր, որ կ’ընդունի «Աստուծոյ եւ յաւիտենական Գեղեցկութիւնը եւ Բարութիւնը փնտռող» տարբեր դաւանանքներու այցելուները:

Խոստովանահայրերու ներկայութիւնը այդ համատեքստին մէջ կարեւոր գնահատելով՝ Ֆրանչիսկոս յորդորեց անոնց ներել․ «Սիրելիներս, ներեցէ՛ք ամէն, ամէն ինչ․ Այդպէս ըրէ՛ք միշտ։ Մենք հոս ենք ներելու համար», պնդեց Ան, ապա՝ իր խորհրդածութիւնները կեդրոնացուց խոստովանահայրերու դերի շուրջ՝ խօսելով երեք հիմնարար բնոյթներու մասին՝ խոնարհութիւն, ունկնդրութիւն եւ ողորմութիւն:

Խոնարհութիւն

Խոնարհութեան անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց ներման եւ աստուածային շնորհի կարեւորութիւնը եւ բերաւ Պետրոս Առաքեալի օրինակը՝ «ներուած աշակերտ, որ իր արիւնը թափեց նահատակութեան մէջ սեփական մեղքերը անկեղծօրէն ապաշխարելու համար»։ Այնուհետեւ խրախուսեց խոստովանահայրերը ճանչնալ իրենց փխրունութիւնը եւ խոնարհ սրտով վերաբերուիլ ապաշխարողներուն:

Ունկնդրութիւն

Ունկնդրութիւնը Պապի նշած երկրորդ կարեւոր բնոյթն է, որ ըստ Անոր բառեր ունկնդրելու չէ, այլ՝ այդ բառերը որպէս նուէրներ ընդունիլ։ Խոստովանահայրերը հոգեբոյժներ չեն, այլ մխիթարող ունկնդիրներ: Կարեւոր է թոյլ տալ ապաշխարողներուն արտայայտել իրենց դժուարութիւնները առանց դատելու՝ առաջարկելով անոնց մխիթարութիւն եւ ներում, յանպատրաստից խօսքով աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը։

Ողորմութիւն

Ի վերջոյ երրորդ բնոյթը ողորմութիւնն է, առանց վերապահումներու ներում շնորհելը։ Որպէս «Աստուծոյ ներում բաշխողներ»՝ խոստովանահայրերը կոչուած են ըլլալու «արեւօտ, առատաձեռն անձեր, պատրաստ հասկնալու եւ մխիթարելու խօսքերով եւ վերաբերմունքով», ունակ հեղելու Աստուծոյ ողորմութիւնը հոգիներու վէրքերուն վրայ:

Ֆրանչիսկոս Պապն իր պատգամն աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով խոստովանահայրերուն մատուցած ծառայութեան համար եւ յորդորելով շարունակելու այդ ծառայութիւնը խոնարհութեամբ, ունկնդրութեամբ ու ողորմութեամբ՝ միշտ յիշելով աղօթքի կարեւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2024, 11:55