Որոնել

Ոչ թէ նստած այլ քալող Եկեղեցի` Եկեղեցի, որ իր ձեռքերը կը կեղտոտէ. Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագի ընթացքին

«Սիւնհոդոսը արդարեւ կը հրաւիրէ Եկեղեցին հետեւելու Բարտիմէոսին, որ աղաղակելէ ետք Յիսուսին արժանի դարձաւ վերագտնելու իր տեսողութիւնը։ Մենք ալ արդարեւ երբ մտիկ ընենք Տիրոջ կոչումին կարող ենք յաղթահարել անշարժութիւնը ու վերսկսիլ ճանապարհը, Անոր հետեւելով» եղաւ Նորին Սրբութեան քարոզին ընթացքին ներկայացուցած տեսութիւններէն մին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 27 Հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան ժամը 10ին Ֆրանչիսկոս Պապը նախագահեց Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական խորանին վրայ մատուցուած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սիւնհոդոսին եզրափակիչ սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին սիւնհոդոսական հայրերը եւ սիւնհոդոսի մասնակցող կրօնաւոր կրօնաւորուհիներն ու աշխարհական հաւատացեալ անդամները։

Սուրբ Զոհի ընթացքին սուրբ գրային ընթերցումներէն ետքը Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը մեկնաբանելով Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած Բարտիմէոս կոյրին բժշկութեան դրուագը։

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ
Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ

Բարտիմէոս կոյրին բժշկութեան դրուագը

«Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ կոյր մարդ մը, որ ստիպուած է մուրացկանութիւն ընել ճանապարհի եզրին, անյոյս վտարանդի մը, որ, սակայն, լսելով Յիսուսին անցումը կը սկսի Անոր աղաղակել» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, որ «անոր մնացած էր միայն այս մէկը, աղաղակել իր սեփական ցաւը և Յիսուսին տանիլ տեսողութիւնը վերականգնելու ցանկութիւնը»:

«Եւ մինչ բոլորը անոր կը սաստէին որ լռէր, անհանգստացած ըլլալով անոր ձայնէն, Յիսուս կանգ կ՛առնէ։ Որովհետև Աստուած միշտ կը լսէ աղքատներուն աղաղակը և ոչ մէկ ցաւի աղաղակ անլսելի չի մնար Անոր առջեւ» յարեց Նորին Սրբութիւնը, որ «Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի աւարտին» հրաւիրեց խորհրդածել աւետարանական պատգամին վրայ ու Բարտիմէոսի պատմութեան վրայ։

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը
Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը

Նստած ճամբուն եզերքը

Ան պատմութեան սկիզբը «նստած էր ճամբուն եզերքը մուրացկանութիւն ընելու» բայց Յիսուսին հետ հանդիպելէն ետքը Անոր կը հետեւի ճամբաներուն վրայ, նշեց ի միջի այլոց Քահանայապետը։

«Բարտիմէոս փակուած էր իր ցաւին մէջ, ուրիշ ձգտում չունէր եթէ ոչ բան մը ընդունիլ ուխտաւորներէն... բայց մենք գիտենք, որ իսկապէս ապրելու համար կարելի չէ նստած մնալ.... որովհետեւ ապրիլ կը նշանակէ մշտապէս շարժումի մէջ դնել մենք զմեզ, քալել, երազել, ծրագրել, բացուիլ ապագային» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը Բարտիմէոսի կուրութիւնը նմանեցնելով մեր ներքին կուրութեան, որ մեզ ու նաեւ Եկեղեցին կը պահէ անշարժ եւ անյոյս, անկարող ճանչնալու Տիրոջ ներկայութիւնը եւ անպատրաստ դիմագրաւելու իրականութեան մարտահրաւէրները։

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագ
Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագ

Յաղթահարել կուրութիւնը

«Բայց եւ այնպէս կարելի չէ այսօրուայ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն, աւետարանումի հրատապ կարիքներուն ու մարդկութիւնը յուզող բազմաթիւ վէրքերուն դիմաց մնալ նստած» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու պնդեց «չենք կարող նստած մնալ»։

«Նստած Եկեղեցի մը` կուրցած եկեղեցւոյ մը սպառնալիքը կ՛ապրի եւ եթէ մենք նստած մնանք մեր կուրութեան մէջ պիտի շարունակենք չտեսնել հովուական ծառայութեան ու աշխարհի հարցերը» նկատել տուաւ ապա Ան, հրաւիրելով Տիրոջմէ խնդրել, որ «մեզի պարգեւէ իր Սուրբ Հոգին, որպէսզի նստած չմնանք մեր կուրութեան մէջ, կուրութիւն` որ կարելի է անուանել աշխարհիկութիւն, հանգստութիւն, փակ սիրտ։ Նստած չմնանք մեր կուրութեան մէջ» կրկնեց Նորին Սրբութիւնը յիշեցնելով, որ Յիսուս միշտ կ՛անցնի, ամէն օր եւ հոգ կը տանի մեր կուրութեան։ Բայց մենք արդեօ՞ք կը լսենք անոր անցքը» հարց տուաւ Քահանայապետը գեղեցիկ նկատելով այն իրողութիւնը, թէ «Սիւնհոդոսը մեզ մղէ դառնալու Բարտիմէոսի նման Եկեղեցի մը, աշակերտներու հասարակութիւն, որ լսելով Տիրոջ անցքը, կը զգայ փրկութեան յուզմունքը ու թոյլ կու տայ, որ Աւետարանի զօրութիւնը զինք արթնցնէ եւ կը սկսի աղաղակել դէպի Տէրը»։

Տէրը կարող է անցնիլ ու կանգ առնել, որպէսզի մենք յաղթահարենք մեր կուրութիւնը, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Բարտիմէոսին։

«Մենք կարիքը չունինք նստած ու յանձնուած Եկեղեցւոյ, այլ Եկեղեցի մը որ կը լսէ աշխարհի աղաղակը և պիտի ուզէի նաեւ ըսել, թէեւ այս մէկը կարող է գայթակղեցուցիչ ըլլայ ոմանց համար, մենք պէտք ունինք Եկեղեցւոյ մը, որ իր ձեռքերը կը կեղտոտէ ծառայելու համար Տիրոջ» ըսաւ  Սրբազան Պապը:

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագ
Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագ

Վերսկսիլ ճանապարհը հետեւելով Քրիստոսին

«Սիւնհոդոսը արդարեւ կը հրաւիրէ Եկեղեցին հետեւելու Բարտիմէոսին, որ աղաղակելէ ետք Յիսուսին արժանի դարձաւ վերագտնելու իր տեսողութիւնը։ Մենք ալ արդարեւ երբ մտիկ ընենք Տիրոջ կոչումին կարող ենք յաղթահարել անշարժութիւնը ու վերսկսիլ ճանապարհը, Անոր հետեւելով» եղաւ Նորին Սրբութեան քարոզին ընթացքին ներկայացուցած տեսութիւններէն մին։

Ասկէ մեկնելով ան անդրադարձաւ Բարտիմէոսի երկրորդ արարքին` հետեւիլ Յիսուսին, այս մէկը եւս ներկայացնելով որպէս Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը պատկերը։

«Տէրը մեզ կը կոչէ, մեզ կը վերականգնէ, ու մեզի նոր տեսողութիւն կը պարգեւէ, որպէսզի Աւետարանի լոյսին տակ տեսնենք աշխարհին տառապանքներն ու անձկութիւնը, եւ վերականգնուած Տիրոջմէն մենք եւս կը փորձարկենք անոր հետեւելու ուրախութիւնը»։ Մենք պէտք չէ քալենք առանձին, այլ միասին Յիսուսին ետեւէն եւ Յիսուսին հետ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

 Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Ոչ թէ նստած այլ ոտքի կանգնած Եկեղեցի

Եկեղեցին արդարեւ պէտք է գործունեայ ըլլայ, համախմբելով մարդկութեան կարիքները եւ ձայները, մասնաւորապէս կարիքներն ու ձայներն անոնց` որոնք կը տառապին ու անտեսուած են։

«Ոչ թէ նստած այլ ոտքի կանգնած Եկեղեցի, ոչ թէ կոյր այլ Աւետարանի լոյսը ուրիշներուն տանող եւ Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուած Եկեղեցի։ Ոչ թէ անշարժ այլ միսիոներական Եկեղեցի մը` որ կը քալէ Տիրոջ հետ աշխարհի ճանապարհներուն վրայ», շեշտեց Քահանայապետը ակնարկելով վերջերս նորոգուած Սուրբ Պետրոսի «պատմական գահին» ու Պերնինիի սուրբ Պետրոս տաճարի խորանի ամպհովանիին, որոնք միութեան, ողորմութեան ու Եկեղեցին միացնող Սուրբ Հոգիի պարգեւին նշանն են, հրաւէր ուղղելով քաջութեամբ շարունակելու սիւնոհոդոսականութեան ուղին, ոտքի ելլելով ու Տիրոջ յանձնելով մեր կուրութիւնը, հրաժարելով յուսալքումէն ու առօրեայ կեանքին մէջ տանելով Աւետարանի ուրախութիւնը։ «Զայն տանինք աշխարհի ճանապարհներուն վրայ» եղաւ Նորին Սրբութեան քարոզի վերջին խրախուսանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս առաքեալի «գահին» առջեւ
Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս առաքեալի «գահին» առջեւ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2024, 10:34