Որոնել

2023.04.05 Mani Unite

Ֆրանչիսկոս Պապ. Լատիներէն լեզուն գիտելիք եւ միտք պարունակող լեզու է

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը «Քահանայապետական կաճառներուն 2023» մրցանակի շնորհման կապակցութեամբ»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց Կրթութեան եւ մշակոյթի համար քահանայապետական վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնքայի, «Քահանայապետական կաճառներուն 2023» մրցանակին շնորհամն կապակցութեամբ, որ տրուեցաւ «Լաթինիթաթիս Քահանայապետական կաճառին։

Քահանայապետական կաճառներուն մրցանակի առթիւ կը յիշատակուի Լատիներէն լեզուական եւ մշակութային ժառանգութեան նուիրուած երիտասարդ գիտնականներուն հետազօտութիւնը։ Յիշեալ Մրցանակները շնորհուեցան հիմնարար թեմաներով՝« De rerum natura, որ կ՝ուսումնասիրէ լատիներէնի եւ գիտութեան միջեւ կապը, եւ De re publica, որ կը վերլուծէ Լատիներէնին եւ քաղաքականութեան միջեւ յարաբերութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապին իր ուղերձին կը գնահատէ Փրոֆ Էնրիքօ Փերճաքոմոյի ու անոր ուսումնասէրներու խումբի աշխատանքը, որ կ՝արժեւորէ 16 դարուն կարեւոր գիտնական Ֆրանչէքօ Մաուրոլիքոյի գործը։ Ուղերձին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ լատիներէն լեզուն կը նկարագրէ, որպէս գիտելիք եւ միտք պարունակող լեզու, որ էական է հասկնալու արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը եւ տարբեր կարգապահութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը։

Նորին Սրբութիււը ապա կ՝ընդգծէ բնապահպանական խնդիրներուն վերաբերեալ մշակութային եւ բարոյական մտորումներուն կարեւորութիւնը, հրաւիրելով դիտարկելու բնութիւնը, որպէս Աստուծոյ պարգեւ եւ գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ երկխօսութիւն, կը կարեւորէ նաեւէ մարդասիրական արժէքներուն վրայ հիմնուած քաղաքական յանձնառութեան վեհութիւնը, ուղղուած ընդհանուր բարիքի խթանման եւ անհաւասարութիւններուն դէմ պայքարին։

Ուղերձի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ կ՝ընէ խորհելու թէ ինչպէս կարելի է այս յայտնագործութիւնները թարգմանել առօրեայ կեանքին մէջ, խորհելու մշակոյթի եւ գիտութեան հիմնական դերակատարութեան, գիտակից քաղաքացիներու ձեւաւորման գործին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, թէ գիտելիքի գեղեցկութիւնը՝աջակցուած լատիներէնէ, ժողովուրդներու միջեւ կամուրջ կառուցելու եւ մարդկային արժանապատւութիւն խթանելու ուղի է ։

Սրբազան Հայրը պատգամը կ՝աւարտէ առաքելական օրհնութիւնով եւ այն մաղթանքով որ մրցանակը յոյսի նշան ըլլայ ու ոգեշնչէ ուրիշները մշակոյթի եւ հետազօտութեան հանդէպ իրենց նուիրուածութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2024, 18:30